Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սեւակ Պալըքճըի Դատը Սկզբնական Փուլէն Պիտի Վերսկսի

Յունուար 21, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

12115sevagԼրագրող Հրանդ Գասպարեան «Տեմոքրաթհապեր» կայքին միջոցով կը տեղեկացնէ, թէ զինուորական պարտականութեան ընթացքին, 2011-ի ապրիլ 24-ին սպաննուած Սեւակ Շահին Պալըքճըի դատը վճռաբեկ ատեանին կողմէ ջնջուած է` սկզբնական փուլէն վերսկսելու որոշումով:

Ինչպէս ծանօթ է, Սեւակ Շահին Պալըքճը Սասունի Գոզլուք գիւղաքաղաքի ոստիկան զօրաց պահականոցին մէջ զինուորական պարտականութիւն կը կատարէր, երբ սպաննուեցաւ Քըւանչ Աղաօղլուի կողմէ: Առաջարկուեցաւ, որ Աղաօղլու դատարան ներկայացուի «գիտակցաբար մարդ սպաննել»-ու յանցանքով, մինչ Աղաօղլու իր պաշտպանողական դատին ընթացքին պնդեց, որ «արկած»-ի իբրեւ հետեւանք պատահած է այս սպանութիւնը: Ան զինուորական վճռաբեկ ատեանին դիմում կատարեց` առաջարկելով, որ իրեն տրուած չորս տարի եւ հինգ ամիս բանտարկութեան պատիժը ջնջուի:

Դատավարութեան նիստին ընթացքին Սեւակ Պալըքճըի հայրը` Կարապետ Պալըքճը, յայտնեց, որ իրենք ունին այն համոզումը, թէ իրենց որդին սպաննուած է գիտակցաբար: Ան պահանջեց, որ քննութեան եւ մեկնաբանութեան նիւթ դառնայ` «Քեզ կը սպաննեմ գիրուկս. այս քու վերջին անգամ ճաշակելիք չէօրեկը պիտի ըլլայ» խօսքը, որ սպանութեան պահուն ուղղուած էր Սեւակին:

Դատարանը այս փուլէն ետք ետդարձ ըրաւ եւ որոշեց, որ այս նիւթին մասին մինչեւ այսօր պատրաստուած թղթածրարները անտեսուին, դատը ջնջուի եւ վերսկսի:

Դէպքի ականատես վկաները դարձեալ դատարան պիտի կանչուին եւ դարձեալ պիտի հարցաքննուին:

Կ՛ըսուի, որ ականատեսներ «սուտ վկայութիւն» բերելու յանցանքով դատի տրուած են. վկաները, զանազան սպառնալիքներու ճնշումին տակ, իրարմէ տարբեր խոստովանութիւններ ըրած են, հետեւաբար դատարանը այս որոշումը տուած է:

 

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Նախագահը Այցելեց Սփիւռքի Նախարարութիւն

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?