Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Երեսփոխան Լողօղլուի Համաձայն, 2015-ը Բեկման Կէտ Մը Պէտք Չէ Ըլլայ Թուրքերու Եւ Հայերու Միջեւ. Հարիւրամեակը Լուրջ Խնդիրներ Կրնայ Ստեղծել Թուրքիոյ Համար, Եթէ Ճիշդ Մօտեցում Ցոյց Չտրուի

Յունուար 21, 2015
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

12115logogluԹուրքիոյ ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան Ատանայի երեսփոխան` Օսման Ֆարուք Լողօղլու «Ռատիքալ» թերթի թղթակցին հետ զրոյցի ընթացքին իր մտահոգութիւնները յայտնած է 2015-ի, այսինքն` 1915-ի հարիւրամեակի կապակցութեամբ: Ըստ երեսփոխանին, Ամերիկայի մէջ բոլոր քարերը հայերու ի նպաստ շարուած ըլլալ կը թուին:

Լողօղլու ըսաւ, որ 1915-ի հարիւրամեակի առիթով Թուրքիա եթէ չկարենայ ճիշդ մօտեցումներ ցոյց տալ, այն ատեն ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ լուրջ նեղութիւններու հետ դէմ յանդիման պիտի մնայ: Այնպէս կը թուի, թէ իշխող «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն»-ը կացութիւնը մերժելու դիրքի մը մէջ կը գտնուի: Անգամ մը փորձեց «Ո՛չ, ցեղասպանութիւն չէ եղած» ըսելով ինքնապաշտպանութեան դիմել, սակայն ուժեղ հակազդեցութիւններու դիմաց նահանջեց: Մինչդեռ հորիզոնին վրայ շատ լուրջ վտանգներ կը սպասեն Թուրքիոյ, որովհետեւ հայկական կողմը, որ անքակտելի կերպով կապուած է Ցեղասպանութեան պնդումին, համաշխարհային չափով աշխատանք կը տանի: Մեծ կամ փոքր հայկական հաւաքականութիւններ իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ կը ջանան քաղաքական, իրաւական եւ ընկերային գետիններու վրայ ընդունելի դարձնել ցեղասպանութեան իրենց պատմութիւնները: Տարիներէ ի վեր տարուած այս աշխատանքը հիմա` 2015-ին այլեւս անկիւնադարձ մը պիտի դառնայ: Հայերը մինչեւ այսօր որոշ յաջողութիւններ ձեռք բերած են: Նախ` Ուրուկուէյի խորհրդարանը, ապա աւելի քան 20 երկիրներու ազգային խորհրդարանները եւ տակաւին հարիւրաւոր շրջանային վարչական խորհրդարաններ ընդունած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նոյնիսկ Ֆրանսայի եւ Զուիցերիոյ նման երկիրներու մէջ Ցեղասպանութեան ժխտումը յանցագործութիւն նկատող օրէնքներ ստորագրուած են: Բազմաթիւ քաղաքներու մէջ Ցեղասպանութեան յուշարձաններ բացուած են, ժապաւէններ դարձուած, գիրքեր հրատարակուած, բազմաթիւ ձեռնարկներ իրականացած են: Անկասկած դէպի 24 ապրիլ 2015` այս գործունէութինները ա՛լ աւելի պիտի սաստկանան:

Ըստ երեսփոխանին, Եւրոմիութեան կողմէ ընդունուած որոշումնագիրը, որ կը պախարակէ ցեղապաշտութիւնը եւ օտարներու նկատմամբ թշնամութիւնը, ազդու դեր պիտի կատարէ այս ժամանակաշրջանին:

Բայց, Լողօղլուի համաձայն, բոլոր այս ժխտական զարգացումներուն ամէնէն մտահոգիչն է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ այս մասին որոշում մը ընդունելու հաւանականութիւնը: Որովհետեւ «Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն»-ը արտաքին քաղաքականութեան մէջ ստեղծուած փլուզումին ալ պատճառով Ամերիկայի մէջ ներկայիս բոլոր քարերը հայերու ի նպաստ շարուած կ՛երեւին: Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան գլուխը կայ նախագահ մը, որ թեկնածութեան շրջանին արդէն ընդունած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ որ Թուրքիա գալու ընթացքին իսկ հաստատեց իր այդ տեսութիւնը, եւ որ այլեւս կաղացող սագի մը դիրքը ունի: Մնաց որ, այս շրջանին Միջին Արեւելքի զարգացումներու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խնդիրներու մէջ Ամերիկայի հայ համայնքը աւելի ծանր ճնշում կը գործադրէ եւ ասիկա նախագահ Օպաման տկար դիրքի կը մատնէ Քոնկրեսին դիմաց: Եթէ մինչեւ այսօր Քոնկրեսը Ցեղասպանութեան վերաբերեալ որոշում չէ ընդունած, պատճառը այն չէ, որ քուէի անբաւարարութիւն կար, այլ այն է, որ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները Քոնկրեսը համոզած էին, որ այսպիսի ճանաչում մը Ամերիկայի ազգային շահերուն վնաս կը պատճառէ: Ազգային շահերու այս խաղաքարտը այս անգամ այլեւս չգործածուիլ, այլ խօսքով, 2015-ին նախագահ Օպամայի համար դժուար պիտի ըլլայ Քոնկրեսը տարհամոզել, որովհետեւ Քոնկրեսը, բացի հայկական ճնշումներէ, մնացած է նաեւ հրէական ուժեղ լոպիի մը ազդեցութեան տակ, քանի որ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու ժխտական զարգացման պատճառով Իսրայէլ այլեւս Թուրքիոյ կողքին չէ: Մնաց որ ՏԱՀԵՇ-ի առնչութեամբ եղած լրատուութիւնները Թուրքիոյ դէմ տպաւորութիւն գործած են Քոնկրեսին մէջ:

Ինչո՞ւ Քոնկրեսին կողմէ նմանօրինակ որոշումի մը ընդգրկումը շատ կարեւոր է: Լողօղլուի համաձայն, ասիկա կարեւոր է նախ անոր համար, որ այս որոշումը Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու վրայ երկրաշարժի նման ցնցիչ ազդեցութիւն կը գործէ: Երկրորդ` Քոնկրեսին այս որոշումը իբր օրինակ կը ծառայէ այս մասին տակաւին որոշում չընդունած երկիրներու խորհրդարաններուն: Երրորդ` Քոնկրեսին մէջ արձանագրուած այս յաղթանակը առաւել եւս կը զօրացնէ հայկական կողմին բարոյական ուժը: Իսկ չորրորդ եւ ամէնէն կարեւորը` հայկական կողմը, որ մինչեւ այսօր իր պայքարը մղած էր ընկերային եւ քաղաքական մակարդակի վրայ, Քոնկրեսի այս որոշումով այդ պայքարը կը փոխադրէ դէպի իրաւական գետին: Հայկական կողմին նպատակն է արդէն որքան Ցեղասպանութիւնը ընդունելի դարձնել, նոյնքան եւս ծանր գին մը վճարել տալ Թուրքիոյ: Ահա այս պատճառներով է որ Քոնկրեսին որոշումը մասնաւոր կարեւորութիւն կը ստանայ: Հայերը ունին նաեւ հողային պահանջներ, որոնք լուրջ չեն, սակայն միւս ազդակները լուրջ են: Ամերիկայի դատարանները մինչեւ հիմա հայերու կողմէ բացուած դատերը մերժեցին նկատի առնելով անոնց քաղաքական երեսը: Բայց եթէ Քոնկրեսը նմանօրինակ որոշում մը ընդունի, այն ատեն Միացեալ Նահանգներու դատարաններու մէջ Թուրքիոյ դէմ մեծ թիւով դատեր կրնան բացուիլ եւ Թուրքիոյ դէմ որոշումներ ընդունուիլ:

Լողօղլուի համաձայն, ուրիշ կարեւոր կէտ մըն ալ շրջանի վարչապետ Էրտողանի կողմէ 1915-ի մասին յայտնուած ցաւակցութեան խնդիրն է: Բայց եթէ Թուրքիա կարծեց, որ այսպիսի ցաւակցութիւն մը այս խնդիրը պիտի փակէ, լրջօրէն սխալեցաւ: Պատահարները ցոյց կու տան, որ այս խնդիրը չի փակուիր միայն ներողութիւն խնդրելով. մնաց, որ թուրք հաւաքականութիւնն ալ երբեք չ՛ընդունիր այսպիսի բան մը: Հայերը Թուրքիոյ կողմէ յայտնուած այս ցաւակցութիւնը իրենց գրպանը դնելէ ետք բարձրաձայն պիտի սկսին խօսիլ հատուցումներու եւ սեփականատիրութիւններու պնդումներու մասին:

Ուրեմն ի՞նչ պէտք է ընել: Երեսփոխան Լողօղլու այստեղ կը պաշտպանէ այն տեսակէտը, թէ Թուրքիա պէտք է մշակէ այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ 2015 թուականը դարձնէ ո՛չ թէ բեկման թուական, այլ` հասարակաց կէտի մը վրայ համաձայնութեան թուական: Այլ խօսքով, Թուրքիա պէտք է աշխատի, որ գտնէ կէտ մը, որուն շուրջ երկու կողմերն ալ պիտի կարենան համաձայնիլ: Թուրքիա պէտք է ցոյց տայ, որ մեր հասարակաց պատմութենէն չենք խրտչիր, հայերու թշնամի չենք, ընդհակառակը, անոնց հետ պատմական բարեկամութիւն ունինք: Այս նպատակով ալ, առանց մնալու 2015-ի երեսփոխանական ընտրութիւններու ազդեցութեան տակ, խորհրդարանը պէտք է աշխատանքի լծուի եւ որպէս առաջին քայլ` պէտք է այս մասին աշխատելու ատակ երեսփոխաններու յանձնախումբ մը կազմէ: Ուշանալը աղէտալի է: Ժամանակը արագօրէն կ՛ընթանայ եւ հետզհետէ կը նեղնայ: Ժամ առաջ պէտք է շարժման անցնիլ, որպէսզի հայկական պնդումները մղձաւանջ մը չդառնան եւ երկու հաւաքականութիւններու միջեւ բարեկամութիւն հաստատելու ճիգերը օդը չցնդին:

Նախորդը

Աթէնքի Մէջ «Թալէաթ Փաշա Կոմիտէ»-ին Սպառնալիքները Ջուրը Ինկան

Յաջորդը

Սա Ողբ Չէ, Սա Պայքար Է, Պայքար` Յանուն Ապրելու

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»
Հայ Դատ

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In