Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արդարութեան Ձայնը… Ուրուկուէյէն

January 21, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

12115_Khemp«Մեզ համար անակնկալ չէ, բայց բացառիկ է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի այդ յայտարարութիւնը, որովհետեւ առաջին անգամ արտայայտուեց այնպիսի առաջադէմ ժողովրդավարական երկրի կողմից, ինչպիսին Ուրուկուէյն է: Պաշտօնապէս յայտարարւում է մի տեսակէտ, որը վկայում է իշխող քաղաքական ուժերի դիրքորոշումը»:

Վահան Յովհաննիսեան
Սեպտեմբեր 2011

Վերոյիշեալ հաստատումը կատարուած էր ՀՅԴ Բիւրոյի վաղամեռիկ անդամին կողմէ, Հայաստան-Ուրուկուէյ յարաբերութիւններուն նուիրուած համաժողովին ընթացքին, որ կազմակերպուած էր այդ օրերուն, Մոնթեվիտէոյի մէջ, Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութեան, Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Ուրուկուէյ-Հայաստան խորհրդարանական խումբին կողմէ:

Արդարեւ, Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարը, անդրադառնալով Արցախի հիմնահարցին, աննախադէպ յայտարարութիւն մը կատարած էր, թէ Արցախը պատմականօրէն Հայաստանի մաս է, եւ Ուրուկուէյը լրջօրէն կ՛ուսումնասիրէ պետական որոշումով համաձայնութիւն կայացնելու եւ ճանչնալու  Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:

Կիրակի, յունուար 4, 2015-ին, միեւնոյն արտայայտութիւնն է, որ կրկնեց Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոն,  նախարարութեան ներկայացուցիչներու եւ հայ համայնքի պատասխանատուներու միջեւ կատարուած հանդիպումէն ետք: Աւելի՛ն. այս առթիւ Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ մը լոյս ընծայեց, միջազգային ընտանիքին դիմելով, պատշաճօրէն ճանչնալու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը:

Տարածաշրջանին մէջ Հայ դատի հետ առնչուող այլ աննախադէպ իրադարձութիւն մը պատահած էր, հազիւ ամիս մը առաջ, երբ Պոլիվիոյ խորհրդարանը ի նպաստ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւ մը որդեգրած էր:

Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարարը մայիս 2012-ին այցելած էր Հայաստան, իսկ խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոն նոյեմբեր 2013-ին ժամանած էր Արցախ եւ երկար հանդիպումներու շարք մը ունեցած էր: Անցեալ դեկտեմբերին փոխնախագահ Տանիլօ Ասթորի իր կարգին ժամանած էր Հայաստան:

Վերջին տարիներուն Ուրուկուէյ իր վրայ կեդրոնացուցած է բոլորին ուշադրութիւնը, նոյնիսկ արեւմտեան աշխարհին` «Քորփըրէյթ ուըրլտ»ին, նկատուելով ամէնէն աւելի ազատամիտ եւ յառաջադէմ երկիրներէն մէկը, յանձին մեծ ժողովրդականութիւն վայելող լայնախոհ նախագահ Մուխիքայի (որուն պաշտօնը կ՛աւարտի մարտ 1-ին), որ կը բնակի պարզ տնակի մը մէջ, կը գոհանայ չնչին ամսականով մը եւ մնացեալ գումարը կը տրամադրէ կարիքաւոր ընտանիքներու:

Աշխարհագրական բաղդատութիւն մը կատարելով` հետաքրքրական է նշել, թէ Մուխիքայի եւ Ալմակրոյի ղեկավարած տափարակ երկրի բարձրագոյն գագաթը, հազիւ հինգ հարիւր մեթրը (շուրջ 1700 ոտք) կը գերազանցէ… բարձունք մը, որ լեռնային Արցախի ամենացած տարածքէն աւելի վար կարելի է նկատել:

… Սակայն, շնորհիւ այս ղեկավարներու գործունէութեան, անոնք եւ իրենց երկիրը կը մնան նոյնքան բարձր գագաթի վրայ, որքան` լեռնային Արցախը:

Նախորդը

Շօշափելի Ձեռքբերում ԼՂՀ Անկախութեան Ճանաչման Ճանապարհին

Յաջորդը

Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբին Նոր Ներկայացման Փորձերու Սկիզբը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Պատերազմը Խաղաղութեան Միջոց Չէ

February 25, 2026
Բաց Նամակ.  «Մէկ Ընտանիքի Պէս Ապրում Ենք Այստեղ» Յօդուաշարքին Առիթով
Անդրադարձ

Բաց Նամակ. «Մէկ Ընտանիքի Պէս Ապրում Ենք Այստեղ» Յօդուաշարքին Առիթով

February 25, 2026
Հանգիստ` Տաթեւ Սրբազանի Հոգիին
Անդրադարձ

Հանգիստ` Տաթեւ Սրբազանի Հոգիին

February 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.