ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Սուրիահայութեան ճակատագիրը ազգային օրակարգի անցած է դեռեւս 2011 թուականէն, երբ պայթեցաւ սուրիական քաղաքացիական պատերազմը: Անոր մասին շատ գրուած է, սուրիահայութեան օժանդակութեան բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ կան, սակայն անցնող տարուան յունիսէն սկսեալ Իրաքի եւ Սուրիոյ հողամասերուն վրայ հաստատուած այսպէս կոչուած Իսլամական պետութիւնն (ՏԱՀԵՇ) ու ինքնահռչակ խալիֆայութիւնը իրավիճակը կտրականապէս սրեցին:
Արաբերէն իր սկզբնատառերով ժողովրդականացած ՏԱՀԵՇ-ին ապագան տակաւին յստակ չէ: Թէ տարածաշրջանային ուժերը` Ծոցի երկիրներէն մինչեւ Թուրքիա անոր կազմաւորման դիւրացման մէջ աշխուժ դերակատարներ եղած են եւ զինումի եւ ռազմավարական յենակէտերու տրամադրութեան միջոցով ճամբայ հարթած, որ այն շատ արագ կերպով տիրապետէ Մոսուլէն մինչեւ Ռաքքա, այսօր կասկածի առիթ չի տար: Միջինարեւելեան ճգնաժամին հետեւող մասնագէտներուն համար յստակ է, որ այս ուժերը շատ աւելի գործօն են, քան` Միացեալ Նահանգները կամ Ռուսիան, եւ անոնց հիմնական մտահոգութիւնը Իրանի ազդեցութեան տարածման արգելք հանդիսանալն է:
Անոնց դերակատարութիւնը, առաւել, անելի առջեւ դրած է Օպամայի վարչակարգը, որ փաստօրէն կը տատամսի ՏԱՀԵՇ-ին դէմ զինուորական արշաւանքի դիմելու բանական անհրաժեշտ որոշումները տալէ` Իրանի եւ Պաշշար Ասատի վարչակարգին հետ ռազմավարական թէկուզ եւ լուռ համաձայնութեամբ: Ենթադրելով, որ Ուաշինկթըն նման բեմագրութիւն երբեւիցէ նկատի ունեցած է որպէս այլընտրանք, անոր բացայայտումը կ՛ենթադրէ տարածաշրջանային իր դաշնակիցներուն տալէ` Թուրքիոյ, Ծոցի երկիրներու եւ Իսրայէլի հետ լուրջ խնդիրներ, որոնց քաղաքական գինը, ե՛ւ միջինարեւելեան բեմահարթակին վրայ ամերիկեան ներկայութեան, ե՛ւ Միացեալ Նահանգներու ներքին քաղաքական ոլորտին մէջ, կրնայ շատ սուղ ըլլալ: Ճիշդ է, Ուաշինկթըն-Թեհրան հիւլէական համաձայնութիւնը ուղի հարթած է յարաբերութիւններու բարելաւման, բայց նաեւ առիթ տուած է իր դաշնակիցներուն բացայայտ եւ ոչ բացայայտ դժգոհութիւններուն: Իսրայէլ կը վախնայ Միացեալ Նահանգներ-Իրան համաձայնութեան պատճառով կորսնցնելէ իր ռազմավարական մենաշնորհային դիրքը` որպէս Ուաշինկթընի ամէնէն վստահելի գործընկերը: Թուրքիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն համար նման համաձայնութիւն անխուսափելիօրէն սիւննի-շիա հակամարտութեան մէջ դիրքորոշման ճշդումի մեկնաբանութեան պիտի արժանանայ: Արդիւնքով` Ուաշինկթընի դիրքորոշումը կը բացատրուի ներիսլամական պայքարի ենթախորքին վրայ ուժերու հաւասարակշռութեան խաղի շարունակումով: Այսինքն` միջամտել այնքան, որ արիւնալի այս պայքարը արգելք հանդիսանայ տարածաշրջանին մէջ իշխող ուժի մը յառաջացման եւ սահմանափակուի պատերազմական գործողութիւններու յստակ տարածքով մը` առանց տարածաշրջանը պայթումի առաջնորդելու: Ի վերջոյ նման քաղաքականութեան նախընթաց մը կայ` 1980-ական թուականներու Իրան-Իրաք պատերազմը, որուն ընթացքին ե՛ւ քարիւղի գինը անկում արձանագրեց, ե՛ւ զէնքի շուկայի պահանջը բարձրացաւ: Այս իմաստով նոյնիսկ հասարակաց յայտարարներ կան ներկայ կացութեան հետ…
