Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Յունուար 21, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը
Ցաւակցութիւն Կը Յայտնէ
Սերիոժա Աւետիսեանի Մահուան Առիթով

5fYDTX7rtcexJ5phkghPLPNQUkԱւետիսեաններու ընտանիքի սպանդէն վերապրած եւ օրերէ ի վեր հիւանդանոցը գտնուող վեցամսեայ Սերիոժա Աւետիսեանի մահուան առիթով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս յղած է ցաւակցագիր մը, որուն մէջ վիշտով անդրադարձած է տղեկին կորուստին: Ան նշած է, որ կ՛աղօթէ փոքրիկին հոգիին խաղաղութեան համար:

«Միասնաբար պիտի դիմակայենք այս ողբերգութիւնը, որ ցնցեց բոլորս, նաեւ պատճառ դարձաւ տագնապներու եւ յուզումներու: Տոկունութեամբ ու խոհեմութեամբ տանինք այս վիշտը, զերծ մնանք ցնցումներէ եւ ցաւն ու սուգը յաղթահարենք առ Աստուած հաւատքով` յարգանքի մեր տուրքը մատուցանելով լուսահոգի մեր հայրենակիցներուն յիշատակին:

«Կ՛աղօթենք վերստին Աւետիսեան ընտանիքի զոհուած անդամներու հոգիներուն հանգստութեան համար, որպէսզի Տէրը արարչական Իր սիրով արժանացնէ յաւիտենական կեանքի երանութեան եւ Ս. Հոգիով մխիթարէ վշտացեալ բոլոր սրտերը»:

Աւարտին, Գարեգին Բ. կաթողիկոս յոյս յայտնած է, որ նման փորձութիւններ չկրկնուին, եւ հաւատաւոր ժողովուրդը ապրի խաղաղութեան ու ապահովութեան մէջ:

Անգնահատելի Նուէրներ`
Հալէպէն

10937720_10153141338269369_1161986453_nՅունուար 14-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը ընդունեց Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը, որուն այցելութեան նպատակն էր սփիւռքի նախարարութեան յանձնել Սօսէ Պարոնեանին նուիրատուութիւնը` ի յիշատակ իր ծնողներուն` Մովսէս եւ Մարգրիտ Պարոնեաններուն: Նախարարութեան նուիրուած 14 հնատիպ գիրքերը ոչնչացումէ փրկած ու Խարբերդէն Սուրիա հասցուցած են Ցեղասպանութենէն վերապրած անոր հարազատները:

Նախարարը երախտագիտութիւն յայտնեց արժէքաւոր նուէրին համար: «Անսահման շնորհակալ եմ Սօսէ Պարոնեանին, հայրենասէր ու ազգասէր աղջկան, որ տարիներ շարունակ պահած, պահպանած է այս մասունքները եւ Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք զանոնք հասցուցած է հայրենիք: Այս գիրքերը պիտի յանձնուին Մատենադարանին, ուսումնասիրութիւններու անսպառ աղբիւր պիտի դառնան գիտնականներուն համար: Ասիկա մեծ նուէր է, եւ այս խորհրդանշական տարուան սկիզբը անիկա կը մատուցուի հայ ժողովուրդին», յայտնեց Հ. Յակոբեան:

Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Հալէպի մէջ գործող գլխաւոր հիւպատոսութեան, Շտապ օգնութեան մարմինին, Ժիրայր Ռէյիսեանին, Հալէպի մէջ գլխաւոր հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանին, որոնց մեծ ջանքերուն շնորհիւ նուէրը հասած է Հայաստան:

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ հայրենակիցներուն դիմագրաւած խնդիրներուն ու դժուարութիւններուն: Նախարարը իր զօրակցութիւնը յայտնեց տառապող սուրիահայութեան, որ այսքան դժուար պայմաններու մէջ կը գոյատեւէ եւ կը պահպանէ իր ինքնութիւնը:

ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչները Այցելեցին
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարութիւն

IMG_9765-1Յունուար 15-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանային ներկայացուցչութեան ղեկավար Սիմոն Ուոլքենը, ղեկավարի տեղակալ, ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Քրիստոֆ Փիերուիրթը, գրասենեակի արտաքին յարաբերութիւններու եւ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Անահիտ Հայրապետեանը:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Յակոբեան ուրախութիւն յայտնած է այս այցելութեան համար, յոյս յայտնելով, որ երկկողմանի համագործակցութիւնը աւելի աշխուժանայ եւ արդիւնաւէտ դառնայ:

Սիմոն Ուոլքեն հաստատած է, որ իր ղեկավարած կառոյցը պատրաստ է կարելիութեան սահմաններուն մէջ աջակցիլ սուրիահայերուն, ինչպէս նաեւ` իրաքահայերուն եւ Ուքրանիայէն Հայաստան տեղափոխուած հայերու բնակարանային, ընկերային, առողջական, կրթական հարցերու լուծման: Քննարկուած են անոնց հիմնախնդիրներու լուծման հաւանական ուղիները, նախանշուած են հետագայ համագործակցութեան ոլորտները:

Լոյս Տեսած Է Վրէժ Սարուխանեանի
«
Էրգրականչ» Գիրքը

2712ԷրգրականչԼոյս տեսած է Վրէժ Սարուխանեանի «Էրգրականչ» գիրքը, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: Իսահակեանի անուան կեդրոնական գրադարանին մէջ տեղի ունեցած գիրքին շնորհահանդէսը:

Ան դիտել տուած է, որ երբ մարդ շատ թանկարժէք բան մը կը կորսնցնէ, անոր մէջ տարիներով, դարերով կը մխայ այդ կարօտը, եւ զայն կը կանչէ կարօտի ծանրութիւնը: Հեղինակին համաձայն, գիրքը միայն կորսնցնելու մասին չէ, այլ կոչ է, որ պահպանուի ամբողջական Հայաստանը:

Գիրքին մէջ ներկայացուած են ծանր դրուագներ Եղեռնէն: Ան նաեւ նշած է, որ «Էրգրականչ»-ին մէջ ներկայացուած են իր կողմէ ժամանակին կատարուած Եղեռնը վերապրածներուն ձայնագրութիւնները:

Երեւանի քաղաքապետի առաջին տեղակալը, որ եղած է Վրէժ Սարուխանեանին աշակերտը, գիրքը նկարագրած է իբրեւ «տաք արձակուած գնդակ»:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի Աջակցութեամբ
Աղուերանի Մէջ Կազմակերպուած Է
«
Ուիքի» Ճամբար

Armenia-_Winter_Wiki_Camp_2015_01«Վիքիմեդիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը` «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի աջակցութեամբ, 7-11 յունուար 2015-ին Աղուերանի մէջ 14-20 տարեկան պատանիներուն համար կազմակերպած է Ձմեռնային «ուիքի» ճամբար:

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ը կ’աջակցի ճամբարի կազմակերպման` ապահովելով բարձրակարգ համացանցային կապ:

Յունուար 10-ին ճամբարին մասնակիցները հայերէն ուիքիփետիան ուիքիփետիաներու ընդհանուր վարկանշային ցանկին մէջ 42-րդ դիրքէն բարձրացուցած են 41-րդ հորիզոնական:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, 2014 թուականին «Վիքիմեդիա Հայաստանը» ուիքի-ճամբար կազմակերպած էր Վանաձորի մէջ եւ անիկա իր արդիւնաւէտութեամբ գերազանցած էր համաշխարհային բոլոր ուիքի նախագիծերը. Լոնտոնի ուիքիմանիա տարեկան համաժողովին անիկա նկատուած է ուիքիմետիա լաւագոյն նախագիծը:

2015-ին «Վիքիմեդիա Հայաստանը» կը ծրագրէ կազմակերպել 4 «ուիքի» ճամբարներ, երկուքը` միջազգային:

