ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Փարիզի մէջ յունուար 7-էն յունուար 9 պատահած դէպքերը անտարբեր չեն կրնար թողուլ մեզ: Վստահաբար մտածումներու ամբողջ փոթորիկ մը տեղի կ՛ունենայ մեր ուղեղներուն մէջ եւ կը ստիպէ, որ փորձենք հասկնալ կատարուածը եւ հաւասարակշռել մեր մտքերը:
Իմ պարագայիս, սակայն, միայն դիպաշարը չէ, որ կ՛անհանգստացնէ զիս, այլ` այն ամբողջ հակազդեցութիւնը, որ տեղի ունեցաւ արար աշխարհ: Եւ վստահ չեմ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է գնահատել այս բոլորը: Արդեօ՞ք ստեղծուած ընդվզումը եւ համատարած զօրակցութիւնը զոհերուն նկատմամբ ճիշդ կը համապատասխանեն եղածին, անկե՞ղծ են, կամ` արդեօ՞ք չկայ չափազանցում մը, կամ` մի՞թէ հակազդեցութիւնը կապուած է միայն վերջին դէպքերուն, թէ ոչ երկար ատենէ ի վեր ներկուտակուող զգացումներու, հիասթափութիւններու, բարկութիւններու պոռթկում մըն է, ծովաշարժի մը նման, որ յանկարծ կ՛ողողէ ծովեզերքը ու մէկ խոշոր մակընթացութեամբ իրեն հետ կ՛առնէ-կը տանի ամէն բան:
Նաեւ, կարծես կամքէս անկախ, կարծես ինքնաբերաբար զուգահեռ մը կը գծուի մտքիս մէջ 2015-ի այս սկզբնաւորութեան ու 1915-ի միջեւ, այլեւ` մարդկութեան ներկայ վիճակին ու հայութեան անցած ուղիին միջեւ, ու միշտ ակամայ հեգնանքի ժպիտ մը կը գծագրուի դէմքիս վրայ: Ատկէ` կը մտաբերեմ երգին բառերը` «Ո՞ւր էիր, Աստուա՛ծ» ու անոնց կը հակադրեմ «Ո՞ւր էիր, աշխա՛րհ… ո՞ւր էիք, մարդի՛կ»:
Այո՛, յուզուած, գայթակղած, զայրացա՜ծ ամբոխներ, առաջնորդներ ու մասամբ նորին, ո՞ւր էիք այն ատեն…
Կասկած չկայ` ոճիր մը, ոճիրներ գործուեցան Փարիզի մէջ: Քսան հոգի սպաննուեցաւ, ներառեալ` երեք հեղինակները այն եղերերգութեան, որ դիտեցինք ոստիկանական ժապաւէնի մը նման` մեր տուներու հանգի՜ստ բազկաթոռներուն մէջ նստած, մեր պատկերասփիւռի մեծ պաստառներուն վրայ: Բնականաբար եւ իրաւամբ ընդվզեցանք, խղճացինք, թերեւս լացինք ալ… Նոյն օրը Եմէնի մէջ ուրիշ ահաբեկչական արարքի մը զոհ գացին ատոր կրկին թիւով քաղաքացիներ, իսկ ատիկա լրատու հաղորդումներու ընթացքին յիշուեցաւ գուցէ 10-15 երկվայրկեանի մէջ, մինչ մնացեալ բոլոր սպանութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենային, կ՛ունենան ու տակաւին պիտի ունենան Միջին Արեւելքի մէջ, Ափրիկէի մէջ եւ այլուր, հազարապատիկ զոհեր խլելով` կը մնան մութին մէջ, կարծես չեն եղած, չեն ըլլար ու պիտի չըլլան պարզապէս: Ու չկան փողոց իջնող ամբոխներ, բողոքո՜ղ ամբոխներ:
Կասկած չկայ` անընդունելի բան մը պատահեցաւ Փարիզի մէջ: Ահաբեկչութիւն մը` Խօսքին կամ Նկարին դէմ, փաստելով անոնց ուժը, որուն դէմ միայն Խօսքը կամ Նկարը կրնային ազդու ըլլալ, եւ ոչ` դաշոյնը կամ արագահարուածը: «Չարլի Էպտօ» երգիծական պարբերաթերթն էր թիրախը, աւելի ճիշդ` անոր խմբագիրները, ծաղրանկարիչները: Կրնայինք վերապահութիւններ ունենալ այդ թերթին ճաշակին, արուեստի մակարդակին, պատշաճութեան գիտակցումին կամ պարզապէս բովանդակութեան նկատմամբ, կրնայինք գիրով կամ գիծով հակադարձել կամ պարզապէս անտեսել ու լումա մը չյատկացնել գնելու համար զայն… Հեղինակները սպաննելը, սակայն, լուծում մը չէր ու պիտի չըլլայ ասկէ ետք ալ` անոր կամ որեւէ այլ պարագայի: Գէթ քաղաքակրթութեան մեր ներկայ հասկացողութիւնը այդպէս կ՛ըսէ:
Կասկած չկայ` ոճրագործներ էին այդ արարքին մոլագար երիտասարդ հեղինակները: Բայց անոնք օդէն չստեղծուեցան: Իրենք եւս զոհերն են աւելի մեծ ոճրագործներու, թաքուն թէ բացայայտ գործող, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կը դաստիարակեն ու կը հրահրեն այդ տղաքը, որ գործադրեն ոճիրը: Իսկ կրօնական ազդակը պարզապէս պատրուակ մը չէ՞ այս պարագային` պարտկելու համար քաղաքական, տնտեսական ու այլ նպատակներ… Միւս կողմէ` այդ նպատակներն ալ արդեօ՞ք չեն յառաջացած որպէս հակազդեցութիւն Արեւմուտքի թէ Արեւելքի գաղթատիրական, աշխարհակալական քաղաքականութեան: Ի վերջոյ, ինչ որ ցանուի, ա՛ն կը հնձուի: Գալով ոճիրին դէմ հակազդեցութեան, ան ալ արդեօք հրահրուած չեղա՞ւ, կազմակերպուած… կարծես նախապէս յղացուած բեմագրութեան մը համաձայն, գրուած ու պատրաստ` բեմադրուելու ճի՛շդ պահուն: Եւ այս հակազդեցութեան մէջ պէտք չէ՞ որոնել Արեւմուտքի ինքնասիրութեան, ինքնավստահութեան կամ ինքնահաւանութեան հասցուած հարուածի մը վիրաւորանքը…
Խօսքի ազատութեան դէմ ոճիր մըն էր գործադրուածը, այո՛: Խօսքի ազատութիւնը մարդկային հիմնական իրաւունք մըն է: Բայց… խօսքի ազատութեան մե՜ծ պաշտպանները իրե՛նք արդեօք նոյն մեղքը չե՞ն գործած ու տակաւին չե՞ն գործեր մինչեւ այսօր` աւելի նուրբ, աւելի քողարկեալ ձեւերով: Լրագրողներ, գրողներ եւ մտաւորականներ չե՞ն հալածուիր ֆիզիքապէս կամ բարոյապէս, չե՞ն բանտարկուիր, չե՞ն սպաննուիր` իրենց գրածին կամ խօսածին համար: Ամէնէն ժողովրդավար կարծուած երկիրներուն մէջ եւս Մեծ դրամագլուխը իր կամքը չի՞ պարտադրեր բոլորիս` ունկնդրելու, կարդալու կամ դիտելու համար այն, որ իրե՛ն հաճոյ է, ա՛յն, որ իրե՛ն շահաբեր է: Այդ իրավիճակին դէմ ընդդիմացողը դիւրութեամբ չի՞ չէզոքացուիր ու անտեսումի չ՛ենթարկուի՞ր:
Հարուածը խօսքի ազատութեան դէմ էր ու յառաջացուց համաշխարհային ընդվզումի ալիք, նոյնիսկ` այդ ազատութիւնը այսօր յականէ անուանէ ոտնակոխ ընողներուն կողմէ, ինչ որ կրնայ կասկածի ենթարկել ընդվզումին անկեղծութիւնը: Բայց հարց չտա՞նք արդեօք, թէ խօսքի ազատութենէն ալ աւելի կարեւոր չէ՞ ապրելո՛ւ ազատութիւնը, որ զլացուեցաւ մեզի ի հնուց աստի, ոչ թէ միայն 1915-էն ի վեր, այլ` անկէ՛ ալ շատ առաջ, մեր ինքնութեա՛մբ ապրելու, մեր ինքնութիւնը պահպանելու իրաւունքով: Տակաւին կը զլացուի ու կը զլացուի, եւ` ո՛չ միայն մեր պարագային:
Այս բոլորէն անդին, սակայն, եթէ պահ մըն ալ մեր հայեացքը մենք մեզի՛ ուղղենք, կրնա՞նք անվարան ըսել, որ նոյն մեղքէն զերծ եղած ենք եւ ե՛նք, խօսքի ազատութիւնը կուրծքո՛վ պաշտպանած ենք ու կը պաշտպանենք միշտ: Չեմ գիտեր` ինչո՛ւ, բայց առաջին հերթին միտքս եկաւ Յակոբ Պարոնեանը, որ երիտասարդ տարիքին մեռաւ աղքատութեան մէջ, ան` մեր մե՛ծ երգիծաբանը, որ հալածուեցաւ ո՛չ միայն օսմանցիներուն կողմէ, այլեւ մե՛ր. ինք, որ համարձակած էր մի ոմն ազգային ջոջի մասին գրած ատեն միայն մէկ նախադասութեամբ արտայայտուիլ` «Մզկիթ մը շինել տուած է»… Շատ բան փոխուա՞ծ է այսօր: Քանի՞ Պարոնեան ունինք ներկայիս: Քանի՞ երգիծաթերթ: Քանի՞ երգիծական յօդուած ու ծաղրանկար լոյս կը տեսնեն մեր թերթերուն մէջ` քննադատական եւ ինքնաքննադատական բնոյթով, ի Հայաստան թէ ի սփիւռս աշխարհի: Այս թերացումով, ինքնազսպումով, մենք ալ խօսքի ազատութեան դէմ մեղանչած չե՞նք ըլլար ու մանաւանդ մենք մեզ չե՞նք հարուածեր, չե՞նք հաշմեր, չե՞նք ահաբեկեր…