Ուժերու հաւասարակշռութեան քաղաքականութեան երկարատեւ պատերազմներու տարբերակը վտանգաւոր է այն իմաստով, որ անոր վերահսկողութիւնը աւելի մեծ ռիսք կ՛ենթադրէ: Այս պարագային, որքան ալ որ ՏԱՀԵՇ-ը տարածաշրջանային ուժերու օժանդակութիւնը ստացած ըլլայ, որքան ալ որ դիտուի որպէս ուժային հաւասարակշռութեան գործօն, գոյութիւն ունի որպէս իւրայատուկ երեւոյթ: Փաստօրէն, ըստ երեւոյթին, այն այնքան ժողովրդական է ժիհատականներու նոր սերունդի մը համար, եւ այնքան լաւ կը տիրապետէ իր իշխանութեան տակ գտնուող տարածաշրջանէն ներս առկայ պաշարներուն, որ ոչ մէկ պետութենէ կախեալ է: Աւելի՛ն. ինքզինք Ապու Պաքըր Պաղտատի կոչած ՏԱՀԵՇ-ի ղեկավարին խալիֆայութեան հռչակման քայլը մարտահրաւէր մըն էր ե՛ւ Ծոցի թագաւորական վարչակարգերուն, որոնց օրինականութիւնը հարցականի տակ կը դնէ, ե՛ւ Թուրքիոյ նոր-օսմանական ձգտումներուն. խալիֆան հաւատարմութեան կոչ ուղղեց բոլոր իսլամներուն եւ արձագանգ գտաւ ամէնուրեք…
ՏԱՀԵՇ երեւոյթը կասկած չի ձգեր, որ այն, ինչ որ քաղաքականապէս ճիշդ ըլլալու կամ թուելու համար չէր յայտարարուեր… եւ տակաւին չի յայտարարուիր պաշտօնապէս. մեծապետական խաղ չէ տեղի ունեցածը, միջպետական բախում չէ, ոչ ալ` քաղաքացիական տագնապ, այլ` կրօնական պատերազմ, այնպէս` ինչպէս տեղի կ՛ունենար միջնադարուն` պատմական այն ժամանակաշրջանին, երբ արդիական եւ մանաւանդ յառաջդիմական մտածողութիւնը բնորոշեց, «խաւարային» այն համոզումով, որ մարդկային բանականութիւնը պիտի գերազանցէր խաչակրութիւններու, ժիհատներու թէ հաւատաքննութիւններու անմարդկայնութիւնը: Կրօնը պէտք էր մնար խղճի հարց, պէտք չէր միջամտեր հանրային թէ քաղաքական կեանքի մէջ որոշումներու կայացման, որ պիտի որոշուէր հասարակական պայմանագրով ճշդուած հեղինակութեան մը կողմէ: Այս տրամաբանութեան վրայ է, որ 1648-ի Վէսթֆայլեան դաշնագրով Եւրոպայի մէջ ծնունդ առաւ հողատարածային գերիշխանութեան եւ ներքին հարցերուն չմիջամտելու համակարգը, որուն զարգացումը յանգեցաւ ազգ-պետութիւններու կայացման: Պատմական այս հոլովոյթը, բնականաբար` բարդ ու վիճելի, հաստատագրուեցաւ որպէս աշխարհայնացում … սեքիւլարիզմ: Մինչեւ փաստօրէն քսաներորդ դարու աւարտը, թերեւս 1979, աշխարհայնացման համակարգը տարածուեցաւ ամէնուրեք եւ դարձաւ տիրապետող: Անշուշտ, կրօնէն հեռանալով` քաղաքական համակարգերը աւելի չմարդկայնացան. քսաներորդ դարը մանաւանդ ծնունդ տուաւ աշխարհական վարդապետութիւններու, որոնք իրենց անմարդկայնութեամբ նոյնիսկ գերազանցեցին կրօնական խաւարամտութիւնը: Խօսքը կը վերաբերի ֆաշականութեան, նացիականութեան եւ ստալինականութեան, քաղաքական համակարգեր, որոնք բանականացուցին ցեղասպանութեան ոճիրը: Ընդհանրապէս, սակայն, հաստատագրուեցաւ այն համոզումը, որ Աստուածաշունչի իմաստութիւնը` «Աստծոյ տալ այն, ինչ Աստծոյ է եւ կայսրին` այն, ինչ կայսրին է», արդէն քարոզած էր: Ազգ-պետութիւնները երաշխիք չէին պատերազմներու վերացման, սակայն կը բանականացնէին նոյնիսկ պատերազմները: Առնուազն` տեսականօրէն…
