Յօդուածներ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Թուական… Եւ Թուային Խեղաթիւրում

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թուական… Եւ Թուային Խեղաթիւրում

Վերջին տարիներուն սովորութիւն դարձած է, որ հազիւ փետրուար ամիսը մուտք գործած` ազերի քարոզչական մեքենան գործի կը լծուի եւ Խոճալուի գծով սուտ ու փոյթ փաստեր եւ շինծու լուսանկարներ ցուցադրելով, կը փորձէ համոզել, թէ փետրուար 25-26, 1992-ին, անմեղ ազերիներ ջարդուած են, որոնց թիւը կրնայ գերազանցել երկու հարիւրը: Անշուշտ այս մէկը միակողմանի կարծիք է եւ Պաքու երբեք չ՛ուզեր դարձնել մետալին միւս կողմը եւ...

«Կալիփոլիի Հարիւրամեակը Հայոց Ողջակիզումը Ծածկելու Ամօթալի Փորձ Է», Կը Յայտնէ Ռոպըրթ Ֆիսք

«Կալիփոլիի Հարիւրամեակը Հայոց Ողջակիզումը Ծածկելու Ամօթալի Փորձ Է», Կը Յայտնէ Ռոպըրթ Ֆիսք

Երբ աշխարհի պետութիւններու առաջնորդները, ներառեալ` Մեծն Բրիտանիոյ արքայազն Չարլզը եւ Աւստրալիոյ ու Նոր Զելանտայի վարչապետները, ապրիլին թրքական կառավարութեան հրաւէրով հաւաքուին Կալիփոլի` յիշատակելու Ա. Աշխարհամարտի այդ ճակատամարտը, մէկ ու կէս միլիոն սպաննուած քրիստոնեայ հայերու ուրուականները պիտի քալեն անոնց հետ: Բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» պարբերականի յօդուածագիր Ռոպըրթ Ֆիսք յատուկ յօդուած մը հրապարակած է «Կալիփոլիի հարիւրամեակը Հայոց ողջակիզումը ծածկելու ամօթալի փորձ է» խորագիրով, ուր...

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 3). Դպրեվանքէն` Դպրեվանքին

ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ Ահա՛ աղբիւր մը, ուրկէ մարդ կը հոսի, սակայն ո՛չ թէ սոսկ ողողելու համար մեր կեանքը, այլ` ոռոգելու: Պատմութեան ընթացքին անհաշիւ կրթական հաստատութիւններ, կրօնական եւ աշխարհիկ, որոնք մարդ կազմաւորելու եւ զայն ընկերութեան կեանքին նուիրաբերելու առաքելութիւնը ունէին իբրեւ մարդահոս աղբիւրներ, երբեմն դադրած են հոսելէ, երբեմն «ջուր»-ի տկար հոսք են ունեցած, եւ կամ` պարագաներու բերումով ու բռնութեան պատճառոով կասեցուած են...

Ալին Գամագեան Կ՛արժանանայ «Տարուան Կին Գործարարը» Մրցանակին

«Պէ. Էլ. Սէ.» դրամատան նախաձեռնութեամբ, 3-րդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցող «Պրիլիյընթ Լիպենիզ աուըրտզ» (Պէ. Էլ. Սէ.) մրցանակաբաշխութիւնը կայացաւ շաբաթ, 13 դեկտեմբեր 2014-ին «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ: Իր տեսակին մէջ Լիբանանի տարածքին աննախընթաց այս մրցանակաբաշխութիւնը կը միտի պատուել կին եւ տղամարդ այն գործարարները, որոնք տարբեր բնագաւառներու մէջ յատկանշական յաջողութիւն արձանագրած են` անոնց տալով նիւթական պարգեւներ: Մրցանակը բաղկացած է երկու բաժինէ` «Տարուան...

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ.  Դասախօսութիւն` «Ինչպէ՞ս Մարմինը Թոյներէ Մաքրել Սննդականոնով» Նիւթով

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ինչպէ՞ս Մարմինը Թոյներէ Մաքրել Սննդականոնով» Նիւթով

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 28 յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Ինչպէ՞ս մարմինը թոյներէ մաքրել սննդականոնով» նիւթով, զոր ներկայացուց սննդագէտ Մարիա Թէքէեան: Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց Սոնա Եափուճեան` վկայակոչելով բժշկութեան հայր Հիփոքրաթի այն խօսքը, թէ «ուտելիքը թող ըլլայ դեղդ»: Բանջարեղէններու եւ...

Ակադեմական Ումիթ Քուրթ Կ՛այցելէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարան

Ակադեմական Ումիթ Քուրթ Կ՛այցելէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարան

Ակադեմական Ումիթ Քուրթ, որ հիւրաբար Պէյրութ կը գտնուի` անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած «Թրքական տեղական իշխանութեանց պատասխանատուութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մէջ. Այնթապի հայութեան տեղահանութիւնն ու բնաջնջումը» խորագրեալ շահեկան դասախօսութիւնը եւ այդ նիւթով համագումարը ներկայացնելու նպատակով, տնօրէնութեանս հրաւէրով այցելեց մեր վարժարանը, երկուշաբթի, 26 յունուար 2015-ին: Տնօրէնութեան հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցաւ այնթապցի արմատներ ունեցող հայերու պատմութիւնը եւ մինչեւ օրս հոն գտնուող հայկական կալուածներու հարցը:...

Դէպի Հայքեան Բեղուն Փորձառութիւն

Մեր Խօսքը. «Դէպի Երկիր Վարժանքի Ծրագիր»

Անցեալ տարեշրջանին հիմը դրինք «Դէպի Հայք» (ԴՀ) հիմնադրամին հետ գործակցութեան: Այս էջով կ՛ուզենք անդրադառնալ ԴՀ ծրագիրին ու ԶՈՄ-ի դերին` «Դէպի Երկիր վարժանք ծրագիր»-ին մեր առաջին մասնակիցներուն վկայութիւններն ու տպաւորութիւնները բաժնելով ընթերցողին հետ: Նախ երկու խօսք` «Դէպի Հայք»-ին մասին: Հիմնադրամին առաքելութիւնն է զարգացնել եւ ամրապնդել հայրենիքի ու սփիւռքահայ երիտասարդներուն միջեւ կապերը` վերջիններուս հնարաւորութիւն տալով մասնակցիլ Հայաստանի առօրեայ կեանքին եւ ներդրում ունենալ...

Դէպի Հայքեան Բեղուն Փորձառութիւն

Սպասելով Այն Օրուան, Երբ Ա՛լ Ցտեսութիւն Պիտի Չըսեմ…

ՆԱԶՕ ԳԷՈՐԳԵԱՆ Այնքան ալ դիւրին չէ առարկայականօրէն գրել փորձառութեան մը մասին, որ իր տարբեր երեսներով ու ծալքերով, անկեղծ ապրումներու, կարճատեւ, բայց գրեթէ ամէնօրեայ հաճոյքներու, մարմնացող սիրոյ եւ գոհունակութեան զգացումներով այնքա՜ն նշանակալի ազդեցութիւն պիտի ունենար վրաս: *** Առտու կանուխ է` 7:30: Մարդիկ տակաւին կը քնանան, աշխատանքի ժխորը չի խանգարեր փողոցին լռութիւնը: Ներսէն` սենեակներէն, ձայն-ձույն չկայ, բայց «մայրիկ»-ը(1), ո՛ւր որ է, պիտի...

Դէպի Հայքեան Բեղուն Փորձառութիւն

Դէպի Հայքեան Բեղուն Փորձառութիւն

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ «Դէպի Հայք» ծրագիրը թոյլ կու տայ մասնակից կամաւոր երիտասարդին, որ ծանօթանայ Հայաստան երկրին, ժողովուրդին եւ բազմատարր երանգներով հայութիւններուն ու Հայաստան հասկացողութեան միջեւ կապին: Յաճախ Հայաստան եզրը հողային ու ֆիզիքական ըմբռնումներէն դուրս կու գայ` Սարոյեանի նոր Հայաստանի հասկացութեան օրինակով: Հայաստանը միայն հողային Հայաստանը չէ, մանաւանդ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած արեւմտահայ զանգուածին համար: Հայրենական կարօտաբաղձութիւնը եւ  ազգային դաստիարակութիւնը` հայրենիքի սահմաններէն հեռու, յանուն...

Տեղեկատու

Տեղեկատու

- Շաբաթ, 20 դեկտեմբեր 2014-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին կազմակերպած «Ճշդէ՛ ապագադ» խորագիրով համալսարանական մասնագիտութիւններու արեւելումը, որուն նպատակը եղաւ մէկտեղել  հայկական վարժարաններու երկրորդական դասարաններու մեծ թիւով աշակերտներ ու բոլոր մասնագիտութիւններէ աւարտած ու իրենց ասպարէզին մէջ աշխատող երիտասարդներ: - Երեքշաբթի, 13 յունուար 2015-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած խօսքի ազատութեան զօրակցութեան ցոյց-քայլարշաւին («Je suis Charlie»ի դէպքերէն ետք)...

Վատիկան Կը Փափաքի Գրիգոր Նարեկացիին Շնորհել Եկեղեցական Դոկտորի Կոչում

Գրիգոր Նարեկացի, գործ` Արշակ Ֆեթֆաճեանի Վատիկանի մէջ կը կայանայ Սուրբերու միաբանութեան ժողովը, որուն ընթացքին անհրաժեշտ քայլերու ձեռնարկուած են Հռոմի պապի յայտարարութեան համար, որով ան պիտի յայտնէ, թէ որո՛նք պիտի ստանան եկեղեցական դոկտորի կոչում: Ըստ «infocatolica.com» կայքին, այդ կոչումը կը տրուի վաստակաւոր աստուածաբաններու: Այս անգամ այդ կոչումին կրնայ արժանանալ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որ կաթողիկէ աշխարհին մէջ կը համեմատուի Սուրբ Օգուստինի հետ`...

Վերանորոգուեցաւ Արաքս Գետի Ափին Գտնուող Հովիւի Մատուռը

Վերանորոգուեցաւ Արաքս Գետի Ափին Գտնուող Հովիւի Մատուռը

Իրանի Մշակութային ժառանգութեան պահպանման կազմակերպութեան եւ «Արաքս ազատ գօտի»-ի ջանքերով վերանորոգուեցաւ Հովիւի եկեղեցին եւ տեղադրուեցաւ անոր խաչը: Իրանի եկեղեցիներու կեդրոնի տնօրէն Շերլի Աւետեան կը տեղեկացնէ. «Հովիւի կամ Անդէորդիի եկեղեցին կը գտնուի Հին Ջուղայի դիմաց` Արաքս գետի աջ ափին, գետափէն 120 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Երեք կողմերէ շրջապատուած է ժայռերով եւ կառուցուած է թեք ձորալանջի վրայ: Իրանի Ջուլֆա քաղաքէն հինգ քիլոմեթր դէպի...

Ութ Տարի Է Նոյն Տեղն Ենք

«ԱԿՕՍ» «Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան ութերորդ տարելիցին եւս հազարաւոր մարդիկ իրար զանգահարելով` կ՛ազդարարէին տուեալ ժամուն Թաքսիմի հրապարակը մէկտեղուելով դէպի «Ակօս» քալելու մասին: Նոյն օրը երեկոյեան դարձեալ բազմահազարներ քալեցին դէպի Կալաթասարայի հրապարակ: 2007-ի 19 յունուարին ոճիրը լսող բազմահազարներ արդէն փութացած էին «Ակօս»-ի խմբագրատան առաջքը` Հրանդ Տինքի ինկած վայրը: «Հրանդի ընկերները» հարթակը, Հրանդը սիրողները, հետեւորդները, հաւատացողները յաջորդող տարիներուն...

Համաշխարհային Մեծութեան Ցեղասպանագէտները Պիտի Համախմբուին Հայաստանի Մէջ

Ցեղասպանագիտութեան համաշխարհային մակարդակի հեղինակութիւններ այս տարուան յուլիսին պիտի համախմբուին Երեւանի մէջ` մասնակցելու համար Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան գիտաժողովին. արդարեւ, աշխարհի տարբեր երկիրներէ Հայաստան պիտի գան 300-է աւելին գիտնականներ: «Արմենփրես»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի փոխտնօրէն Սուրէն Մանուկեանը: Ստորեւ կը ներկայացնենք այս մասին «Արմենփրես»-ի կատարած հարցազրոյցին ամբողջութիւնը: «ԱՐՄԵՆՓՐԵՍ».- Ինչո՞վ է կարեւոր այս գիտաժողովը, չէ՞ որ Հայոց...

«Ապրիլի 24» Ամսաթիւը Որեւէ Աղերս Չունի Կալիփոլիի Ճակատամարտի Հետ, Սա Թուրքիայի Հակաքայլն Է` Ուղղուած Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

artsakhpress.am Tert.am-ի հետ զրոյցում ասաց թուրքագէտ Լեւոն Յովսէփեանը` միաժամանակ ընդգծելով, որ այս ամսաթիւը որեւէ աղերս չունի Տարտանէլի պատմական իրադարձութիւնների հետ: «Դեռ վաղուց ակնյայտ էր, որ Թուրքիան Տարտանէլի ճակատամարտի 100-ամեակի ուղղութեամբ քայլեր է ձեռնարկում: Ճակատամարտում տարած յաղթանակի 100-ամեակը հէնց ապրիլի 24-ին նշելը յստակ է, որ քաղաքական քայլ է, եւ առաջին հերթին ուղղուած է Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցի միջոցառումների իմաստը նուազեցնելուն, դրանք ստուերելուն:...

Էրտողանը Շեղում Է Ուշադրութիւնը Ցեղասպանութեան 100-Ամեակից Եւ Երկրների Ղեկավարներին Հայաստան Չգալու Հնարաւորութիւն Ընձեռում. Շաքարեան

Artsakhpress.am «Հուրրիյէթ տէյլի նիուզ»-ի փոխանցմամբ, Էրտողանը հրաւէր-նամակներ է յղել աշխարհի երկրների աւելի քան 100 առաջնորդների, այդ թւում` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Կառավարութեան պաշտօնեաներից մէկը «Հուրրիյէթ տէյլի նիուզ»-ին ասել է, որ Կալիփոլիի ճակատամարտում կռուել են ազգային շատ խմբեր, այդ թւում` հայեր: «Ահա թէ ինչո՛ւ մենք հրաւէր ենք յղել նաեւ Սարգսեանին», ասել է Թուրքիայի կառավարութեան պաշտօնեան: Ըստ թուրքական մամուլի, ակնկալւում է, որ...

Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957). Առաջնորդող Մտքի Եւ Խօսքի Դաշնակցական Խմբագիրը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ 26 յունուարին կը լրանայ մահուան 58-րդ տարելիցը հայ մամուլի անմահ հսկաներէն Շաւարշ Միսաքեանի: Հայ մամուլի պատմութեան մէջ բարձրադիր գագաթ մը եղաւ աւազանի անունով Եղիազար, բայց Շաւարշ գրչանունով հայաշխարհով մէկ հռչակուած Միսաքեան տոհմի այս արժանաւոր ծնունդը: Գրական¬գեղարուեստական կատարելագոյն մշակումի հասած իր արեւմտահայերէնով, կուռ ոճի ու խոհականութեան իր տաղանդով եւ, մանաւա՛նդ, դաշնակցականի անխախտ հաւատքով ու սկզբունքայնութեամբ` Շաւարշ Միսաքեան հրապարակագրական իր...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա..  Տագնապի Ծանր Լուծը Մեզ Չէ Ընկրկած  Պահանջատէ՛ր Ենք

Խմբագրական «Գանձասար»-ի (Յունուար, Բ.). Խօսքի Եւ Գործի Հակասական Տրամաբանութիւն

Փարիզի 11-րդ շրջանի «Շարլի Էպտօ» երգիծական թերթի խմբագրակազմին դէմ կատարուած ահաբեկչութիւնը շարունակութիւնն է ծայրայեղական եւ այլամերժական այն գաղափարախօսութեան, որ կրօնի պիտակին տակ կը սպառնայ ոչ միայն որոշ տարածաշրջաններու կամ ժողովուրդներու, այլ` ամբողջ աշխարհի խաղաղութեան, անվտանգութեան ու զարգացման հոլովոյթին: Ֆրանսայի մէջ ահաբեկչական այս արարքին յառաջացուցած զայրոյթի եւ դատապարտման ալիքը որքան ալ բնական թուի,  միասնականութեան քայլարշաւի  մասնակցութեան մէջ աշխարհի աւելի քան 50...

2015

Խառն Ի Խուռն Խոհեր

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Փարիզի մէջ յունուար 7-էն յունուար 9 պատահած դէպքերը անտարբեր չեն կրնար թողուլ մեզ: Վստահաբար մտածումներու ամբողջ փոթորիկ մը տեղի կ՛ունենայ մեր ուղեղներուն մէջ եւ կը ստիպէ, որ փորձենք հասկնալ կատարուածը եւ հաւասարակշռել մեր մտքերը: Իմ պարագայիս, սակայն, միայն դիպաշարը չէ, որ կ՛անհանգստացնէ զիս, այլ` այն ամբողջ հակազդեցութիւնը, որ տեղի ունեցաւ արար աշխարհ: Եւ վստահ չեմ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է...

Խմբագրական «Դրօշակ»-ի.  Կրկին Յիշեցին Դաշնակցութեանը

Խմբագրական «Դրօշակ»-ի. Կրկին Յիշեցին Դաշնակցութեանը

Վերջին շաբաթներին Դաշնակցութիւնը կրկին յայտնուել է որոշ քարոզչամիջոցների թիրախում: Սովոր ենք, որ ծանօթ ուժեր, իրենց ենթակայ լրատուամիջոցների խօսափողով, պարբերաբար, իսկ երբեմն էլ գրեթէ ամէնօրեայ հետեւողականութեամբ, հակադաշնակցական քարոզչութեան հերթական ալիքը բարձրացնեն: Եթէ ուշադիր հետեւենք, թէ «հերթական ալիքները» ե՛րբ են փոթորկւում` կարելի է գտնել դրանց կապը յստակ փաստերի եւ իրադարձութիւնների հետ: Օրինակ դժուար է յիշել նորանկախ Հայաստանում տեղի ունեցած Դաշնակցութեան որեւէ ժողով,...

Page 1099 of 1110 1 … 1,098 1,099 1,100 … 1,110

Արխիւներ