Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աթէնքի Մէջ «Թալէաթ Փաշա Կոմիտէ»-ին Սպառնալիքները Ջուրը Ինկան

Յունուար 21, 2015
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

talat-pasa-komitesi-logo«Ազատ Օր» – Հակահայ գործունէութեամբ ծանօթ դարձած տխրահռչակ «Թալէաթ փաշա կոմիտէ»-ն, որ քանի մը առիթներով սպառնալիքներ ուղղած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակիլ ոգեկոչումները խանգարելու միտումով, այս անգամ նոր յղացում մը ունեցաւ` Աթէնքի մէջ հաւաքուելու եւ Յունաստանի խորհրդարանի շէնքին առջեւ հաւաք մը կազմակերպելու, մերժելով երկրի օրէնք դարձած խորհրդարանի որոշումը, որ քրէական յանցանք կը նկատէ հայոց, յոյներու եւ Փոքր Ասիոյ քրիստոնեայ ժողովուրդներու դէմ գործուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը:

Սինտաղմայի հրապարակին վրայ նախանցեալ ուրբաթ կէսօրին նախատեսուած հաւաքին մասնակցելու համար Թուրքիայէն օդանաւով ճամբայ ելաւ 20 հոգի` գլխաւորութեամբ կազմակերպութեան ղեկավար Իսմայիլ Հաքքը Փեքինի, որպէսզի մամլոյ ասուլիս մը սարքեն խորհրդարանի շէնքին առջեւ:

Յունաստանի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբը, տեղեակ ըլլալով այս հաւաքի մասին, որոշեց ներկայ ըլլալ եւ արգիլել նման ձեռնարկի մը կազմակերպումը, որ հակահայ իր բնոյթէն անդին` նպատակ ունէր գրգռել եւ անարգել յունական պետութիւնը: ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի քանի մը տասնեակ ընկերներ կանուխէն համախմբուեցան Սինտաղմայի հրապարակին վրայ` կտրուկ մերժելով Յունաստանի մայրաքաղաքի եւ ազատ ու ժողովրդավար երկրի մը խորհրդարանին առջեւ նման ցեղապաշտական ձեռնարկի մը կազմակերպումը:

Ինչպէս շուտով յայտնի դարձաւ, «Թալէաթ փաշա կոմիտէ»-ի անդամները, ժամանած ըլլալով Աթէնք, տեղեակ պահուեցան, թէ հայութեան ներկայացուցիչներ ներկայ են արդէն Սինտաղմայի հրապարակին վրայ` իրենց մամլոյ ասուլիսին հակազդելու նպատակով: Այս եղելութեան լոյսին տակ, տեսնելով, թէ երկրի օրէնքը հեգնելու եւ հայութեան դէմ հալածանքի ու սպառնալիքներու իրենց նպատակը դժուար իրագործելի պիտի ըլլար, հանդիպելով հակազդեցութեան եւ բախումներու, ենթարկուելով ոստիկանութեան ցուցմունքին, անոնք վերադարձան օդակայան եւ անկէ անմիջապէս մեկնեցան  Թուրքիա:

Յոխորտանքներով եւ սպառնալիքներով Թուրքիայէն ճամբայ ելած «Թալէաթ Փաշա կոմիտէ»-ին անդամները Աթէնք ժամանեցին` լեցուած թրքական ամբարտաւանութեամբ, բայց շուտով մեկնեցան` պարապ ձեռքերով եւ պարտութիւն մը ճաշակած ըլլալու դառնութեամբ:

 

 

Նախորդը

Պիթլիսի Նահանգապետը Հաստատեց Փողոց Մը Ու. Սարոյեանի Անունով Անուանելու Որոշումը

Յաջորդը

Թուրք Երեսփոխան Լողօղլուի Համաձայն, 2015-ը Բեկման Կէտ Մը Պէտք Չէ Ըլլայ Թուրքերու Եւ Հայերու Միջեւ. Հարիւրամեակը Լուրջ Խնդիրներ Կրնայ Ստեղծել Թուրքիոյ Համար, Եթէ Ճիշդ Մօտեցում Ցոյց Չտրուի

RelatedPosts

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի
Հայ Դատ

Արցախի Մասին Հայ Դատի Յանձնախումբի Պատրաստած Թղթածրարը Յանձնուեցաւ Քանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Հարժիթ Սաճճանի

Մարտ 12, 2020
Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ.   «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»
Հայ Դատ

Կլոր Սեղան Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Մէջ. «Հայութիւնը Ներկայ Աշխարհաքաղաքական Եւ Ներազգային Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման»

Յունուար 23, 2017
Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ
Հայ Դատ

Նիքոլա Սարքոզի Հանդիպում Ունեցաւ Փարիզի Եւ Լիոնի Շրջանի Հայութեան Հետ

Նոյեմբեր 19, 2016

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In