Պիթլիսի նահանգապետ Օրհան Էօզթիւրք ի վերջոյ հաստատած է Պիթլիսի փողոցներէն մէկը Ուիլիըմ Սարոյեանի անունով վերանուանելու որոշումը:
Ան ստորագրած է որոշումներ, զորս ընդունած էր Պիթլիսի քաղաքապետարանը` կարգ մը փողոցներ եւ թաղամասեր վերանուանելու մասին: Անոնցմէ մէկը կը վերաբերի Ուիլիըմ Սարոյեանի անուան փողոցին:
Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ, Պիթլիսի քաղաքապետական խորհուրդը ձայներու մեծամասնութեամբ որոշած էր Սափքոր փողոցը, ուր ապրած էր Սարոյեաններուն ընտանիքը, վերանուանել Ուիլիըմ Սարոյեանի անունով: