Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Խօսքը. «Դէպի Երկիր Վարժանքի Ծրագիր»

Յունուար 30, 2015
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցեալ տարեշրջանին հիմը դրինք «Դէպի Հայք» (ԴՀ) հիմնադրամին հետ գործակցութեան: Այս էջով կ՛ուզենք անդրադառնալ ԴՀ ծրագիրին ու ԶՈՄ-ի դերին` «Դէպի Երկիր վարժանք ծրագիր»-ին մեր առաջին մասնակիցներուն վկայութիւններն ու տպաւորութիւնները բաժնելով ընթերցողին հետ:

Նախ երկու խօսք` «Դէպի Հայք»-ին մասին: Հիմնադրամին առաքելութիւնն է զարգացնել եւ ամրապնդել հայրենիքի ու սփիւռքահայ երիտասարդներուն միջեւ կապերը` վերջիններուս հնարաւորութիւն տալով մասնակցիլ Հայաստանի առօրեայ կեանքին եւ ներդրում ունենալ հայրենիքի զարգացման, կամաւորական աշխատանքի միջոցով, միաժամանակ բարձրացնել սփիւռքահայ երիտասարդներու ազգային ինքնագիտակցութիւնը:

20-35 տարեկան սփիւռքահայ երիտասարդներ կրնան մասնակցիլ ծրագիրին: Անոնք իրենց մասնագիտութեան կամ նախասիրած բնագաւառին մէջ պիտի կատարեն կամաւոր աշխատանք` նուազագոյնը վեց շաբաթ տեւողութեամբ: Բացի վարժանքէն, կամաւորներուն կ՛ընծայուի առիթ` ապրելու հիւրընկալ ընտանիքի մը տան մէջ: Ծրագրին աւելի լաւ կարելի է ծանօթանալ հետեւելով այս կայքին` www.birthrightarmenia.org:

ԶՈՄ-ը լիբանանահայ երիտասարդին կ՛օժանդակէ` դիմելու եւ մասնակցելու այս ծրագիրին, անոր տրամադրելով կեցութեան ծախսէն բաժին մը, ապահովագրութեան եւ կարգ մը այլ ծախսեր, որոնք «Դէպի Հայք» չ’ապահովեր:

ԶՈՄ-ի «Դէպի Երկիր» նշանաբանը չի նշանակեր միայն ամառնային գործուղումներ եւ ճամբարներու կազմակերպում, այլ` ամբողջ հաւատամք մը, զոր ուրիշ բառով կը կոչենք հայրենադարձութիւն: Կը հաւատանք, որ «Դէպի Հայք»-ի նման ծրագիրներ մեծապէս կը նպաստեն հայրենադարձութեան մեր նպատակին` սփիւռքահայ երիտասարդին իրապէ՛ս ծանօթացնելով հայրենիքը, եւ այնտեղ ապրելու ու աշխատելու հնարաւորութիւնները: Այս տարեշրջանին համար արդէն դիմումներ ստացած ենք եւ տակաւին կ՛ուզենք ստանալ: Ծրագիրին կրնաք հետեւիլ «Ֆէյսպուք»-ի մեր «Դէպի Երկիր վարժանքի ծրագիր» էջով: Հետաքրքրուողները կրնան դիմել 01-240167/70-102403 կամ ներկայանալ «Աբօ Աշճեան» երիտասարդական կեդրոն, Պուրճ Համուտ:

Նախորդը

Սպասելով Այն Օրուան, Երբ Ա՛լ Ցտեսութիւն Պիտի Չըսեմ…

Յաջորդը

Հայկական Դպրոցներուն Մէջ Ֆիզիքական Վնաս Պատճառելու Վերաբերող Ուսումնասիրութեան Արդիւնքներու Ներկայացում

RelatedPosts

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Օգոստոս 26, 2025
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը
Զաւարեանական

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Երիտասարդական Եւ Ուսանողական Համահայկական 12-րդ Բանակումը

Օգոստոս 26, 2025
Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը
Զաւարեանական

Մհեր Ջուլհաճեանի Տիպարը

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?