Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յուշատետր. Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (388). Երկու Ցուցամատները

Յունուար 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռ. Հ.

Բոլորս ալ որքան շատ բան կը պարտինք մեր ձեռքերուն, որոնք բացի գեղեցիկ ըլլալէ` շատ ալ ճարտար, շատ ալ ճարպիկ են: Ո՛ր ասպարէզի ալ պատկանինք, ի՛նչ գործ ալ ընենք, ամէն օր առտուընէ մինչեւ իրիկուն որքա՛ն կ՛օգտուինք մեր ձեռքերուն արտակարգ կարողութիւններէն: Աստուած ամէն տեսակ արկածէ պահէ մեր ձեռքերը:

Հիմա պիտի բանամ անձնական կեանքէս էջ մը: Այդ անձնական կեանքիս հերոսներն են իմ երկու ձեռքերուս ցուցամատները: Այս երկու ցուցամատներուս ես որքա՛ն շատ բան կը պարտիմ, չեմ կրնար պատկերացնել իսկ: Ատիկա չափ ու սահման չունի: Այսպէս կ՛ըսեմ, որովհետեւ ես վաթսուն տարիէ ի վեր իմ այս երկու ցուցամատներուս շնորհիւ է, որ կը գրեմ այն, ինչ որ կը գրեմ առտու-իրիկուն:

Գրամեքենայի վրայ գրողները, որոնք հիմա այլեւս գրամեքենան անդին շպրտած են ու սկսած են գրել համակարգիչի վրայ, եթէ լաւ պատրաստուած են, եթէ դպրոցէ կու գան, տասը մատներով կը գրեն: Տասը մատներով շատ արագ կը գրեն անոնք: Բայց ես այս գործին դպրոցէն չեմ եկած: 1950 թուականին, երբ առաջին անգամ սկսայ գրել գրամեքենայի վրայ, երկու ցուցամատներով գրել վարժուեցայ: Կը բաւէր, որ տառերուն տեղը սորվէի, անկէ վերջ երկու մատներով կը գրէի ամենայն դիւրութեամբ: Տասնամեակներ այդպէս աշխատեցայ, յետոյ ծանօթացայ նորին վսեմութիւն համակարգիչին հետ: Գրամեքենայէն մեծ տարբերութիւն չունէր: Շատ դիւրութեամբ գրամեքենայէն անցայ դէպի համակարգիչ: Հիմա այլեւս չեմ գիտեր, թէ քանի՛ տարիէ ի վեր կը գրեմ համակարգիչի վրայ եւ որքա՛ն բան գրած եմ: Ատոր հաշիւը չկայ: Միայն մէկ բան գիտեմ: Ինչ որ գրեցի մինչեւ այսօր, գրեցի իմ երկու ցուցամատներով: Գրեցի ամենայն դիւրութեամբ: Գրեցի տասը մատներով գրող արհեստավերժ քարտուղարներու կամ գրաշարներու չափ արագ:

Հիմա երբեմն կը նայիմ այդ երկու մատներուս ու օրհնութիւններ կը տեղացնեմ անոնց վրայ: Կը նայիմ անոնց ու կ՛ուզեմ հաշուել, թէ սա վաթսուն տարիներու ընթացքին քանի՞ հայերէն գիր տպագրութեան փոխանցեցին անոնք գրամեքենայի ստեղնաշարին վրայէն, մանաւանդ` քանի՞ «Այբ» գրեցին այսքան տարիներու ընթացքին: Քանի՞ «Այբ»: Կամ վերջապէս` քանի՞ «Բեն» եւ միւսները:

Այս հարցումիս պատասխանը թիւերով չի տրուիր, որովհետեւ այդ թիւը անհաշուելի ու աներեւակայելի է: Մենք` խեղճ մահկանացուներս, որ ի հեճուկս մեր յարաբերական խեղճութեան, զգայացունց յաղթանակներ կը տանինք մայր բնութեան կողմէ մեզի յատկացուած աշխարհագրութեան ու ժամանակաշրջանին մէջ, կը սկսինք համրել մէկ, երկու, երեք ըսելով ու կը շարունակենք երթալ մինչեւ շատ հեռու, մինչեւ շատ մեծ թիւեր, բայց` մինչեւ որոշ թիւ մը, ուր կը ստիպուինք կանգ առնել, որովհետեւ ինչ որ կայ անկէ անդին, մեր խելապատակին համար աներեւակայելի ու անհաշուելի է:

Այս անհաշուելին, որ սարսափազդու պատկեր մը կը ստեղծէ մեր միտքերէն ներս, ինծի համար շատ կանուխէն իր խորհրդանշանը գտաւ «ծառ»-ին մէջ: Այո՛, ծառ: Այն ծառը, որմէ մէկ երկու հատ կայ մեր պարտէզին մէջ, եթէ պարտէզ ունինք: Օր մը ես ինծի հարցուցի, թէ ամբողջ երկրագունդին վրայ քանի՞ հատ ծառ կայ արդեօք սա պահուն: Գիտէի, որ այս ծառերուն թիւը ամէն վայրկեան կը փոխուի, բայց սա պահուն հաւանաբար թիւ մը կը ստացուի, եթէ իշխանական կամ աստուածային ուժ մը կարենար շուտիկ մը համրել ամբողջ երկրագունդին վրայ գտնուող եւ իրենց ճիւղերը դէպի մեզի ու դէպի երկինք երկարող ծառերը: Արդեօք այս աշխարհի մէջ կա՞յ ոեւէ մէկը, որ կարենայ պատկերացնել, թէ ինչպիսի՛ թիւ մը կը ստացուէր այդ համրանքէն: Բայց հարցն այն է, որ կարելի չէ համրել: Կարելի չէ աչքի ու մտքի առջեւ պատկերացնել այդ թիւը: Եւ ասիկա է, որ մեզի կը յիշեցնէ, թէ մենք որքա՜ն փոքրիկ մէկ մասնիկն ենք մայր բնութեան:

Այսպէս է, որ երբեմն կը նայիմ իմ երկու ցուցամատներուս ու կը մտածեմ, որ ես ամէն վայրկեան պէտք է համբուրեմ զանոնք: Ես անոնց շնորհիւ է, որ թուղթին ու հոնկէ ալ ուրիշին փոխանցեցի, ինչ որ կար մտածումներուս ու զգայնութիւններուս մէջ: Անոնց վաստակը ծովածաւալ է: Պիտի ըսեմ` «ծառածաւալ» է, այսինքն այնքան շատ ու այնքան անհաշուելի է, որքան շատ են աշխարհի ծառերը: Այո՛, ես չեմ կրնար արհամարհել նաեւ միւս մատներս, կամ ձեռքերս իրենց ամբողջութեան մէջ: Բայց ինծի համար յաճախ կիզող կամ երջանկացնող հարցում կը դառնայ այն, թէ ես կեանքիս մէջ մինչեւ այսօր քանի՞ անգամ արդեօք իմ երկու ցուցամատներով կոխեցի հայոց այբուբենի տառերուն վրայ, քանի՞ անգամ իմ երկու ցուցամատներով համբոյրներ տուի այդ գիրերուն ու անոնցմով բառ շինեցի, նախադասութիւն շինեցի, յօդուած շինեցի, գիրք շինեցի:

Հարցումը պատասխան չունի: Եւ ի՛նչ լաւ է, որ պատասխան չունի: Որովհետեւ պատասխանի չգոյութիւնն է, որ պատիւ կը բերէ ինծի եւ իմ նմաններուս: Կրնայի՞նք առաջին օրէն սկսեալ ամէն իրիկուն պահ մը նստիլ սեղանին առջեւ եւ հաշուել, թէ այդ օր քանի հատ հայոց գիր գործածեցինք, կրնայի՞նք արձանագրել տետրակի մը մէջ ու այսպէս շարունակել տարիներ ու տարիներ:

Հիմա, սա պահուն, երբ դարձեալ ես իմ երկու ցուցամատներով կը գրեմ իմ այդ երկու ցուցամատներուս մասին այս գրութիւնը, կը զգամ, որ երկու ցուցամատներս այս անգամ աւելի ուրախ կը շարժին գիրերու ստեղնաշարին վրայ: Եթէ մենք մարդկօրէն կը հաւատանք, որ աշխարհի վրայ պարապ տեղ չէր, որ այսքան աշխատեցանք, ես կրնամ ենթադրել, որ մեր հրաշագործ ձեռքերն ալ գիտեն, թէ որքա՛ն գործ տեսան կեանքի մը ընթացքին, եւ թէ` որքա՛ն երախտապարտ ենք իրենց:

rh@normarmara.com

Նախորդը

Ջաւախքի Ռազմավարական Նշանակութիւնը Այսօր

Յաջորդը

Մտահոգութի՞ւն Են Ազգի Համրանքի Պահպանումը, Աճը Եւ Ինքնութեան Որակը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?