ՏԱՀԵՇ-ը եւ խալիֆայութեան վերստեղծման իր ձգտումը կու գան բացայայտ դարձնելու այն, ինչ որ ծանօթ էր թերեւս 1979-էն ի վեր. միջին արեւելեան եւ ընդհանրապէս իսլամական աշխարհին մէջ աշխարհայնացման համակարգը չէր կայացած, նոյնիսկ ամենաժողովրդավար, ամենաաշխարհիկ եւ յառաջդիմական պետական վարչակարգերը չէին յաջողած կրօնը դրական իմաստով հեռացնել հանրային եւ քաղաքական միջոցէն: Իսրայէլ, Թուրքիա եւ Իրան, ինչպէս նաեւ արաբական բոլոր համակարգերը` նասրական Եգիպտոսէն մինչեւ պաասական Սուրիա եւ Իրաք, կրօնին տեղ տուած էին կամ փորձած էին այն շահագործել` քաջ գիտնալով, թէ որքա՛ն անիկա տակաւին տիրական էր ժողովրդային խաւերուն մէջ: Իսրայէլի օրինակը կը բերուի, հակառակ որ անիկա ո՛չ իսլամական, ո՛չ ալ արաբական պետութիւն է, հակառակ անոր որ տասնամեակներ շարունակ հանրածանօթ էր որպէս Միջին Արեւելքի միակ ժողովրդավարութիւնը, ուր քաղաքացիական իրաւունքները կը պաշտպանուէին պետութեան կողմէ (թէկուզ եւ կար արաբ քաղաքացիներուն հանդէպ կիրարկուած ուղղակի թէ անուղղակի խտրականութիւն…), սակայն յաճախ մոռացութեան կը տրուի, որ Պեն Կուրիոնն ու սիոնական շարժումին մէջ այն ատեն տիրապետող ձախակողմեան ու յառաջդիմական թեւը, որ պետութիւն ստեղծեց, թերեւս ստիպողաբար զիջումներ ըրին կրօնական հատուածին, որպէսզի անոնք չընդդիմանան պետութեան ստեղծման գործընթացին: Այսօր արդէն յստակ է, որ Իսրայէլ բացառապէս հրէական պետութիւն ըլլալու եւ ծաւալելու վտանգաւոր ուղիին վրայ է արդէն տասնամեակէ մը ի վեր աջի եւ ծայրայեղ աջի իրերայաջորդ ընտրական յաղթանակներու արդիւնքով: Սակայն հիմնականին մէջ իսլամական եւ արաբական աշխարհին մէջ է, որ աշխարհայնացման համակարգը ձախողեցաւ, եւ ասոր հիմնական պատճառը ոչ թէ իսլամական կրօնին էութիւնն է (ի վերջոյ ամէն միաստուածեան կրօնի էութիւն նոյնն է), այլ` իսլամութեան շահագործումը Օսմանեան կայսրութեան ոլորտին մէջ նախ սուլթանին, ապա` երիտթուրքերուն կողմէ` ի խնդիր կայսրութեան պահպանումին: Հոս թերեւս արժէ յստակացնել, որ երբ տասնիներորդ դարու իսլամութեան մասին կը խօսուի` որպէս պետական համակարգ, նկատի կ՛առնուի սիւննի իսլամութիւնը: Արդարեւ, ծանօթ է որ մինչ շիա իսլամութեան հետեւորդները, թերեւս` իրենց դէմ ծաւալած հալածանքներուն պատճառով, յառաջացուցած էին շատ աւելի բրգաձեւ կրօնական հեղինակութեան համակարգ մը, սիւննի իսլամութիւնը նոյնացած էր իշխանական համակարգին` խալիֆայութեան հետ: Նոյնիսկ երբ Ֆաթիմականներու թագաւորութիւնը Եգիպտոսի մէջ թէ Իրանի` 17-րդ դարուն շիա իսլամութիւնը յայտարարեցին պետական կրօն, շիա իսլամութիւնը չունեցաւ իշխանութիւնը վերցնելու քաղաքական մտածողութիւն, մինչեւ, փաստօրէն, Խումէյնի:
Օսմանեան կայսրութեան ոլորտին մէջ ծնունդ առած բարեկարգչական թէ յառաջդիմական բոլոր շարժումները` Թանզիմաթէն մինչեւ արաբական Նահտայ, իշխող դասակարգին կողմէ ընկալուեցան որպէս սպառնալիք, որովհետեւ կ՛ենթադրէին քաղաքական համակարգին մէջ ներառել հասարակութիւնը, զանգուածները, ռայեան… Եւրոպական գաղութատիրութիւնը իր կարգին Օսմանեան կայսրութեան ներթափանցման համար լաւագոյն միջոցը գտաւ կրօնական տարբերութիւններու հրահրումը: Պատմութիւնը յայտնի է. 19-րդ դարն ու 20-րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութիւնը թատերաբեմ հանդիսացաւ ամենանարիւնոտ սպանդներու, որոնց զոհերը հիմնականին մէջ քրիստոնեաներն էին: Նոյնիսկ երբ հայերու, ասորիներու թէ յոյներու բնաջնջումը կը ծրագրուէր համաթուրանական նպատակներով, իսլամութիւնը շահագործուեցաւ անոնց դէմ: Կայսրութեան անկումէն, խալիֆայութեան վերացումէն եւ Միջին Արեւելքի մէջ հողատարածային պետութիւններու ստեղծումէն ետք նոյնիսկ, ո՛չ քեմալական Թուրքիոյ, ո՛չ նասրական Եգիպտոսի թէ արաբական աշխարհի մէջ, ո՛չ ալ Պաասի տիրապետութեան տակ գտնուող Սուրիոյ կամ Իրաքի մէջ, իսլամութիւնը քաշուեցաւ հանրային կեանքէն: Ընդհակառակը, իրենց բնոյթով առաւել թէ նուազ չափով ամբողջատիրական այս պետական համակարգերու մէջ սիւննի իսլամութիւնը զարգացաւ որպէս քաղաքական մտածողութիւն, որպէս Իսլամ եղբայրներ, որպէս ապագայ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն… Ի մասնաւորի` 1967-ի պատերազմէն ետք, իրադարձութիւն մը, որ համարաբականութեան ծրագրի ձախողութեան ազդանշանը տուաւ ատենին, որքան ալ որ դժուար ըլլայ անոր ընկալումը: «Լուծումը իսլամ է» լոզունգը սկսաւ ժողովրդականութիւն գտնել եւ Հասան Պաննայէն մինչեւ Սայիտ Քութպ տեսական հիմքերը դրին ապագայ քաղաքական պայքարին:
Ճիշդ է, որ Իրանի իսլամական յեղափոխութիւնն է, որ 1979-ին ազդանշանը տուաւ Միջին Արեւելքի մէջ հետագայ խորքային վերիվայրումներու, բայց յաճախ մոռացութեան կը տրուի, որ նոյն տարուան աւարտին խորհրդային զինուորական միջամտութիւնը աֆղանական եւ հոն ծաւալած մուժահիտական դիմադրութիւնը իսլամի քաղաքականացման միւս երեւոյթն է: Ծոցի երկիրներուն կողմէ ֆինանսաւորուած, Փաքիստանի աշխուժ մասնակցութեամբ եւ ռիկընեան վարչակարգի զօրակցութեամբ, Աֆղանիստան վերածուեցաւ հետագայ իսլամականութեան ծննդոցը: Հոն է, որ Պըն Լատեններն ու Այման Զաուահերիները պիտի եղբայրանան իրենց պայքարին մէջ եւ պիտի համոզուին, որ իսլամութիւն անունով կայսրութիւն մը տապալած էին: Կը մնայ յստակացնել, որ մինչ Իրանի իսլամական յեղափոխութիւնը շիա էր, մինչ Աֆղանիստանի մէջ ծաւալած ժիհատը` հիմնականօրէն սիւննի: Այլ խօսքով, իսլամութեան ներքին պառակտուածութիւնը արդէն կ՛արտայայտուէր երկու տարբեր բնոյթի քաղաքական պայքարներով: Այսինքն չկայ իսլամականութիւն որպէս քաղաքական գաղափարախօսութիւն եւ միասնական ծրագիր, կայ սիւննի եւ շիա իսլամութիւն: Անոնց թերեւս անխուսափելի բախումը 1980-ական թուականներէն յայտնի էր. Իրան-Իրաք պատերազմը եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին արեւմտեան Պէյրութի մէջ Ամալի եւ Հըզպալլայի տիրապետութիւնը եւ նասրականութեան հետեւորդ սիւննի կազմակերպութիւններու չքացումը, ի մէջ այլոց, այդ բախումին նախանշանները տուին: Պուշի վարչակարգին զինուորական միջամտութիւնը Իրաք եւ երկրի պառակտումը արագացուցած հետագայ քաղաքականութիւնը պարարտ հող ստեղծեցին, որ սիւննի-շիա բախումը վերածուի ներիսլամական քաղաքացիական պատերազմի, որ 2011-ին արդէն ծաւալեցաւ դէպի Սուրիա եւ Լիբանանի հիւսիսը: Ինչ որ ՏԱՀԵՇ-ի ծնունդով հաստատագրուած է շատ յստակօրէն, ասիկա ներիսլամական պատերազմն է:
Եթէ պատմական զուգահեռները որեւէ իմաստ ունին, այն, ինչ որ կը պատահի Միջին Արեւելքի մէջ, իր նախընթացը ունի Եւրոպայի մէջ` 17-րդ դարու Երեսնամեայ պատերազմով, երբ իրարու բախեցան Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Լուտերի սկսած բարեկարգչական շարժման հետեւորդները: Եւրոպայի մէջ պատերազմները երբեք այնքան արիւնալի եւ ատելի չէին եղած: Ինչպէս կրօնական պատերազմներ ուսումնասիրած պատմաբանները դիտել կու տան, «կրօնական պատերազմ» յղացքը յատուկ է միայն միաստուածեան կրօններու… Երեսնամեայ պատերազմը լուծում չտուաւ կրօնական մեկնաբանութիւններու տարբերութեան, բայց յանգեցաւ Վէսթֆալիայի, եւ յաջորդ դարուն Եւրոպայի մէջ պիտի ծաւալէր համամարդկային պատմութեան մէջ թերեւս ամէնէն յուսալի մտաւորական, մշակութային եւ հասարակական շարժումը` լուսաւորութիւնը: Ինչ որ կը պատահի Միջին Արեւելքի մէջ, պիտի յանգի՞ իսլամական աշխարհի մէջ լուսաւորութեան հանդուրժողականութեան ոգիին, ընդհուպ մինչեւ հասարակութեան իսկական աշխարհայնացում: Կրօնական պատերազմներու տրամաբանութիւնը հաշտուողականութեան եզր հազիւ թէ նախատեսէ: Բացարձակ ճշմարտութեան համոզումը կ՛առաջնորդէ դիմացինին գոյութեան իրաւունքի ժխտումին: Ծայրայեղ վայրագութիւնը կը դադրի միայն, այն ատեն երբ կը տիրապետէ տեղի ունեցածին անհեթեթութիւնը եւ անոր արդիւնքով յառաջացող համատարած թշուառութիւնը: Սիւննի-շիա բախումը զերոյի հաւասարութեան իր տրամաբանութեան մէջ մէկ կամ միւս կողմին յաղթանակը կ՛ենթադրէ, հետեւաբար պատերազմը կրնայ ոչ թէ Երեսնամեայ պատերազմը յիշեցնել, այլ անոր նախորդած` Հարիւրամեայ պատերազմը, արաբական եւ իսլամական յղուածքով` Ֆիթնային ամբողջ ժամանակաշրջան մը: Ի մասնաւորի, երբ շրջանային ուժերը, աւելի յստակօրէն` Թուրքիա եւ Ծոցի կարգ մը երկիրներ, ՏԱՀԵՇ-ին ընդմէջէն տեսնեն ոչ թէ հիմնականօրէն սպառնալիք իրենց իսկ գոյութեան եւս, այլ առաջնահերթօրէն` որպէս Իրանի ազդեցութիւնը կասեցնող ազդակ, կամ, աւելի վատ, շիաներու դէմ պատերազմ: Պատերազմին վայրագութիւնն ու յոգնածութիւնն ալ անպայմանօրէն չեն առաջնորդեր անոր աւարտին. ի վերջոյ, վայրագութիւնն ալ կրնայ հասարականալ եւ գայթակղութիւն չպատճառել, եթէ անոր հանդիսացումը զանգուածային լրատուական միջոցներու կողմէ զոհերը վերածէ պարզ թիւերու: Միայն եթէ իսլամական իմաստութեան ձայները, որոնք, ի՛նչ խօսք, կա՛ն, լսուին այնքա՛ն զօրաւոր, որ տեղի ունեցածին անհեթեթութեան գիտակցութիւնը տիրապետող ըլլայ: Այդ չէ կացութիւնը դժբախտաբար: Բանականութեան ձայներէն աւելի զօրաւոր կը լսուին ռումբերու ձայներն ու զոհերը գլխատող դահիճներուն հրճուանքը… Այսինքն, Մարքսի հետեւումով, այն, ինչ որ կը պատահի Միջին Արեւելքի մէջ, կրնայ պատմութեան կրկնութիւնը ըլլալ, այս անգամ` հեգնանքի ձեւով…
Դէմ յանդիման ՏԱՀԵՇ-ի նախաձեռնած կրօնական մաքրագործումին` բոլոր կրօնական համայնքները գոյութենական սպառնալիք կը դիմագրաւեն: Բայց կասկած չկայ, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն դանդաղ, բայց հաստատ անէացումն է, որ տեղի կ՛ունենայ: Ոչ միայն ֆիզիքական, այլ նոյնիսկ` պատմական յիշողութեան: Եթէ ատենին քրիստոնեաները իրենց կացութեան լուծումը տեսած էին արաբական ազգայնականութեան մէջ, որուն հիմնադիր անդամներու եւ ներկայացուցիչներու շարքին են, եթէ Լիբանանի ոչ կատարեալ, սակայն այնուամենայնիւ իւրայատուկ համայնքային ժողովրդավարութիւնը յոյս մը տուած էր հաւասար իրաւունքներու պայմաններու մէջ խաղաղ գոյակցութեան, այսօր այդ զոյգ համոզումներու վրայ հիմնուած պետական-քաղաքական համակարգերը մահաքունի մէջ մտած են: Յստակ է, որ արաբական Նահտայի սպասած արդիականացումը միջինարեւելեան հասարակութեան մէջ երբեք չարմատականացաւ, եւ այս մասին շատ գրած են արաբ մտաւորականները: Կրօնական-յարանուանական հաւատարմութիւնները միշտ գերազանց եղած են:
Կրօնական բազմազանութեան յատկանշուած բոլոր երկիրներու մէջ միայն Լիբանանն էր, որ անկեղծ եղած է բացայայտելու տարբերութիւններու շարունականութիւնը եւ անոնց համակեցութիւնը վերածած է իմաստութեան: Դժբախտաբար, սակայն, Ազգային ուխտին եւ համայնքային դրութեան միւս երեսը աւատապետական ընտանիքներու տիրապետութիւնն էր, ինչ որ, իր կարգին, թոյլ չտուաւ, որ թէկուզ եւ համայնքային համակեցութեան իրականութեան մէջ քաղաքացիական ինքնութեան բնորդ մը ձեւաւորուի, ինչպէս պարագան է Զուիցերիոյ: Ինչ կը վերաբերի արաբական ազգայնականութեան եւ անոր քաղաքական համակարգերուն` լայիք պետութիւն թէ Պաասի նման կուսակցութիւն, անոնց ամբողջատիրական էութեան ներքոյ համայնքային-յարանուանական ինքնութիւնները զարգանալու միջոց չունէին, կամ այդ միջոցը շատ սահմանափակ էր, հետեւաբար դիմեցին վերապրումի ամէն տեսակի միջոցներու: Այս իմաստով, այն համայնքը, որ պետութեան կը տիրապետէր, նաեւ իր գոյութիւնը կ՛ապահովէր, միեւնոյն ժամանակ սակայն կը վերածուէր միւս համայնքներու նախանձի եթէ ոչ ատելութեան առարկային: Թէ անկեղծ էին Պաասի անդամագրուողներուն համոզումները` կասկած չկայ: Բայց բաւ է իրարու հակադրել Հաֆեզ Ասատի եւ Սատտամ Հիւսէյնի պաասական վարչակարգերը` տեսնելու որպէս հայելիի մէջ արտացոլուող միեւնոյն պատկերը` ազգային համարկումի, ընկերային արդարութեան եւ համարաբական դատին պաշտպան կուսակցութիւն-պետութիւն համակարգեր, որոնք երկու երկիրներուն մէջ երկու տարբեր փոքրամասնական համայնքներու վերապրումի ռազմավարութեան ծառայած են: Տիրապետել պետութեան անվտանգութեան մեքենային` կը նշանակէր ապահովել համայնքին վերապրումը, կամ այդպէս կը թուէր… Դժուար չէ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ ամբողջատիրական վարչակարգերու ծնունդ տուած ներքին դժգոհութիւններն ու խանդերը կրնան դիւրութեամբ շահագործուիլ արտաքին ուժերու կողմէ:
Միջին Արեւելքի տագնապի ՏԱՀԵՇ-եան այս թերեւս վերջնական ու ամենաարիւնոտ հանգրուանին ուրեմն տարածաշրջանի քրիստոնէութիւնը իր ապագային մասին մտածելիք ունի: Երբ «քրիստոնէութիւն» կ՛ըսուի, պարզ է, նկատի կ՛առնուին քրիստոնեայ տարբեր համայնքները տարբեր երկիրներու մէջ եւ ոչ թէ մէկ ու միակ հաւաքականութիւն մը: Կը մնայ, որ այդ հաւաքականութեան գիտակցութիւնը առնուազն օրակարգի վրայ կու գայ գոյութենական սպառնալիքին պարագային. ՏԱՀԵՇ-ի համար տարբերութիւն չկայ այս կամ այն քրիստոնեային, թէ շիա իսլամութեան տարբեր ճիւղերու հետեւորդներուն միջեւ, բոլորն ալ քաֆիր են, բոլորն ալ` «մաքրագործուելիք», կամ ալ, կիներու եւ երեխաներու պարագային, որպէս ստրուկ վաճառուելու: Մէկ հաւաքականութեան այդ գիտակցութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն մօտ կարծես ձեւաւորուելու սկսած է ի դէմս 2014-ին արդէն գործընթացի վերածուած կրօնապետերու հաւաքներով եւ համաշխարհային շրջապտոյտով` մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, ուր, ի դէպ, դէմ յանդիման եկան այսպէս կոչուած «սիոնական քրիստոնեաներ» ներկայացնող ծերակուտականի յիմար ձաբռտուքին, որով զանոնք կը հրաւիրէր վերածուելու Իսրայէլի պաշտպաններու, այլ խօսքով` իրենց բնաջնջման համաձայնութիւնը ստորագրելու… Գործընթացը, անշուշտ, մեծ ռիսքերու դէմ յանդիման կը գտնուի: Նախ եւ առաջ կրնայ շահագործուիլ ՏԱՀԵՇ-ին կողմէ, որ անիկա կրնայ ներկայացուելով որպէս «խաչակրութիւն»` հրահրելու իսլամներու կիրքերը: Յետոյ, որպէսզի գործընթացը ամրագրուի, պէտք է տեղադրուի միջկրօնական եւ մասնաւորաբար իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան ծիրին մէջ, ինչ որ կ՛ենթադրէ, որ շուտով Վատիկանն ու Ուղղափառ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ աւետարանական եկեղեցիներու միջազգային ազդեցիկ խմբաւորումներ անհրաժեշտաբար աշխուժանան աւելի, քան ինչ որ կ՛ընեն մինչեւ այսօր: Վերջապէս, եւ հիմնականօրէն, գործընթացը պէտք է առաջնորդէ միջկրօնական աւելի կայուն համակարգի մը, որուն հեղինակաւոր ձայնը տիրապետէ աւելի, քան` ՏԱՀԵՇ-ն ու զայն սնուցանող պետութիւնները:
Այս բոլորը կը թուին շատ վերացական, մասնաւորաբար որովհետեւ պետութիւններուն ներկայ սահմանները տակաւին օրինականութեան հիմնական ռեֆերենտներն են եւ կը սահմանեն քաղաքացիական եւ ոչ թէ կրօնական հաւատարմութիւններու համակարգեր: Կը մնայ, որ նոյն այդ սահմանները աշխարհաքաղաքական վերասահմանումի անխուսափելիութեան դէմ յանդիման կը գտնուին: Միջին Արեւելքի կրօնապետներու նախաձեռնած գործընթացը թերեւս պատրաստութիւն մըն է այդ վերասահմանումի հեռանկարին եւ տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեաներու ներկայութեան ապահովումին: Թէ հողի վրայ այս բոլորը քիչ նշանակութիւն ունի օրէ օր կամ ժամէ ժամ վերապրող քրիստոնեաներուն համար` ճիշդ է: Փաստօրէն, Սուրիոյ գոյութենական ամբողջ խնդիրը այսօր այսպէս կոչուած Հալէպի ճակատամարտով կարծես պիտի լուծուի. Հալէպը մաս պիտի կազմէ՞ Ասատի տիրապետութեան տակ գտնուող հողատարածութեան, թէ՞ պիտի իյնայ ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքը, կամ` պիտի հաստատագրուի որպէս բաժանեալ քաղա՞ք: Հոն ապրող քրիստոնեաներուն համար այլընտրանքը այսօր կասկածի տակ չի կրնար դրուիլ. իրենց վերապրումն իսկ կը պարտադրէ բացառել ՏԱՀԵՇ-ին յաղթանակի ամէն հեռանկարի հանդէպ դոյզն համակրանքն իսկ: Բայց Հալէպի ճակատամարտին յաջորդող սահմանումները այլ խնդիր են: Եթէ կայ գիտակցութիւնը, թէ ի՛նչ էին Սուրիոյ քայքայման խորքային պատճառները, ապա եւ անհրաժեշտ է վաղուան դիրքորոշումը սահմանող ամէն պատրաստութիւն զերծ պահել տեղի ունեցածին մէջ միայն արտաքին մեծ սադրանք մը տեսնելու կացութեան դիւրին, բայց անիմաստ բացատրութենէն:
Հալէպէն մինչեւ Դամասկոս եւ լիբանանահայութիւնը ներառեալ` Իրաքի ուշադրութենէ քիչ մը վրիպած հայութիւնը, մաս կը կազմեն այս ամբողջ գործընթացին: Արամ Ա. վեհափառի հեղինակաւոր մասնակցութիւնը Միջին Արեւելքի կրօնապետներու սկսած նախաձեռնութեան, միջազգային մակարդակով իր զբաղեցուցած տեղը անխուսափելի կը դարձնեն իր դերակատարութիւնը: Այս կը նշանակէ, որ Միջին Արեւելքի հայութիւնը, որպէս մասնիկը տարածաշրջանի քրիստոնէութեան, նաեւ դէմ յանդիման կը գտնուի աշխարհաքաղաքական այս մեծ վերիվայրումներուն մէջ իր տեղը որոշելու մարտահրաւէրին դէմ յանդիման: Ոչ միայն որպէս տարբեր երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող համայնքներ, այլ` որպէս ամբողջութիւն, որպէս տարածաշրջանի պատմութիւնը կերտած հաւաքականութիւն, որուն քաղաքակրթական ներդրումը առկայ է Հալէպէն մինչեւ Զմմառ ու Երուսաղէմ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն եւ Իրանի մէջ իսլամական յեղափոխութենէն ետք, մինչեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ ներկայ տագնապները, Միջին Արեւելքի մէջ հայութեան ներկայութիւնը ընդհանրապէս չէ մտածուած պատմականօրէն տարածաշրջանի բաղկացուցիչ հաւաքականութեան կտրուածքով: Միջին Արեւելքը կարեւորուած է հայրենամերձութեան եւ հայրենադարձութեան վախճանական նպատակի դիտանկիւնէն: Իրաքէն Հայաստան ապաստան փնտռած հայութեան իրավիճակը հիասթափութիւն եղաւ: Դառն դասը գոնէ մասամբ սերտուած կը թուի: Սակայն սուրիահայութեան հայրենիք փոխադրութեան փորձառութիւնն ալ երեւան հանեց ե՛ւ առարկայական, ե՛ւ քաղաքական սահմանափակումներ: Այդ այլընտրանքը առկայ է, մեծապէս դիւրացուած է անոր օրինական կիրարկումը, բայց դժուարութիւնները կը յամենան: Սուրիահայութեան տագնապի անցած երեք տարիները պարզ դարձուցին արդէն ծանօթ ճշմարտութիւն մը. երթալու կամ մնալու որոշումը հիմնականօրէն ենթակայական է, կը մնայ հաւաքական այլընտրանքները յստակացնել` այդ որոշումը դիւրացնելու համար: Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան ապագան որոշելու գործընթացը, որ ծնունդ առաւ ՏԱՀԵՇ-ի երեւոյթով, աւելի արմատականացած ներիսլամական պատերազմի ոլորտին մէջ, տարածաշրջանային հայութեան համար մնալու որոշումին հեռանկար տուող նախաձեռնութիւն մըն է: Կ՛արժէ, որ այդ ուղղութեան զարգանայ հայ քաղաքական մտածողութիւնը: