Յունուար 14-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին նախագահ Գասպար Կարապետեանը: Ան 2012 թուականէն ստանձնած է Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին նախագահութիւնը:
Հայաստանի սփիւռքի նախարարը կարեւոր նկատեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին ազգանպաստ գործունէութիւնը, մեծ ներդրումը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին մէջ:
Տեսակցութեան ընթացքին քննարկուեցան 2015-ի միացեալ ծրագիրներն ու հետագայ կատարելիքները, Եւրոպայի մէջ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու կազմակերպական հարցերը: