Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալին Գամագեան Կ՛արժանանայ «Տարուան Կին Գործարարը» Մրցանակին

Յունուար 31, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

13115_Kamakian«Պէ. Էլ. Սէ.» դրամատան նախաձեռնութեամբ, 3-րդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցող «Պրիլիյընթ Լիպենիզ աուըրտզ» (Պէ. Էլ. Սէ.) մրցանակաբաշխութիւնը կայացաւ շաբաթ, 13 դեկտեմբեր 2014-ին «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ: Իր տեսակին մէջ Լիբանանի տարածքին աննախընթաց այս մրցանակաբաշխութիւնը կը միտի պատուել կին եւ տղամարդ այն գործարարները, որոնք տարբեր բնագաւառներու մէջ յատկանշական յաջողութիւն արձանագրած են` անոնց տալով նիւթական պարգեւներ: Մրցանակը բաղկացած է երկու բաժինէ` «Տարուան առեւտրականը», «Տարուան կին գործարարը», որոնք կը ստանան 30 հազար տոլար (իւրաքանչիւրը) եւ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած անձնաւորութիւնը` 5000 տոլար:

Յաղթողներուն ընտրութիւնը կը կատարուի իբրեւ հիմք ունենալով ստեղծագործութիւնը, նիւթական կատարողականը, կայունութիւնը եւ ընկերային պատասխանատուութիւններու ստանձնման առումով համագործակցութիւնները:

2014-ի մրցանակին տիրանալու համար դիմում կատարած էին 150 գործարար-առեւտրականներ, որոնցմէ «Տարուան առեւտրականը» ընտրուեցաւ Սաուսան Ուազզան Ժապրի (Սննդագիտութեան-սննդականոնի կեդրոն), «Տարուան կին գործարարը»` Ալին Գամագեան («Մայրիկ» ճաշարան), իսկ ժողովուրդին ընտրութեան արժանացաւ Քրիսթինա Մարիա Խաթըր (հարսանեկան խրախճանքներու եւ ձեռնարկներու ծրագրաւորող):

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ «Պէ. Էլ. Սէ.» դրամատան ընդհանուր տնօրէն Մորիս Սահնաուին ըսաւ, որ Լիբանան կը պարծենայ իր կենսունակ, բարձրորակ եւ օժտեալ փոքր ու միջին ձեռնարկութիւններով, որոնք հաստատօրէն կը հանդիսանան տնտեսութեան սիւնը: «Պրիլիյընթ Լիպենիզ աուըրտզ»-ի ճամբով մենք ոչ միայն անգամ մը եւս կը վերահաստատենք մեր հաւատքը այդ ձեռնարկութիւններուն նկատմամբ, նաեւ կը քաջալերենք զանոնք շարունակելու իրենց յաջողութիւններու ուղին, այլ նաեւ նեցուկ կը կանգնինք լիբանանեան տնտեսութեան: Մենք պատրաստակամ ենք խրախուսելու եւ պատուելու գործարարները հասնելու աւելի բարձր նուաճումներու իրենց աշխատանքի բնագաւառներուն մէջ: Ես նաեւ շատ հպարտ եմ, որ մեր նախաձեռնած մրցանակին շնորհիւ կիներուն արձանագրած յաջողութիւնները լուսարձակի տակ կը բերուին, անոնց առաւել եւս կը զօրանան, իսկ մենք մասնակից կը դառնանք իրենց նիւթական կարողութեան բարձրացման», հաստատեց Սահնաուին:

Դրամատան փոխ ընդհանուր տնօրէն Նետիմ Քասսար դիտել տուաւ, որ այս տարի մրցանակաբաշխութիւնը որոշ չափով կը տարբերի նախորդներէն, որովհետեւ 2014-ին Լիբանան կ՛ապրի կենսունակութեան եւ աշխուժ հաստատութիւններու պակասէ, ինչ որ ճնշուածութիւն ու յուսահատութիւն կը պատճառէ յատկապէս երիտասարդ մարդուժին, որ լի է երազներով եւ տենչերով: Այս իմաստով «Պէ. Էլ. Սէ.» դրամատունը հաստատ կը մնայ իր սկզբունքներուն վրայ, կրկին կազմակերպեց մրցանակաբաշխութիւնը` նպատակ ունենալով աջակցիլ առանձին նախաձեռնութիւններու, որոնք Լիբանանի տնտեսութեան ողնաշարն են: Մենք կը պատուենք անկախ կին ու տղամարդ գործարարները, ընկերութիւնները իրենց ջանքերուն եւ ֆինանսական յաջող ծրագիրներուն համար` մաղթելով աւելի լաւ ապագայ ու բեղուն գործունէութիւն:

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ինչպէ՞ս Մարմինը Թոյներէ Մաքրել Սննդականոնով» Նիւթով

Յաջորդը

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 3). Դպրեվանքէն` Դպրեվանքին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?