Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.. Տագնապի Ծանր Լուծը Մեզ Չէ Ընկրկած Պահանջատէ՛ր Ենք

Յունուար 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զ. Պ.

2015-ը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է ու թէեւ շրջադարձային տարի է, սակայն շարունակութիւնն է հայ ժողովուրդի 99 տարիներու աննահանջ պայքարին:

Հարիւրամեակը առիթ մըն է համահայկական մեր ուժերը գերլարելու եւ աշխարհաքաղաքական նոր տուեալներու, քարոզչական ժամանակակից միջոցներու, քաղաքական նոր լծակներու օգտագործմամբ ու մանաւանդ արդի մտածողութեամբ, համախմբուած ճիգերով նոր հնչեղութիւն տալու պահանջատիրական մեր պայքարին:

Որպէս սուրիահայեր` առաւել մեծ աշխատանք ունինք տանելու այս ծիրին մէջ, որովհետեւ Սուրիան վկայարանն է Հայոց ցեղասպանութեան, իսկ սուրիահայութիւնը 100 տարի անց, այս հողերուն վրայ անգամ մը եւս ականատեսը կ՛ըլլայ թրքական նոյնանման բարբարոսութեան, ատելավառ ու այլամերժ նոյն քաղաքականութեան` ոչ միայն հայ, այլեւ արաբ ժողովուրդին նկատմամբ: Սուրիահայութիւնը անգամ մը եւս կը ստիպուի տարտղնուելու վտանգին դէմ պայքարիլ ու կենաց մահու կռիւ մղել:

100 տարի անց նոյնանման բարբարոսներ կը սպառնան նաեւ արծուեբոյն մեր Արցախին` ոգեւորուելով անպատիժ մնացած իրենց ցեղակիցներու վարքագիծէն:

Բայց ի՜նչ փոյթ, երբ հայոց բանակի մեր հերոսները ուխտած են տէր կանգնիլ անառիկ մեր ամրոցին:

Ի՜նչ փոյթ, երբ Սուրիոյ մէջ ողջ համայնք մը, տուայտանքովն անգամ, ուխտած է մաքառիլ` յանուն հայրենամերձ այս տարածքներուն մէջ իր գոյերթի, իր հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման:

Ի՜նչ փոյթ, երբ մոխիրներէն յառնած հայութիւնը ազատ ու անկախ իր զոյգ հայրենիքներով, սփիւռքի բոլոր հատուածներով կ՛ապրի, կը շարունակէ արարել ու, հակառակ բոլոր փորձութիւններուն, քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ իր ուրոյն տեղը պահպանելով պայքարիլ` յանուն իր արդար իրաւունքներու ձեռքբերման:

Միասնական մեր պայքարին դիմաց թշնամին լուռ չէ կանգնած. ան իր հակաքարոզչական կարելիութիւնները լարած է` իր յօրինած խաբկանքներուն գերին դարձնելու ողջ աշխարհը:

Ուստի 2015-ին, որպէս սուրիահայեր, միանալով համայն հայութեան պայքարին, կոչուած ենք յիշելու, յիշեցնելու եւ պահանջելու մեր արդար իրաւունքները: Այս իմաստով յատուկ ուշադրութեան պէտք է արժանացնենք.-

– Մեր վարժարաններու եւ միութիւններու դաստիարակչական ծրագիրներուն, անոնց կազմակերպած ձեռնարկներուն մէջ պատմական մեր հայրենիքին, Հայոց ցեղասպանութեան եւ մեր արդար Դատին առնչուող նիւթերուն առաւել շեշտադրումը:

– Համալսարանական շրջանակներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուող դասախօսութիւններու, ցուցահանդէսներու կազմակերպումն ու վաւերական ժապաւէններու ցուցադրութիւնը:

– Տեղացի մտաւորական խաւին այդ աշխատանքներուն մէջ ներգրաւումը:

– Սուրիական լրատուամիջոցներու եւ պատկերասփիւռի կայաններու հետ գործակցութիւնը:

– Դիւանագիտական մեր աշխատանքներու գերլարումը:

– Համացանցային դաշտին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցերուն եւ Հայ դատին առնչուող տարբեր լեզուներով նիւթերու տարածումը:

Մեր կարգին, որպէս հայկական մամուլ, 100-ամեակին վերաբերող լուրերուն եւ տարուող աշխատանքներուն լուսաբանումէն անդին, կոչ կ’ուղղենք մեր յօդուածագիրներուն, լրագրողներուն, աշխատակիցներուն միասնաբար աշխատելու` լուսարձակի տակ առնելու թրքական հակաքարոզչութիւնն ու մեր ներդրումը բերելու տեղեկատուական դաշտի անվտանգութեան պահպանման յոյժ կարեւոր աշխատանքին: Անհրաժեշտ է զերծ պահել հայ ընթերցողն ու լրագրողը թրքական հակաքարոզչութեան ծուղակներէն, մերթ ընդ մերթ անտեղեակութեան պատճառով թրքական գաղափարներու վերարտադրման վտանգաւոր երեւոյթէն եւ վերջապէս հայ ժողովուրդի արդարութեան ձայնը լսելի դարձնել ներքին ու մանաւանդ արտաքին լսարաններուն:

Նոր տարին կը դիմաւորենք` անսալով մեր 1.5 միլիոն նահատակներու արեան կանչին, վառ պահելով մեր ժողովուրդի ազատութեան ու բարեկեցութեան համար մաքառած նժդեհներու, թաթուլներու, շահէններու, եւ, վերջապէս, յովհաննիսեաններու ջահը, մայրամուտները կանխելու եւ արշալոյսներ կերտելու անխախտ հաւատքով:

 

 

Նախորդը

Դոկտոր Զաւէն Մսըրլեան` Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ակադեմիայի Արտասահմանեան Անդամ

Յաջորդը

100-Ամեակ. Ցեղասպանութիւնը Կը Շարունակուի

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?