Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անմեղ Սերիոժան Ինչպէ՞ս Ապրէր…

January 20, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Nora_serjՍերիոժա Աւետիսեանը չդիմացաւ իր ընտանիքին դառն ճակատագիրին ահաւորութեան եւ նախընտրեց միանալ իր ծնողքին ու երկու տարեկան քրոջ…

Սերիոժա Աւետիսեանը եւս առյաւէտ փակեց իր աչքերը` չտեսնելու համար աշխարհին անարդարութիւնը եւ չապրելու իրեն ժառանգուած ողբերգութիւնը:

Մահուան դէմ ակամայ, սակայն դաժան պայքար մղած վեցամսեայ երեխան 19 յունուարի յետմիջօրէին արդէն հրեշտակի մը վերածուեցաւ եւ իր անմեղութեան սանդուխներէն բարձրացաւ վեր, ուր չկայ ցաւ, չկայ ողբ, չկայ որբութիւն եւ չկայ մարդկային բարբարոսութիւն:

Աւետիսեաններու սպանդին առնչուած լուրերուն, յօդուածներուն, վերլուծումներուն եւ նոյնիսկ յուղարկաւորութեան ու թաղման լրատուութեան հետեւած պահուս այնքան ծանր ու խոր չէր եղած զգացած վիշտս ու ցասումս, որքան` կարդալով վեցամսեայ մանուկին մահուան գոյժը…

Գոյժ, զոր չկարդալու եւ չլսելու ակնկալութիւն եւ յոյս ունէին ոչ միայն Աւետիսեաններուն հարազատները, գիւմրեցիները, հայաստանցիները, այլ նաեւ համայն սփիւռքահայերը եւ այս ահաւոր դէպքին մասին տեղեակ ոեւէ անհատ…

Գոյժ, որով վերջնականապէս փակուեցաւ պայծառ ապագայի մը յոյսով օրօրուող ժպտադէմ Աւետիսեաններուն ընտանիքին պատմութեան վերջին ու բիւրեղ էջն ալ…

Գոյժ, որ աւելի ու աւելի կը խորացնէ ցաւը, կը գրգռէ բարկութեան կիրքերը, կը բարձրացնէ ոճրագործին արժանի պատիժը տալու կոչերը, յաւելեալ պատասխանատուութիւն կը դնէ Հայաստանի իշխանութիւններուն ուսերուն` տէր կանգնելու եւ մինչեւ ամբողջ ընտանիքի մը ծորած արեան հատուցման արժանի աւարտ հասցնելու Աւետիսեաններուն դատը…

12 յունուարին Սերիոժան, սովորական մանուկի մը նման, կը ննջէր իր մահճակալին մէջ` կողքին ունենալով ընտանիքին անդամները, լուսաշող ապագայ թեւածող երազներով օրօրուելով: Ինչպէ՞ս գիտնար տակաւին նոր լոյս աշխարհ (լո՞յս…արդեօք) եկած մանուկը, որ  քանի մը դաժան վայրկեաններ բաւարար պիտի ըլլային հիմնայատակ փոխելու իր եւ ընտանիքին ճակատագիրը, ոճրագործի մը անասնականութիւնը բաւարար պիտի ըլլար զինք իր մահճակալէն հիւանդանոցի անկողին, ապա` դագաղ նետելու, ընտանիքի բոլոր անդամները միանգամայն ցուրտ հողով ծածկելու, զինք ամբողջովին միայնակ ձգելու եւ իր երազներուն թելը վայրագօրէն կտրելու…

Աւելի՛ն. գիշերուան մը մէջ մանուկ Սերիոժան վերածուեցաւ համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտին, վեցամսեայ անմեղին ուսերուն դրուեցաւ աշխարհի մեղքերուն ահաւորագոյնը կրելու եւ իր ընտանիքին սպանդին տաժանելիութիւնը թօթափելով վերապրելու մարտահրաւէրը, ճակատագրուեցաւ ո՛չ միայն որբանալու, այլեւ ահաւոր ոճիրի մը ենթարկուած ընտանիքի մը շառաւիղը ըլլալու…

Գիշերուան մը մէջ անոր շունչի ելեւէջներուն, սրտի տրոփիւններուն եւ մարմնի իւրաքանչիւր օրկանի աշխատունակութեան կապուեցաւ համայն հայութեան յոյսը, բոլորը սրտագին ու մեծ հաւատքով աղօթեցին, որ չմահանայ մանուկը, գէթ ինք մնայ կենդանի ու կանգուն, մնայ ու շարունակէ Աւետիսեաններուն ընտանեկան ծառի փթթումը:

Բայց…

Ոճիրի մը  «ականատեսը» եղած, իր հարազատներէն առյաւէտ զրկուած ըլլալու ողբով լեցուած, անյայտ ապագայի մը սեմին կանգնած եւ աշխարհի անարդար հարուածին տակ տնքացող մանուկ  Սերիոժան ինչպէ՞ս կրկին բանար իր անմեղ աչքերը, որոնց արցունքը սրբող մայրը իրեն հետ չէր ալ, ինչպէ՞ս կրկին ուժ տար սրտին, որուն մօտիկները արդէն շա՜տ հեռու են իրմէ, ինչպէ՞ս վերադառնար գիտակցութեան, երբ մարդկային տրամաբանութիւնն իսկ անկարող է տեղի ունեցածը ընկալելու…

Տակաւին լոկ վեց ամիսէ այս աշխարհին ծանօթացած մանուկը ինչպէ՞ս կարենար դիմանալ…

Գնաց Սերիոժան, որովհետեւ գիտակցեցաւ, որ այսքան զարհուրելի իրականութեամբ ինք չէր կրնար ապրիլ, որովհետեւ վեց ամիսներն իսկ բաւարար էին զինք ծանօթացնելու հարազատներու կորուստի վիշտին, ֆիզիքական տառապանքին եւ մարդու անմարդկայնութեան:

Գնաց Սերիոժան, սակայն մնաց իր ու իր ընտանիքի անդամներուն կողմէ աշխարհին, յատկապէս Հայաստանին նետուած ձեռնոցը` արդարութիւն տնօրինելու եւ նման դառն ճակատագիրի մը կրկնութեան առաջքը առնելու:

Ննջէ հանգիստ, անմեղ Սերիոժա…

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն. Քննութիւնը Եւ Դատավարութիւնը Պէտք Է Կատարուին Ըստ Հայաստանի Օրէնսդրութեան Եւ Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Փարիզի Ահաբեկչական Յարձակումներէն Ետք`. Հոլլանտի Վարկանիշը Աճած Է 21 Առ Հարիւրով

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.