Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերանորոգուեցաւ Արաքս Գետի Ափին Գտնուող Հովիւի Մատուռը

Յունուար 30, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0000ARAXԻրանի Մշակութային ժառանգութեան պահպանման կազմակերպութեան եւ «Արաքս ազատ գօտի»-ի ջանքերով վերանորոգուեցաւ Հովիւի եկեղեցին եւ տեղադրուեցաւ անոր խաչը:

Իրանի եկեղեցիներու կեդրոնի տնօրէն Շերլի Աւետեան կը տեղեկացնէ. «Հովիւի կամ Անդէորդիի եկեղեցին կը գտնուի Հին Ջուղայի դիմաց` Արաքս գետի աջ ափին, գետափէն 120 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Երեք կողմերէ շրջապատուած է ժայռերով եւ կառուցուած է թեք ձորալանջի վրայ: Իրանի Ջուլֆա քաղաքէն հինգ քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւմուտք: Ժողովրդական աւանդութեամբ անիկա կը կոչուի Հովիւի մատուռ կամ եկեղեցի: Մեկնելով այս եկեղեցիի աշխարհագրական դիրքէն` անիկա կը փոխանցէ հետեւեալ պատգամը Արաքս գետի միւս ափին գտնուող Ազրպէյճանին. հակառակ ձեզի, որ ոչնչացուցած էք Հին Ջուղայի խաչքարերը, Իրանը կը վերանորոգէ մեր պատմական եկեղեցիները»:

Ս. Թադէոս Առաքեալի եւ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքային համալիրներու փաթեթի ծիրէն ներս Հովիւի մատուռը եւս 2008 թուականին արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային յուշարձաններու ցանկին մէջ:

Իրանի Եկեղեցիներու կեդրոնը, որ Իրանի մշակութային ժառանգութիւններու յարակից բաժիններէն է, յարմար նկատած է Հովիւի եկեղեցւոյ մէջ վերանորոգչական աշխատանք ծաւալել:

Աւետեան կ՛ըսէ. «Եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը եղած է մեր մեծ մտահոգութիւններէն մէկը, քանի որ եկեղեցին բազմիցս փորձած են վերանորոգել, սակայն քանի որ չեն եղած մասնագիտական նախագծումներ ու հաստատում ստացած գծագիրներ, այդ իսկ պատճառով յիշեալ վերանորոգումները եկեղեցիին վնասելէն բացի` որեւէ օգտակարութիւն չեն ունեցած: Այդ պատճառով մենք դիմեցինք Հայաստանի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան, եւ անոնք մեզի ներկայացուցին խումբ մը ճարտարապետներ, որոնք բաւական մասնագիտացած էին, եւ 2013 թուականէն իրենց հետ պայմանաւորուեցանք: Շատ անգամներ այցելեցինք եկեղեցի, չափագրեցինք ամբողջութեամբ, եւ սկսաւ աշխատանքը: Քանի մը ամիսներու ընթացքին պատրաստուեցաւ վերանորոգման նախագիծը, որ թեքնիք յանձնախումբերու կողմէ հաստատում ստացաւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Իրանի մէջ: 2014-ի ապրիլ 25-էն` որպէս խորհրդանշական օր, աշխատանքը սկսանք զայն նուիրելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Հայաստանէն հրաւիրեցինք երկու մասնագէտներ` Մարտին եւ Արմենակ Չոլաքեանները, որոնք բնիկ արցախցիներ են եւ շատ հմուտ` իրենց աշխատանքներուն մէջ: Ութ ամիսներու ընթացքին բոլոր աշխատանքները կատարուեցան, բոլոր սխալները շտկուեցան, քարերը համարակալուեցան եւ, մէկ խօսքով, եկեղեցին վերակառուցուեցաւ: 2014-ի դեկտեմբերին, տեղադրուեցաւ եկեղեցւոյ խաչը, որ օծուած էր Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի ձեռամբ` Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ եւ օրհնուելէն ետք տեղադրուեցաւ»:

Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքը ֆինանսաւորած են Իրանի Մշակութային ժառանգութեան պահպանման կազմակերպութիւնը եւ «Արաքսի ազատ գօտ»-ին, որ իր մեծ ներդրումը ցուցաբերած է թէ՛ վերահսկողութեան եւ թէ նիւթական հարցով:

Այս գործի յաջողութեան համար իր ներդրումը չէ խնայած Ուրմիայէն երիտասարդ ճարտարապետ Կարէն Մկրտչեանը: Հայաստանէն աջակցած են ճարտարապետներ Սամուէլ Այվազեանը եւ Աշոտ Սարգսեանը:

Աւետեան կը յայտնէ, որ պէտք է վերաօծուի եկեղեցին եւ այդ հարցով միջամուխ է Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդը:

Նախորդը

Ութ Տարի Է Նոյն Տեղն Ենք

Յաջորդը

Վատիկան Կը Փափաքի Գրիգոր Նարեկացիին Շնորհել Եկեղեցական Դոկտորի Կոչում

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?