Աղուերանի ձմեռնային «ուիքի» ճամբարի մասնակիցներուն ծախսերը հոգացած են ծնողները եւ «ուիքի» խմբագիրները:

Մայեսթրօ Թոփչեան Պիտի Ղեկավարէ
Չինաստանի Ամէնէն Նշանաւոր
Նուագախումբերէն Մէկը

Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Էդուարդ Թոփչեան 24 յունուարին պիտի ղեկավարէ Չինաստանի ամէնէն նշանաւոր նուագախումբերէն մէկը` Ուհանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը: Այս մասին գրուած է Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբի Դիմատետրի էջին վրայ:

Նուագախումբի պաշտօնական կայքին վրայ գրուած է. «2015-2016 թուականներուն ընթացքին մայեսթրօ Թոփչեանի ղեկավարութեամբ նախատեսուած են Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբին համերգները Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Լեհաստանի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Ճափոնի, Չինաստանի եւ սկանտինաւեան երկիրներուն մէջ»:

Այսուհետեւ Ամէն Ամանորի Գիշեր
Պիտի Կատարուի Նռնօրհնէք

1231nrorhnek3nrorhnek-2015Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին տնօրինութեամբ հաստատուած է օրհնութեան նոր կարգ, որուն համաձայն, ամէն Ամանորի գիշեր` ժամը 00:30-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Գոհաբանական մաղթանքի աւարտին պիտի կատարուի նռնօրհնէքի արարողութիւն: Այդ մէկը արդէն իսկ կիրարկուեցաւ այս տարի:

«Հայկական աւանդութեան մէջ նուռը` իբրեւ ազգային խորհրդանիշ, կը կրէ կեանքի, ծաղկունքի եւ առատութեան իմաստ: Քրիստոնէական խորհրդաբանութեան մէջ նուռը խորհրդապատկերն է Յիսուս Քրիստոսի հեղած արեան` խորհրդանշելով նաեւ Տիրոջ հրաշափառ յարութիւնն ու Աստուծոյ շնորհներու բազմազանութիւնը: Հայոց եկեղեցւոյ վարդապետներու եւ հայրերու մեկնութիւններուն  մէջ նուռը կը ներկայացուի նաեւ այն խորհրդաբանութեամբ, որ նռան հատիկներուն պէս եկեղեցւոյ անդամները շատ ու բազմատեսակ են, սակայն պատուած են նռան նման պինդ կեղեւով` միաւորուած ըլլալով մէկ եկեղեցւոյ մէջ:

Այս պատճառով նռան խորհրդաբանութիւնը լայնօրէն օգտագործուած է հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան, արուեստի եւ մանրանկարչութեան մէջ:

Կը յորդորենք մեր ժողովուրդը մասնակցելու Գոհաբանական մաղթանքին եւ նռնօրհնէքին», նշուած է Ս. Էջմիածնին տեղեկատուութեան գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

2014-ին 3300 Սուրիահայեր Հայաստանի
Քաղաքացիութիւն Ստացած Են

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան 25 դեկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին կատարած է նախարարութեան 2014 տարուան գործունէութեան հաշուեկշիռը: Ներկայացնելէ ետք «Հայաստան-սփիւռք» Է. համագումարի, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի, «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի, «Արի տուն» ծրագիրներու ձեռքբերումները` նախարարը նշած է, որ վերջին` «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցած է 1071 երիտասարդ եւ առաջին անգամ ըլլալով Տիգրանակերտէն անոնց միացած են 48 իսլամացած հայեր:

Հ. Յակոբեան ըսած է, որ 2014 թուականը յատկանշուեցաւ նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բռնկած հակամարտութիւններով եւ ռազմական գործողութիւններով: Այդ աղէտներուն իբրեւ հետեւանք` Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու, ուքրանահայերու, իրաքահայերու եւ այլ երկիրներէ եկած սփիւռքահայերու իրաւական, ընկերային, առողջապահական, կրթական խնդիրներուն անդրադառնալու համար նախարարութիւնը կազմակերպած է «Սփիւռքահայերու ընդելուզման գործընթացի կազմակերպում» ծրագիրը: «Եթէ 2010 թուականին 422 սուրիահայ փափաք յայտնած էր Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու, ապա 2014-ին 3300 սուրիահայեր դարձած են Հայաստանի քաղաքացիներ», ըսած է նախարար Յակոբեան:

«Կալըփ»-ի Համաձայն,
Երեւանցիները Գոհ Են Երեւանէն

1216Yerevan_coll_mix«Կալըփ»-ի հայաստանեան ներկայացուցչութիւնը հրապարակած է 9-16 դեկտեմբերին կազմակերպուած «Երեւանը` երեւանցիների աչքերով» հարցախոյզին արդիւնքները: Անոնք ընդհանուր առմամբ դրական պատկերով ներկայացած են: Ըստ պատասխաններուն, երեւանցիները հիմնականին մէջ գոհ են իրենց վիճակէն: 1066 մասնակիցներուն 63 տոկոսը վերջին տարուան ընթացքին մայրաքաղաքին մէջ կատարուած փոփոխութիւնները դրական նկատած է: 82 տոկոսը, օրինակ, գոհ է Երեւանի արտաքին տեսքէն: «Կալըփ»-ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին բացատրած է, թէ ինչպէ՛ս կատարուած է հարցախոյզը, մանաւանդ նկատի ունենալով այն, որ դրական տրամադրութիւնը բաւական տիրական է:

«Հաւանաբար դուք կապ կը հաստատէիք այն մարդոց հետ, որոնք դժգոհ են: Բայց մենք ներկայացուցչական ընտրանք կատարած ենք բոլոր դասակարգերն ու շրջանակները պահպանելով ու բոլոր համայնքները ներառելով: Այսինքն` սրանք Երեւանի պատկերը ներկայացնող տուեալներ են», ըսած է ան:

Երեւանցիները գնահատած են նաեւ քաղաքապետի եւ վարչական շրջաններու ղեկավարներուն աշխատանքը: Տարօն Մարգարեանի գործունէութիւնը 5 աստիճանէ բաղկացած արժեւորման ցանկին մէջ 4.1 ստացած է, վարչական շրջաններէն բարձրագոյն գնահատականին արժանացած են` Աւանը, Դաւթաշէնն ու Կենտրոնը, իսկ ամէնէն ցածին` Նուբարաշէնն ու Աջափնեակը:

Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Վահէ Նիկոյեան, որ ներկայ էր արդիւնքներու հրապարակման, յայտնած է, որ արդիւնքները ընդհանուր առմամբ գոհացուցիչ են, իսկ այն հարցերը, որոնք կը յուզեն երեւանցիները, համահունչ են քաղաքապետարանի ծրագիրներուն: Օրինակ, աղբահաւաքման հարցը, ըստ Նիկոյեանի, 1 տարի ետք արդէն պիտի դադրի հարց ըլլալէ:

«Մէկ ամիս է, ինչ նոր ընկերութիւնը մուտք է գործել, ընդամէնը մէկ համայնքում, բայց գործունէութիւնն արդէն տեսանելի է: Վստահ եմ, որ մայրաքաղաքի բնակիչները 1 տարի յետոյ աղբահանութիւնը որպէս յուզող խնդիր չեն նշելու»:

Հասարակական փոխադրութեան վերաբերող հարցումներուն պատասխաններէն ի յայտ եկած է, որ երեւանցիները աւելի գոհ են պասերէն, քան երթուղայիններէն, իսկ ընդհանուր առմամբ այս տարի հասարակական փոխադրամիջոցներէն դժգոհողներուն թիւը նուազած է:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Խորէն Ա. Կաթողիկոսի Յոբելինական Հանդիսութիւնը Եւ Գարեգին Բ. Աթոռակից Կաթողիկոսի Ընտրութիւն Ու Օծումը

Յաջորդը

Սեւակ Պալըքճըի Դատը Սկզբնական Փուլէն Պիտի Վերսկսի

RelatedPosts

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?