Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտահոգութի՞ւն Են Ազգի Համրանքի Պահպանումը, Աճը Եւ Ինքնութեան Որակը

Յունուար 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Խորագրի հարցումը սովորական ճառերուն չ՛առնչուիր, ո՛չ խորհրդաժողովներուն, ոչ Հանրապետութեան մեծ կամ պզտիկ ներկայացուցիչներու անդադրում երթեւեկին, ո՛չ արտասահմանի ազգասիրական աղմկարարութեան, որ յաճախ կը նուաղի տուրիստական պղպջակային երջանկութեան մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի մէջ, նաեւ` սփիւռք(ներ), ամէն օր, որ կ՛անցնի, հայ ազգի պատկանողներու համրանքը ենթակայ է նախայարձակման` վայրագ կամ երեւութապէս պէս մեղմ: Նախայարձակումը ըլլայ արտաքին թէ ներքին ուժերու կողմէ: Ֆրանսացի մտաւորականը խօսած էր մեղմ գաղութացման մասին, ինչո՞ւ բարձրաձայն չըսել` մեր ամէնօրեայ գործօն մասնակցութեամբ:

Ինչ որ ալ ըլլան ձեւերը, համրանքի կորուստ կայ: Հաւաքականութիւն մը կը բնորոշուի նախ համրանքով: Ազգ եւ պետութիւն նախ համրանք են: Երբեմն կը յիշեմ Աթլանթայի համալսարանի դասախօսներէն մէկուն յայտարարութիւնը` կատարուած իր դասին սկիզբը, որ` այդ օր մեռած էր Էսքիմօ մը, որ վերջինն էր իր ցեղախումբի լեզուն խօսող, եւ իրեն հետ կը մեռնէր այդ լեզուն: Լեզուի անհետացման հետ պիտի անհետանար նաեւ այդ ցեղախումբը:

Համրանք կը կորսուի արտագաղթով: Ինչ որ ալ ըլլան պատճառ-պատրուակները, ազգի եւ հայրենիքի տեսանկիւնէ, արտագաղթը չարիք է, նաւը լքելու մեղանչում: Հող-հայրենիքը նախ կ՛ապրի ժողովուրդ-համրանքով, ազգային իրաւ եւ անսեթեւեթ քաղաքականութիւնը առաջին հերթին կը հիմնուի անոր վրայ, որ ո՛չ վերլուծում է, ո՛չ տեսութիւն: Այդ ժողովուրդ-համրանքն է հողին տէրը, ան է, որ տիրութիւն կրնայ ընել` իր ստեղծած տնտեսութեամբ ապրեցնելով երկիրը եւ ապահովելով անոր ինքնիշխանութիւնը: Այս` երբ կը խօսինք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ազատագրուած Արցախի մասին:

Արտագաղթը հայրենալքում է, ըստ այնմ պէտք է վերաբերիլ երեւոյթին: Առանց որձեւէգ ճապկումներու: Արտագաղթը կամաւոր նախայարձակում է ազգին դէմ:

Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք(ներ)` ազգի գոյութեան նախապայման համրանքը կը կորսուի մշակութային որակի աստիճանական քայքայումով, օտարումով, զոր կարելի չէ վարագուրել ցոյցի մը մասնակիցներու թիւով կամ գրողին հաճոյք պատճառող հաղորդագրութիւններով:

Մշակութային որակի հարցը ի միջի այլոց խնդիր չէ, ան ինքնութեան կերտում է, առանց որուն` ազգը կ՛այլասերի, քաղաքական կոչուած շահախնդրութիւնները եւ իրարանցումները, որոնք կը դրսեւորուին աթոռապաշտական մրցակցութիւններով կամ լաւ ապրելու անզսպելի ցանկութեամբ, ազգը եւ հայրենիքի գոյատեւումը չեն երաշխաւորեր: Ո՛ւր որ ալ գտնուինք:

Մեր տեղատուութիւնները սկսած էին եւ թափով կը շարունակուին մեր անուններով: Արաբը, չինացին, հնդիկը իրենց զաւակները չեն կոչեր Սվեթլանա, Քարոլին, Քեւըն, Կրէյս, Ճեսիքա, Ռոբերտ, Սերժ, Սթեֆանի, Ռոզա, Սեսիլ, Էլոտի, Իրմա եւ Վիլմա… շարքը երկար է: Իմացա՞ծ էք բնաւ, որ ռուսը, ֆրանսացին, ամերիկացին, արաբը իրենց աղջիկը կոչեն` Գայեանէ, Երանուհի, Վարդուհի, Մարալ, Շաղիկ եւ Ցօղիկ, մանչերը կոչեն` Վաչէ, Վարդան, Սուրէն, Վահագն, Հրայր, Հրաչ, Պարոյր, Շահան…

Ինքնութիւնը անուն է, եւ արդիականութիւն կոչելով թեթեւսոլիկութիւնը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), նոր սերունդները կը դարձնենք օտարանուն` զանոնք նախապատրաստելով շրջապատին մէջ անտես դառնալու: Խայտառակ կապկում: Միտումը պարզ է. շրջապատին պատշաճիլ ամէնէն դիւրին տեղատուութեամբ: Այդ պատշաճեցումը չ՛արդարանար դատարկաբանութիւններով, ինչպէս` զգացումով հայ ըլլալ, կամ հարիւր տոկոսով հայ եւ միաժամանակ հարիւր տոկոսով ամերիկացի, ֆրանսացի, չինացի, անգլիացի, կամ… թուրք ըլլալ:  Երեւոյթը այնքան տարածուած է, որ դարձած է բնական, ոչ ոք կը գայթակղի: Ամպագորգոռ ճառերուն մէջ չենք հանդիպիր անոր դատափետման:

Պատահա՞ծ է բնաւ, որ հայ քահանան, մկրտութեան աւազանին առջեւ, ազգային յանդգնութիւն ցուցաբերելով` յիշեցնէ, որ հայուն Քրիստոսը կը վշտանայ Մարիօ, Ռիչըրտ, Լիտա եւ Ռիթա լսելով:

Ի հարկէ, օտարանուն ծագումով հայուն պէտք է տալ օտար կրթութիւն, որպէսզի ան ռուսէն, ֆրանսացիէն, ամերիկացիէն, արաբէն աւելի լաւ խօսի անոնց լեզուները: Կը թուի, թէ այս մեր ազգային պայքարը կորսնցուցած ենք, եւ մեր համրանքին մէջ ցեց ինկած է, որ պիտի կրծէ, կը կրծէ մեր ինքնութիւնը, նոյնիսկ եթէ հետզհետէ աւելի անորոշ դարձող դիմագիծով համայնքներ տեւեն: Դեռ որքա՞ն ժամանակ: Մինչեւ ե՞րբ եւ ի՞նչ ընելու համար: Ժամանակ մըն ալ կրնանք խօսիլ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ ճանչցնելու մասին (բաւարարութեան մը որոնում, որ յաճախ ո՛չ քաղաքական է, ո՛չ ալ ազգային իրաւունքի հետապնդում, սովորութիւն դարձած պղպջակ): Պէտք չէ մոռնալ բազմերանգ հաշտութեան-հաշտեցման յանձնախումբերը, որոնց կ՛առաջնորդուին անցածը մոռցուկ էի անձնատուական (չ)իմաստութեամբ կամ թողութիւն-ներողութիւն թիթեղային աղմուկով` թառած վկայականներու շնորհած (չ)իրաւունքի վրայ:

Հարիւրամեակի առիթով կրնա՞նք համազգային ճիգով եւ գիտակցութեամբ հայացնել մեր անունները եւ ազգանունները, ընելով այնպէս, որ ամչնանք մեզ գերած անուններէն եւ յաճախ խայտառակ օտար եւ օտարահունչ ազգանուններէն: Այս նախաձեռնութիւնը միլիառներ եւ մահասփիւռ զէնքերու գործածութիւն չի պահանջեր, բայց ինքնութիւն կը կերտէ:

Օտար անուններով պճնուիլ, երգով կամ առանց երգի, տեղատուութեան ամէնէն ցած սանդխամատն է:

Հարիւրամեակի զանազան նախաձեռնութիւններու շարքին ինչո՞ւ չարձանագրել նաեւ այս մէկը:

Իր պարզագոյն ձեւով շեշտելու համար մեր տարբերութեան իրաւունքը, որ նախապայմանն է տոկալու եւ տեւելու: Պարզ եւ ազնուական:

Ո՞վ կ՛արգիլէ: Ո՞վ կրնայ ըսել, որ անկարելի է:

Մեր շալկած ցոյցի պաստառին վրայ պիտի կարենա՞նք գրել, որ երէկ կը կոչուէինք Ճեսիքա եւ այսօր կը կոչուինք Անգինէ…

Յաջողութեան համար սկսած պայքարը նախ կը պահանջէ հոգեփոխութիւն` թօթափելով այլասերման կեղտը:

Այս հարցը ո՛չ երկրորդական է, ո՛չ ալ մանրուք:

 

8 յունուար 2015
Նուազի-լը-Կրան

Նախորդը

Յուշատետր. Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (388). Երկու Ցուցամատները

Յաջորդը

Je Suis Arménien

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?