Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ութ Տարի Է Նոյն Տեղն Ենք

Յունուար 30, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱԿՕՍ»

13015_dink«Ակօս» թերթի հիմնադիր եւ խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան ութերորդ տարելիցին եւս հազարաւոր մարդիկ իրար զանգահարելով` կ՛ազդարարէին տուեալ ժամուն Թաքսիմի հրապարակը մէկտեղուելով դէպի «Ակօս» քալելու մասին: Նոյն օրը երեկոյեան դարձեալ բազմահազարներ քալեցին դէպի Կալաթասարայի հրապարակ:

2007-ի 19 յունուարին ոճիրը լսող բազմահազարներ արդէն փութացած էին «Ակօս»-ի խմբագրատան առաջքը` Հրանդ Տինքի ինկած վայրը: «Հրանդի ընկերները» հարթակը, Հրանդը սիրողները, հետեւորդները, հաւատացողները յաջորդող տարիներուն կրկնեցին նոյն եղանակը, միայն թէ ժամը 13:30-ին Թաքսիմէն մեկնելով` հասան խմբագրութիւն, ուր կրկին բազմահազարներ կուտակուած էին:

Այս տարի ալ նոյն աւանդոյթը կրկնուեցաւ: Ժամը 15-ին, երբ յարգանքի լռութիւն կը

պահուէր, ոստիկանական շրջանակները հաւաքուած զանգուածը կ՛ենթադրէին վեց-եօթը հազարի շուրջ, իսկ հասարակական կազմակերպութիւններու վարիչները այդ

բազմութիւնը կը գնահատէին աւելի քան տասը հազար: Ուրիշ աւանդութիւն մըն էր, որ յարգանքի լռութենէ ետք թերթի պատշգամէն յայտարարուի տուեալ տարուան պատգամը:

Այս տարի այս պարտականութիւնը կատարեց բանաստեղծ Մուրաթհան Մունկան: Ան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ Հրանդը սպաննող մտայնութիւնը ծանօթ է բոլորին, յատկապէս` Տէրսիմի, Մարաշի, 6-7 սեպտեմբերի, Մատըմաք պանդոկի եւ Ռոպոսքիի կոտորածներէն: «Ինչպէս ձեզմէ շատեր գիտեն, այս երկրին մէջ ամէն ուրացումի ետեւը հաւաքական գերեզմաններ կան: Հրանդ Տինքի մահուան ութամեակը կը զուգադիպի Հայոց ցեղասպանութեան դարադարձին: Ցեղասպանութեան ուրացումը կամ մերժումը Թուրքիոյ դարաւոր առանձնութեան ալ պատմութիւնն է: Պատմութեան, միտքի, խղճի եւ աշխարհի առանձնութիւնը: Երկիրը պարտաւոր է ձերբազատիլ անցեալի ուրուականներէն` առանց վախնալու պատմութեան հետ առերեսուելէ, այդ առերեսումէն գոյացող պատասխանատուութիւնները կատարելու…»:

Մունկանի ելոյթէն ետք «Ակօս»-ի պատշգամէն ժողովուրդը բարեւողներու մէջ Ռաքէլ Տինքի կողքին էին Պերքին Էլուանի վշտահար ծնողքը` Սամի եւ Կիւլսիւմ Էլուաններ: Երեկոյեան ժամերուն ուրիշ խումբ մըն ալ Հրանդ Տինքը ոգեկոչելու համար Թաքսիմէն դէպի Կալաթասարայի հրապարակ երթ կազմակերպեց: Շքերթի աւարտին հայերէն եւ թրքերէն արտասանուեցան մամլոյ յայտարարութիւններ:

19 յունուար 2015, երկուշաբթի, բացի Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքներէն, Երեւանի, Լոնտոնի, Պերլինի, Փարիզի, Լիոնի եւ այլ քաղաքներու մէջ ալ կատարուեցան յիշատակման ձեռնարկներ:

***

Վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու 20 յունուարին վարչապետարանի կայքէջէն ցաւակցութեան գրութիւն մը հրապարակեց: Այդ գրութեան մէջ Տինք կը ներկայացուէր իբրեւ «Թուրքերու եւ հայերու հասարակական ապագայի կերտման գործընթացի մէջ միջոցներ որոնող Անատոլուի մտաւորականը»: Վարչապետ Տաւութօղլու գրութեան մէջ համբերութիւն կը մաղթէր Տինքի վշտահար ընտանիքին եւ բոլոր զայն սիրողներուն:

 

 

 

Նախորդը

Համաշխարհային Մեծութեան Ցեղասպանագէտները Պիտի Համախմբուին Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Վերանորոգուեցաւ Արաքս Գետի Ափին Գտնուող Հովիւի Մատուռը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?