Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Հայքեան Բեղուն Փորձառութիւն

January 30, 2015
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ

«Դէպի Հայք» ծրագիրը թոյլ կու տայ մասնակից կամաւոր երիտասարդին, որ ծանօթանայ Հայաստան երկրին, ժողովուրդին եւ բազմատարր երանգներով հայութիւններուն ու Հայաստան հասկացողութեան միջեւ կապին:

Յաճախ Հայաստան եզրը հողային ու ֆիզիքական ըմբռնումներէն դուրս կու գայ` Սարոյեանի նոր Հայաստանի հասկացութեան օրինակով: Հայաստանը միայն հողային Հայաստանը չէ, մանաւանդ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած արեւմտահայ զանգուածին համար:

Հայրենական կարօտաբաղձութիւնը եւ  ազգային դաստիարակութիւնը` հայրենիքի սահմաններէն հեռու, յանուն հայ մնալու եւ հայկականութեան պահպանման, ստեղծած են ոգեկան Հայաստան մը: Այս Հայաստանը հայրենիք չունի, պետականութեամբ չէ օժտուած, բայց եւ այնպէս անոր մէջ լիովին կան ազգային արժէքներ, կայ հայրենազրկութեան հատուցող ազգային ալիք մը: Իսկ հայրենի հողին վրայ մօտեցումները կը տարբերին: Հայրենազրկութեան խնդիր չկայ այնտեղ: Հոն հայը հայ մնալու պայքար չունի, այլ հաց ուտելու, տնտեսապէս ողջ մնալու պայքար կը մղէ:

Ոգեկան, գաղափարական Հայաստանի հարազատութիւնը փայփայող հայուն համար խորթ կը թուի «լոլիկ, ստեպղին, գետնախնձոր, ընդհանրապէս» բառերուն փոխարէն «պամիտոր, կազար, քարթոֆիլ, վափշէ» բառերով ողողուած առօրեայ բառապաշարի ականջալուր ըլլալ:

Հայ ըլլալու եւ Հայաստանի հասկացողութիւնները` իրարմէ կը տարբերին հայաստանցի հայուն եւ ոգեկան Հայաստանով ապրած հայուն համար:

«Դէպի Հայք»-ի փորձառութիւնը առիթ մըն է, որ արտասահմանցի հայը ապրի տեղացիին կեանքը, անոր հետ հաց կիսէ, նոյն երդիքին տակ ապրին, երկուստեք փոխադարձաբար ծանօթանան իրարու մշակոյթներուն, կենցաղին, լեզուներուն:

Կամաւորի ճանապարհորդութիւնը լեցուն է նորութիւններով: Ասպարէզային գետնի վրայ կամաւորը առիթ կ՛ունենայ լաւ կապեր մշակելու ազդու ընկերութիւններու, հաստատութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հետ, որոնք կը հարստացնեն իր անձնական կապերը եւ հայրենիքին մէջ ասպարէզի նետուելու կարելիութիւն կ՛ընծայեն իրեն:

Վստահաբար, օրական վեց ժամ կամաւոր աշխատանքով մասնակիցը գործնապէս կ՛օգտուի ու իր ինքնակենսագրականը կ՛աւելցնէ այս վարժանքային փորձառութիւնը:

Ասպարէզի ծիրէն դուրս կամաւորը առիթ կ՛ունենայ ծանօթանալու աշխարհի չորս կողմէն` մինչեւ իսկ հեռաւոր Պրազիլէն, Արժանթինէն, Սքովտիայէն, Անգլիայէն, Ուքրանիայէն  Հայաստան եկած կամաւորներու: «Դէպի Հայք»-ի թիրախներէն մէկը այս հարուստ համահայկական յարաբերութիւնը  իր ընկերային շրջանակէն դուրս բերելն ու զայն աշխատանքային աշխարհատարած ամուր ցանցի վերածելն է` անշօշափելի Հայաստան մը կերտելու հեռանկարով:

«Դէպի Հայք»-ի փորձառութիւնը ձեւով մը միջին եզրն է հայրենիքի մէջ մնայուն կերպով ապրելուն եւ հայրենիքի մէջ ժամանակաւոր կամ զբօսաշրջիկի կարգավիճակ ունենալուն միջեւ:

Առօրեայ դրութեամբ թաքսիի փոխարէն հանրային փոխադրամիջոցները օգտագործելը, օրինակ, կամաւորը աւելի չարքաշ կը դարձնէ, որովհետեւ զբօսաշրջիկի պերճանքներէն կը հեռացնէ կամաւորը եւ զայն կը մղէ դէպի  տեղացիի հեւքոտ, համեստ  կեանք:

Հայրենիքի հանդէպ գոյութիւն ունին մօտեցումի նրբութիւններ, որոնց լաւապէս ականատես դարձաւ ծրագիրիս մասնակիցը: Ի դէպ, Արարատը, Սեւանը, Տաթեւը, պուլպուլակները զբօսաշրջիկ հայուն համար կը խորհրդանշեն այն, ինչ որ չեն խորհրդանշեր տեղացիին համար: Արտասահմանէն պտոյտի եկած հայուն համար Հայաստանի գեղատեսիլ եւ պատմական վայրեր այցելութիւնն ու հոն լուսանկարուիլը տեղացիին համար պարզապէս նիւթական գործառնութիւն մըն է. ան օրական դրութեամբ Արարատն ու պուլպուլակները կը տեսնէ:

Ժողովուրդին վերաբերմունքին, մշակոյթին, կենցաղին, կեանքի կշռոյթին եւ այլ գործօններու հաղորդակից կը դառնայ «Դէպի Հայք»-ի կամաւորը:

Հայաստանի ժողովուրդը դիմագիծով (ընդհանրապէս), կենցաղով, հնչիւնաբանութեամբ, լեզուով (բնականաբար), մշակոյթով, անուանումներով եւ այլ կէտերով քիչ թէ շատ կը տարբերի Լիբանանի հայութենէն եւ ընդհանրապէս արեւմտահայութենէն` յատկապէս կիլիկեհայութենէն: Ճիշդ է, որ բոլորս հայ ենք, սակայն հարկ է ընդունիլ, որ աշխարհագրական հեռաւորութեան ազդակը, դարերով, նաեւ այսօր, տարբեր կայսրութիւններու ու համաշխարհային քաղաքական բեւեռներու ձգած ազդեցութիւնը հայկական տարբեր նկարագիրներու առթած է: Երկու ամիս Հայաստան ապրելով` ինծի համար բաւական ակնյայտ էր հայութիւններու եւ հայաստաններու նկարագիրները, որոնք յաճախ իրարամերժ են, հասարակացէ աւելի անհասարակաց յայտարարներ կը կրեն:

Այս փորձառութեամբ կամաւորը էապէս կը շօշափէ այս իրողութիւնը, որ յաճախ նախատական – նախապաշարուած տրամադրութիւններու հիմք կը ծառայէ թէ՛ արեւմտահայերու մէջ, թէ՛ արեւելահայերու մէջ, թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ արտասահման:

Բնականաբար դաժան աղքատութիւնը ժողովուրդին նկարագիրին վրայ զգալիօրէն կ՛ազդէ: Եօթանասուն տարուան խորհրդային վարչակարգը, եթէ 1500-ամեայ կանոնակարգուած ուղղագրութիւնը մէկ պետական հրամանագիրով նենգափոխեց, ապա ժողովուրրդին նկարագիրին վրայ ունեցած ազդեցութեամբ ի՜նչ աւերներ գործած պիտի ըլլար:

Հետեւաբար, մէկ օրէն միւսը ժողովուրդի մը նկարագիրը չի (բարե)փոխուիր: Սերնդափոխութեան կարօտող կարգաբանական ընթացակարգ է ժողովուրդի մը զարգացումը, անոր արժէքներուն բարեփոխումը:

Անձնական փորձառութենէ մեկնելով` կրնամ վկայել, որ «Դէպի Հայք»-ի ծրագիրը բեղուն եւ գործնական ձեռնարկութիւն մըն է, որով նախ կը հարստանայ կամաւորին ասպարէզային-մասնագիտական պաշարը, ապա կը ճոխանան անոր կապն ու գիտելիքը Հայաստանին մասին, որուն քաշողականութիւնը 21-րդ դարուն գուցէ հիմնական կռուանն է հայապահպանութեան, եւ վերջապէս կապ կը հաստատէ աշխարհասփիւռ հայ հատուածներու հետ: Այս բոլորին կ՛ուղեկցի հայրենիքի մէջ հաճելի ժամանակ անցընելը`  ըմբոշխնելի եւ քաղցր յուշեր պարգեւելով կամաւորին:

Իրապէս, շատ ուրախ եմ, որ «Դէպի Հայք»-ի ծրագիրին մասնակցեցայ: Կը յանձնարարեմ բոլոր անոնց, որոնք առիթ ունին այս ծրագիրին մասնակցելու, անվարան դիմումնագիրները լեցնեն եւ ուղղուին  հայրենիք:

 

 

Նախորդը

Տեղեկատու

Յաջորդը

Սպասելով Այն Օրուան, Երբ Ա՛լ Ցտեսութիւն Պիտի Չըսեմ…

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

April 24, 2026
«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է
Զաւարեանական

«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է

April 24, 2026
Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ
Զաւարեանական

Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ

April 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.