ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոս, յառաջացած տարիքի եւ առողջական պատճառներով, 20 յունուար 1977 թուակիր կոնդակով ցանկութիւն յայտնեց իր կողքին ունենալ աթոռակից կաթողիկոս մը, որուն յանձնելու էր կաթողիկոսական գործունէութիւն ու պատասխանատուութիւն:
Միաբանութիւն եւ Ազգային կեդրոնական վարչութիւն ընդառաջեցին վեհափառ հայրապետի կամքին եւ 22 մայիս 1977-ին պատգամաւորական ժողով հրաւիրեցին Անթիլիասի մէջ, ընտրելու աթոռակից կաթողիկոսը:
1977-ին կը լրանար վեհափառին քահանայական ձեռնադրութեան քառասնամեակը, եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան խառն ժողովը որոշեց արժանավայել շուքով տօնակատարել վեհափառին հոգեւորական ծառայութեան այդ յատկանշական հանգրուանը:
Խորէն Ա. կաթողիկոս 16 մայիս 1977-ին այցելեց նախագահ Իլիաս Սարգիսի, անոր պաշտօնապէս տեղեկացնելու համար աթոռակից կաթողիկոսի ընտրութիւնը:
Խորէն Ա. վեհափառի քահանայական ձեռնադրութեան քառասնամեակին առիթով «Ազդակ» 21 մայիս 1977-ի թիւով եւ «Բազմաբեղուն վաստակ» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ վարդապետ իր ձեռնադրութենէն սկսեալ, համակ նուիրում եղաւ Խորէն Ա. վեհափառին կեանքը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ամրապնդումն ու յառաջդիմութիւնը տեւական խանդ մը եղան վեհափառ հայրապետին համար, որ ոչ մէկ ճիգ չխնայեց, այլեւ` մաշեցաւ իբրեւ մարդ այդ նպատակին հասնելու ճամբուն վրայ:
*
* *
16 մայիս 1977-ին կ՛ամբողջանար Խորէն Ա. վեհափառին քահանայական ձեռնադրութեան քառասնամեակը:
Շաբաթ, 21 մայիսի առաւօտուն, Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, Թեհրանի հայոց առաջնորդ Արտակ սրբազանի մատուցած սուրբ պատարագով սկսաւ յոբելինական հանդիսութեանց շարքին բացումը:
Կիրակի, 22 մայիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Թէաթր Տիւ Լիպանի մէջ տեղի ունեցաւ յոբելինական շքեղ հանդիսութիւնը:
ՀՄԸՄ-ի սկաուտները կը հսկէին սրահի կարգապահութեան, իսկ Լիբանանի թեմի յոբելինական գործադիր մարմինը ստանձնած էր ձեռնարկին կազմակերպումը:
Յոբելինական յայտագիրին գործադրութիւնը սկսաւ Գէորգ Գանտահարեանի ղեկավարած մայր տաճարի «Շնորհալի» երգչախումբի լիբանանեան քայլերգով, որուն հետեւեցաւ Ազգային օրհներգի մեկնաբանութիւնը:
Լիբանանի թեմի Ազգային իշխանութեան անունով հանդիսութեան բացումը կատարեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ սրբազան, որ իր խօսքին մէջ յոբելեար հայրապետին մաղթեց առողջութիւն եւ երկար կեանք, որպէսզի կարենայ տեսնել հայ եկեղեցւոյ միութեան եւ հայ ժողովուրդի նուիրական նպատակադրումներու իրականացումները:
Բացման խօսքէն ետք «Շնորհալի» երգչախումբը ապրումով մեկնաբանեց «Կիլիկիա» ազգայնաշունչ եւ «Ետեւէս եկուր» կրօնաբոյր երգերը:
Ապա բեմ բարձրացաւ Յ. Գեղարդ, որ ներկայացուց Խորէն Ա. կաթողիկոսի կեանքին հոլովոյթը եւ զոհողութեան անսակարկ ոգին:
«Խորէն Ա. կաթողիկոս` հանրային գործիչը» նիւթով հանդէս եկաւ տոքթ. Եղիկ Գոնեալեան, որ վեր առաւ յոբելեար հայրապետին կեանքին անհատական ու ազգանուէր հանգրուանները:
Ապա բեմ բարձրացաւ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գարեգին արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, որ ներկայացուց ժողովուրդին հետ` ժողովուրդին համար անսակարկ նուիրաբերուող, հայ դպրոցին եւ հայեցի կրթութեան եւ անոնցմով իմաստաւորուող` ազգային-քաղաքական հայկական արդար դատին գործնապէս քաջալեր հանդիսացող եւ միջեկեղեցական սիրալիր եւ դրական յարաբերութիւններ մշակող Խորէն Ա. կաթողիկոս հոգեւորականը:
«Շնորհալի» երգչախումբին «Ազգ փառապանծ» եւ «Մաղթերգ հայրապետական» երգերու կատարումէն ետք, Խորէն վեհափառ արտասանեց յոբելեարի իր խօսքը եւ ըսաւ. «Ինչ որ եղանք եւ ինչ որ ըրինք, ամբողջութեամբ կը պարտինք հայոց սուրբ եկեղեցիին»:
*
* *
Աթոռակից կաթողիկոսի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ նոյն օրը, կէսօրէ ետք: Ժամը 3-էն սկսեալ ժողովուրդը արդէն իսկ հաւաքուած էր կաթողիկոսարան, մօտէն հետեւելու համար կատարուելիք ընտրութեան: Ոստիկաններ ստանձնած էին կաթողիկոսարանի ապահովութեան հսկողութիւնը:
Ժամը 4:15-ին, մայր տաճարի զանգերու ղօղանջին հետ, թեմ առ թեմ խմբուելով, պատգամաւորական կազմերը ուղղուեցան դէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճար եւ տեղ գրաւեցին տաճարի նաւուն աջ ու ձախ կողմերը շարուած աթոռներուն վրայ: Սուրբ Էջմիածին կը մասնակցէր երկու պատգամաւորներով: Պահ մը ետք, Խորէն Ա. կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, թեմակալ առաջնորդները եւ միաբանական պատգամաւորները մուտք գործեցին եւ տեղ գրաւեցին դասերուն կեդրոնը, խորանին առջեւ, դէմքերը ուղղած դէպի տաճարին մուտքը, ուր հաստատուած էր դիւանի սեղանը:
Ժամը 4:45-ին, Խորէն Ա. կաթողիկոսի տէրունական աղօթքով կատարուեցաւ ազգային պատգամաւորական ժողովին բացումը:
Վեհափառ հայրապետին հրաւէրով պատգամաւորներուն երիցագոյն եւ կրտսերագոյն անդամներով կազմուեցաւ առժամեայ դիւանը:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ մնայուն դիւանի ընտրութիւնը. ատենապետ` մեթր Խաչիկ Պապիկեան, ատենադպիր` Երուանդ Փամպուքեան: Դիւանը նախ կատարեց ժողովին պաշտօնական բացումը եւ իր կողմէ կրկնեց ներկաներու ստուգումը:
Ապա խօսք տրուեցաւ Խորէն Ա. կաթողիկոսին, որ հայրապետական իր թելադրութիւնները ուղղեց պատգամաւորներուն, ինչպէս նաեւ իր բաղձանքները` նորընտիր աթոռակից կաթողիկոսին: «Հայրական կոչ կ՛ուղղենք ամէնուդ անխտիր որ առաջնորդուած ազգին ու եկեղեցիին գերագոյն շահերէն, ձեր քուէները կեդրոնացնէք արժանաւորներուն մէջ յարմարագոյնին վրայ», ընդգծեց վեհափառը:
Խորէն Ա. կաթողիկոսի պատգամին ընդառաջելով եւ ժողովին անունով, դիւանին կողմէ մեթր Խաչիկ Պապիկեան առաջարկեց բանաձեւ մը որդեգրել, ուր կ՛ըսուէր. «Ազգային պատգամաւորական ժողովը, ընդառաջելով վեհափառ հայրապետի փափաքին, կ՛որոշէ ընտրել կաթողիկոսական աստիճանին եւ պաշտօնին ամբողջական իրաւունքներով օժտուած աթոռակից կաթողիկոս մը` որ պարտականութիւն պիտի ունենայ վարելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռին եւ անոր թեմերուն գործերն ու ազգային եկեղեցական կեանքը»:
Ժողովը, միաձայնութեամբ ընդունելէ ետք դիւանին առաջարկը, անցաւ աթոռակից կաթողիկոսի ընտրութեան աշխատանքներուն:
Ժամը 6:30-ին կատարուեցաւ առաջին քուէարկութիւնը, իսկ երկրորդ քուէարկութեամբ, ժամը 7:15-ին, 165 քուէներու վրայ 151 ձայնի վստահութեան արժանանալով` Գարեգին արքեպիսկոպոս Սարգիսեան ընտրուեցաւ աթոռակից կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:
Մայր տաճարին զանգերը սկսան ղօղանջել եւ աւետել Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոսի ընտրութիւնը:
Խօսք առաւ Խորէն Ա. կաթողիկոս եւ շնորհաւորեց իր աթոռակիցը: Ապա, հանդիսաւոր կերպով կաթողիկոսական մատանին անցուց նորընտիր կաթողիկոսի աջին: Այնուհետեւ Գարեգին Բ. աթոռակից արցունքոտ աչքերով հայրապետական իր առաջին խօսքը ուղղեց ներկաներուն:
*
* *

Աթոռակից կաթողիկոսի օծումը կատարուեցաւ կիրակի, 29 մայիս 1977-ին: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն ժողովուրդը փութացած էր վանք: Կաթողիկոսարանի շրջափակը յանձնուած էր ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն եւ արենոյշներուն հոգածութեան:
Ժամը 9:00-ին, առաւօտեան ժամերգութեան հասաւ իր աւարտին: Ժամը 9:30-ին զանգերը սկսան ղօղանջել եւ եկեղեցական շքախումբը վեհարանէն յառաջացաւ դէպի մայր տաճար:
Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս, զգեստաւորուած` հայրապետական ծիրանեգոյն ոսկեթել զգեստով, կը քալէր կարմիր ամպհովանիի մը ներքեւ, «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ, շրջապատուած` հոգեւորական դասով: Ժողովուրդը խանդավառութեամբ ու ծափահարութեամբ կ՛ողջունէր թափօրը:
Պատարագիչը օծելի հայրապետն էր: Իրեն կը սպասարկէին Վարդան ծ. վրդ. Տէմիրճեան եւ Մեսրոպ ծ. վրդ. Աշճեան: Կողքին կը քալէր արարողապետ Սուրէն ծ. վրդ. Գաթարոյեան:
Խորէն Ա. կաթողիկոսի կողքին, եպիսկոպոսական դասը բարձրացաւ խորան, կատարելու համար օծումը:
«Ընտրեալն Աստուծոյ» շարականին կատարումով սկսաւ օծումին ծիսական բաժինը:
Մինչ խորանին վրայ օծումի արարողութիւնը կը կատարուէր, պետական եւ պաշտօնական հիւրերն ու պատուիրակութիւնները սկսան վանք ժամանել: Գլխաւոր հիւրն էր նախագահ Իլիաս Սարգիսի ներկայացուցիչ վարչապետ Սելիմ Հըս:
Ժամը 10:10-ին Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս կատարեց կաթողիկոսական օծման իր ուխտ աղօթքը: Ան խոստացաւ Առաջի Աստուծոյ, Սուրբ խորանի եւ ժողովուրդին ըլլալ աստուածատիպ օրինակ, հովուելու համար իրեն յանձնուած բանաւոր հօտը:
Ապա Խորէն Ա. կաթողիկոսին եւ հանդիսադիր եպիսկոպոսներուն հետ միասին Գարեգին Բ. դարձաւ դէպի արեւմուտք եւ ծնկաչոք բազկատարած աղօթեց, մինչ եպիսկոպոսական դասը կ՛աղօթէր, հաստատելով թէ արժանի է ընտրեալ կաթողիկոսը:
«Շնորհալի» երգչախումբը կը կատարէր պատարագի երգեցողութիւնը:
Եպիսկոպոսներ երգեցին «Աստուած մեծ եւ սքանչելագործ» ձայնաւոր քարոզը, իսկ Ղեւոնդ սրբազան կարդաց «Տէր Աստուած Արարիչ» աղօթքը:

Աղօթքի աւարտին Խորէն Ա. կաթողիկոս բարձրացուց սրբալոյս միւռոնի աղաւնին եւ «Առաքելոյ աղաւնոյ» շարականի խորհրդաւոր երգեցողութեամբ, երեք տուն շարականին հետ երեք կաթիլ սրբալոյս միւռոնով օծեց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Ներկայ եպիսկոպոսները իրենց բութ մատներով եւ ճառագայթաձեւ խաչի նշանով օծեցին գագաթը` «Օրհնեսցի, օծցի եւ սրբեսցի գագաթն Տէր Գարեգին կաթողիկոսին» բանաձեւով: Ապա հայրապետական ոսկեթել քօղը դրին նորօծ կաթողիկոսի գլխուն վրայ, աջ կողմէն ալ կապեցին կոնքեռը:
Աւետարանի ընթերցումէն ետք, «ողջոյն»-ի պահուն խորէն Ա. կաթողիկոս եւ սրբազան եպիսկոպոսները կարգաւ մօտեցան եւ համբուրեցին վեհափառ աթոռակիցին միւռոնաբոյր օծաւէտ գլուխը:
Ժամը 11:15-ին Գարեգին Բ. տուաւ հայրապետական իր անդրանիկ քարոզը.
– «Սիմովն Յովնանու, սիրե՞ս զիս:
– Այո՛, Տէր, եւ դու գիտես զի սիրեմ զքեզ»:
Աթոռակից կաթողիկոսը անդրադարձաւ իր ուսերուն ծանրացող պատասխանատուութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աստուածային սիրով եւ ազգային նուիրումով լծուիլ այդ դժուարին առաքելութեան:
Քարոզէն ետք Խորէն Ա. կաթողիկոս եւ պաշտօնական հիւրերը դուրս ելան տաճարէն եւ բարձրացան վեհարան, մինչ աթոռակից կաթողիկոսը շարունակեց սուրբ պատարագը:
Ժամը 12:30-ին, յաւարտ սուրբ պատարագի, Գարեգին Բ. աթոռակից կաթողիկոս իր կարգին դուրս եկաւ տաճարէն. թափօրը անգամ մը եւս կազմուեցաւ օծեալ հայրապետը առաջնորդելու համար վեհարան:
Տաճարէն դուրս գալու պահուն աղաւնիներ թռցուեցան ի նշան սիրոյ եւ խաղաղութեան: Ամպհովանիի ներքեւ համրաքայլ յառաջացող կաթողիկոսը արժանացաւ ժողովուրդի խանդավառ ծափերուն. շատեր, ճեղքելով սկաուտներու եւ արենոյշներու հաստատած կարգապահական շղթան, մօտեցան եւ համբուրեցին վեհափառին աջը:
Վեհարանի մուտքին, աստիճաններուն վրայ թափօրը կանգ առաւ: Գարեգին Բ. դարձաւ բազմահազար ժողովուրդին եւ հայրապետական օրհնութեան իր աղօթքը կատարեց, որուն հետեւեցաւ «Կիլիկիա» երգը, ժողովրդային կատարումով:
Վեհարանի դահլիճին մէջ երկու հայրապետները սրտագին ողջագուրուեցան: Պետական եւ եկեղեցական հիւրեր շնորհաւորութիւններ յայտնեցին:
Պաշտօնական հիւրերու մեկնումէն ետք դահլիճը ողողուեցաւ մարդկային հեղեղով: Ժողովուրդը երկար ու խռնուած շարքերով համբուրեց նոր կաթողիկոսին աջը: