Աբօ Ունանեանի Յիշատակին
Իւրաքանչիւր ընկերոջ կորուստ մեծ ցաւ է մեզի համար, այդ պատճառով ալ կ՛ուզենք մեր յարգանքի տուրքը մատուցել: Աւելի քան ամիս մը առաջ Սիս շրջանը կորսնցուց իր հաւատաւոր ընկերներէն Աբօ Ունանեանը: Բոլորին ծանօթ պարտաճանաչ Աբօ Ունանեան կանուխ տարիքէն անդամակցած եւ երկարատեւ ծառայութիւն մատուցած է իր պատկանած կուսակցութեան: Քաջ գիտէր, թէ ՀՅԴ-ի ճամբով կրնար ժողովուրդին կարիքներուն հասնիլ: Ան երբեք չվարանեցաւ եւ Լիբանանի քաղաքացիական...



















