Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Թեհրան
Իրանի Պետական Պատասխանատուներու Այցը
Թեհրանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարան
Դեկտեմբեր 29-ին Թեհրանի Ազգային առաջնորդարան այցելեցին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ հիւրերը դիմաւորեցին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Իրանի խորհրդարանին մէջ Թեհրանի ու հիւսիսային իրանահայութեան եւ Սպահանի ու հարաւային իրանահայութեան պատգամաւորներ` դոկտ. Կարէն Խանլարեան եւ Ռոբերտ Բեգլարեան, ԹՀԹ Թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչները:
Իրանի մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան մշակութային հարցերով տեղակալ դոկտ. Սալեհի շնորհաւորեց Ամանորը եւ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդն ու մկրտութիւնը:
Թեմի առաջնորդը խօսք առնելով` կարեւոր նկատեց Իրանի մէջ քրիստոնեաներու, ի մասնաւորի հայ եւ իսլամ հայրենակիցներու խաղաղ գոյակցութիւնը, հաստատելով, որ Իրանի պետական պատասխանատուները իրանահայերու նկատմամբ միշտ կը դրսեւորեն բարեացակամ մօտեցում, որուն իբրեւ արդիւնք` միշտ նշած ենք մեր ազգային ու կրօնական ձեռնարկները, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութեան ամեակները, եւ աւելցուց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին անհրաժեշտ է դատապարտել աշխարհի մէջ իրագործուող բոլոր ցեղասպանութիւնները:
Ատրպատական
Ատրպատականի Հայոց Թեմին Մէջ
Մոմավառութեամբ Մեկնարկեցին Հայոց
Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Ձեռնարկները
Ատրպատականի հայոց թեմին մէջ 31 դեկտեմբերի կէս գիշերէն ետք Թաւրիզի եւ Ուրմիոյ մէջ ժողովուրդը շտապեց եկեղեցի` աղօթքով եւ ս. պատարագի մասնակցութեամբ սկսելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նշանակալից տարին:
Այս առիթով Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ երեկոյեան մատուցուած սուրբ պատարագի ընթացքին Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան անդրադարձաւ 2015 թուականի խորախորհուրդ իմաստին, որ մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքը կերպարանափոխելու կոչուած անկիւնադարձ մը պէտք է ըլլայ:
Ս. պատարագի աւարտին սրբազան հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ մոմավառութիւն` մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին, այսպիսով թեմէն ներս մեկնարկելով 2015 թուականի ծրագիրներու շարքը:
Յայտնենք, որ Թաւրիզի մէջ սուրբ պատարագը մատուցեց հոգեւոր հովիւ Առաքել քհնյ. Տմտմեան, իսկ Ուրմիոյ մէջ հոգեւոր հովիւ` Ներսէս քհնյ. Պասիլեան:
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով՝ դեկտեմբեր 31-ին, Արեւմտեան Ատրպատականի նահանգապետ Սաատաթ, ընկերակցութեամբ պատուիրակութեան մը, այցելեց նահատակ Կայծակ Դաւթեանի ընտանիքին: Անոնք դիմաւորուեցան Ուրմիոյ հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Պասիլեանի եւ գործակալական խորհուրդի ատենապետ Փայլակ Սահակեանի կողմէ:
Նահանգապետը շնորհաւորեց Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը` վեր առնելով կրօնական փոքրամասնութիւններու թափած ջանքերը յեղափոխութեան եւ պատերազմի ժամանակ: Ան հաստատեց, թէ կրօնական փոքրամասնութիւնները ամբողջ երկրի տարածքին եւ նահանգին նահատակներ տուած են այս յեղափոխութեան համար, շեշտելով, որ բոլորս պարտական ենք այդ նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը չխնայեցին երկրին համար եւ երկիրը ապահովագրեցին իրենց արեամբ:
Փայլակ Սահակեան համայնքին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց Սաատաթին եւ բոլոր պատասխանատուներուն` հայութեան եւ յատկապէս նահատակներու ընտանիքներուն ցուցաբերած ուշադրութեան համար: Հանդիպումի աւարտին նահանգապետը յատուկ գնահատագրով պատուեց նահատակի ընտանիքը:
Յունաստան
Ներքին Գործոց Նախկին Նախարարին
Այցելութիւնը ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի
Գրասենեակ Եւ «Ազատ Օր»-ի Խմբագրատուն
Յունուար 14-ին, Յունաստանի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակ այցելեց Եանիս Միխելաքիս, որ Յունաստանի ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը կը վարէր մինչեւ 25 յունուարին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններու յայտարարութիւնը: Նախարարը դիմաւորեցին ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Քերոբ Էքիզեան եւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի անդամները:
Նախարար Եանիս Միխելաքիս, որ անցեալին ալ հանդիպումներ ունեցած է հայութեան հետ, վերահաստատեց իր կապը եւ հետաքրքրութիւնը գաղութի կառոյցներուն հանդէպ: Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի, գաղութի վարչական, մշակութային, կրթական հարցերուն եւ ձեռք բերուած յաջողութեանց մասին: Նախարարը դրուատիքով արտայայտուեցաւ կատարուած գործունէութեան ու աշխատանքներուն մասին, իսկ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի անդամները շնորհակալական խօսք ուղղեցին Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման դէմ որդեգրուած օրինագիծին կապակցութեամբ:
Նախարարին ուշադրութեան յանձնուեցաւ իր կուսակցութեան պատկանող որոշ երեսփոխաններու ազերիամէտ կեցուածքը, միջազգային ատեաններու եւ կազմակերպութիւններու մէջ տարուած նախաձեռնութիւններով, մատնանշելով նման քայլերու հակահայ բնոյթը:
Որպէս անցեալի փորձառու լրագրող եւ խմբագիր` նախարարը առիթը ունեցաւ նաեւ այցելելու «Ազատ Օր»-ի խմբագրութիւն` մօտէն հետաքրքրուելով թերթի հրատարակչական աշխատանքով, թերթատելով օրաթերթի եւ հրատարակուած գիրքերու եւ օրացոյցներու նմուշները: Անոր նուիրուեցան գիրքեր եւ յունալեզու հրատարակութիւններ:
ՀՅԴ Յունաստանի ԿԿ-ի Հանդիպումը
Օլղա Քեֆալոյեանների Հետ
Յունաստանի զբօսաշրջութեան նախարար Օլղա Քեֆալոյեանի 8 յունուարին այցելեց ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակ եւ տեսակցութիւն ունեցաւ ԿԿ-ի եւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի անդամներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին անոր ներկայացուեցաւ յունահայ գաղութին իրավիճակը` իր ազգային, քաղաքական, լրատուական, կրօնական, կրթական եւ հասարակական երեսներով, ապա մանրամասնօրէն խօսուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ու Հայ դատի զարգացումներուն մասին: Նշուեցաւ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման 1996-ի բանաձեւը, որ խորհրդարան ներկայացուած էր աժմու վարչապետ Անտոնիս Սամարասի կողմէ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ 2013 սեպտեմբերին` ցեղասպանութեանց ժխտողականութեան քրէականացման օրէնքի ընդունման մասին: Խօսուեցաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ կարեւոր բնագաւառներու մէջ կայացող գործակցութեանց մասին եւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահի այցելութեան Հայաստան` անցեալ սեպտեմբերին:
Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Արցախի հիմնահարցի զարգացումներուն շուրջ, որուն ընթացքին նախարարին բացատրուեցաւ Յունաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տնտեսական գործակցութեան առկայութիւնը, որուն ճամբով Ազրպէյճանի պետութիւնը ամէն առիթով եւ բացայայտօրէն հակահայ քարոզչութիւն կը տանի յունական քաղաքական շրջանակներու եւ յունական հանրային կարծիքին մօտ, ինչպէս նաեւ յունական կառավարութեան կրաւորական կեցուածքը ու պետական ներկայացուցիչներու բացակայութիւնը` 2014-ի Ապրիլեան ելոյթներէն:
Այս իրողութեանց լոյսին տակ մատնանշուեցաւ նաեւ յոյն քաղաքական անձնաւորութեանց ազերիամէտ կեցուածքը, յատկապէս` միջազգային եւ եւրոպական ատեաններուն մէջ, փոխանցելով յստակ օրինակներ յոյն երեսփոխաններու եւ պետական ներկայացուցիչներու կեցուածքներէն: Այս հարցով շեշտուեցաւ նման կեցուածքներու ժխտական անդրադարձը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ:
Քեֆալոյեանի իր կարգին բարձր գնահատեց յունահայ համայնքին ներկայութիւնը Յունաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ գործակցութիւնը, եւ յայտնեց, թէ խորհրդարանի ճամբով ինք միշտ պատրաստ է գործնական քայլերով առաւել գործակցութեան դաշտ ստեղծելու յունահայ համայնքին հետ եւ յատկապէս Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներու ծիրէն ներս:
Ֆրանսա
Ֆրանսահայ Երիտասարդին Թաղումը
Աւելի Քան 3500 Մարդ Համախմբեց
Յունուար 12-ին Մարսէյի մէջ սպաննուեցաւ 16-ամեայ հայ երիտասարդ, «Քամիլ-Ժուլիանի» մասնագիտական դպրոցի աշակերտ Միքայէլ (Միշա) Ասատուրեանը, որ մերձաւորներու վկայութեամբ, գնահատուած եւ սիրուած երիտասարդ մըն էր: Դէպքը տեղի ունեցած է, երբ դասի մը ընթացքին Ասատուրեանի եւ անոր հասակակից աղջկան մը միջեւ վիրաւորանքներ հնչած են: Վերջինս սպառնացած է տեղեկացնել իր ընտանիքի անդամներուն, որ սպաննեն զայն. անոնք 12 յունուարին յայտնուած են դպրոցի մուտքին եւ երկաթեայ ձողերով ու դանակի հարուածներով դաժան յարձակում մը կատարած են պատանիին վրայ, եւ կրծքավանդակէն ստացած դանակի խոր հարուածի իբրեւ հետեւանք` Միքայէլ մահացած է: Յանցագործները, որոնք հաւանօրէն արաբական ծագումով երիտասարդներ են, կրցած են փախչիլ: Ոստիկանութիւնը աւելի ուշ ձերբակալած է աղջիկը, անկէ ետք նաեւ` յանցագործը, որ երեք տարի պիտի բանտարկուի մինչեւ դատավարութեան վճիռը:
Միքայէլի հայրը, որ Հայաստանէն գացած է Մարսէյ, դէպքէն ետք տեղափոխուած է հիւանդանոց` առողջական վիճակի վատթարացման պատճառով:
Մարսէյի 6-րդ հատուածի 11-12 թաղամասի թաղապետ, երեսփոխան Վալերի Պուայէ յայտարարած է, որ սարսափած է տեղի ունեցած ողբերգութենէն եւ մօտէն պիտի հետեւի հարցի հետապնդման: Ան նաեւ միշտ ներկայ եղած է այս առիթով կազմակերպուած հաւաքներուն:
Այս առիթով քաղաքի հայութիւնը սուգի հաւաք կազմակերպած է շրջանի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ: Տեղի ունեցած ոճիրին դէմ բողոքելու նպատակով 13 յունուարին աւելի քան 2000 հայեր համախմբուած են Փրատոյի Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ: 16 յունուարին նոյն եկեղեցւոյ մէջ` շրջանի հայութեան ներկայութեամբ եւ մեծ վիշտով տեղի ունեցաւ պատանիին թաղման արարողութիւնը:
Յունուար 17-ին աւելի քան 3500 մարդ հաւաքուեցաւ քայլարշաւով մը մասնակից դառնալու սգոյ արարողութեան` բողոքելով ոճրագործութեան դէպքին դէմ: Սգակիրներու շարքին էին` Մարսէյի քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտեն, երեսփոխաններ Տիտիէ Փարաքեան եւ Մարթին Վասել ու Վալերի Պուայէն, ծերակուտականներ եւ այլ ֆրանսացի անձնաւորութիւններ: Հաւաքին մասնակիցները ճերմակ թի շըրթ հագած եւ ճերմակ ծաղիկներով քալեցին Մարսէյի մեծագոյն պողոտայէն դէպի ծովեզերք:
Յունուար 15-ին Միքայէլ Ասատուրեանի յիշատակին ոգեկոչման արարողութիւն եւ մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ նաեւ Նիսի մէջ:
Նիսի Արդարադատութեան պալատի հրապարակին վրայ Միքայէլի նկարին շուրջ հաւաքուած հայերը աղօթած են` հայր Գրիգոր Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ: Հայկական կազմակերպութիւնները համախմբող խորհուրդին անունով խօսք առած է երիտասարդ ուսանողուհի Աշխէն Այվազեան: Նիսի քաղաքապետարանին դասաւորումով կարելի դարձած արարողութեան հնչող տուտուկի մեղեդիները խառնուած են «Բոլորը Միքայէլ» դարձածներու աղօթքին:
Ներկայ եղած է նաեւ քաղաքապետի Ա. կցորդ Ֆիլիփ Փրատալ:
Շքանշանի Յանձնում` Շամիրամ Սեւակին,
Անոր Ծննդեան 100-Ամեակին Առթիւ
Նիսի եւ շրջանի կրօնական ընկերակցութեան թելադրանքով, 9 յունուարին, Նիսի Միջերկրականի համալսարանական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած բանաստեղծ Ռուբէն Սեւակի դստեր` Շամիրամ Ֆոլքօ-Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին:
Քաղաքապետ Քրիսթիան Էսթրոզի իր խօսքին մէջ ընդգծեց Շամիրամին փարումը իր հօրը յիշատակին, անոր ըրած բարեսիրութիւնները եւ Նիս քաղաքի շքանշանը յանձնեց անոր: Ապա յուշանուէր մը յանձնեց նաեւ Յովհաննէս Չիլինկիրեանին` Ռուբէն Սեւակի յիշատակին անոր տարած մեծ աշխատանքին համար:
Նիսի եւ շրջանի կրօնական ընկերակցութեան ատենապետ Արթօ Օգսայեան նախ կարդաց «Շարլի Էպտօ»-ի մասին «Սի. Սի. Էյ. Էֆ»-ի հաղորդագրութիւնը, ապա շնորհաւորեց Շամիրամ Ֆոլքօ-Սեւակին տարեդարձը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետ Էսթրոզիին:
Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Շամիրամ Ֆոլքօ-Սեւակ: Ան իր յուզմունքը յայտնեց, որ իր հօր` Ռուբէն Սեւակի նման հարիւր տարի վերջ դարձեալ մտքի եւ գրիչի ազատութեան համար մարդիկ կը զոհուին:
«Տը Քաթ» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
Կազմակերպութեամբ « ԺԱԳԱ» երիտասարդական միութեան, 8 յունուարին Նիսի «Ռիալթօ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տը քաթ» ժապաւէնին ցուցադրութիւնը` ներկայութեամբ ժապաւէնի թուրք բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի եւ ժապաւէնի դերասաններէն Սիմոն Աբգարեանի: Պատուոյ հիւրերուն մէջ ներկայ էր ոչ պաշտօնական այցով Նիս գտնուող Հայաստանի Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան` ընկերակցութեամբ Սամսոն Էօզարարատի:
Քանատա
ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային Վարչութիւնը
Բաճկոններ Նուիրեց Սուրիահայ Աշակերտներու
ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութիւնը երկրորդ անգամ ըլլալով Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին, Ամանորի առիթով նուէրներ ուղարկեց կարիքաւոր փոքրիկներուն:
Արդարեւ, ուղարկուած 8800 տոլարի օժանդակութեամբ, ՍՕԽ-ի աշխատանոցէն ներս պատրաստուեցան բաճկոններ, որոնք տրամադրուեցան Ազգային պատսպարանի սաներուն, նաեւ` Հալէպի ազգային չորս վարժարաններուն, համայնքի երեք մանկապարտէզներու աշակերտութեան, որոնց թիւն էր 885 աշակերտ:
Այս առիթով Սուրիահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը եւ երախտագիտութիւնը յայտնեց ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային վարչութեան: