Փարիզի 11-րդ շրջանի «Շարլի Էպտօ» երգիծական թերթի խմբագրակազմին դէմ կատարուած ահաբեկչութիւնը շարունակութիւնն է ծայրայեղական եւ այլամերժական այն գաղափարախօսութեան, որ կրօնի պիտակին տակ կը սպառնայ ոչ միայն որոշ տարածաշրջաններու կամ ժողովուրդներու, այլ` ամբողջ աշխարհի խաղաղութեան, անվտանգութեան ու զարգացման հոլովոյթին:
Ֆրանսայի մէջ ահաբեկչական այս արարքին յառաջացուցած զայրոյթի եւ դատապարտման ալիքը որքան ալ բնական թուի, միասնականութեան քայլարշաւի մասնակցութեան մէջ աշխարհի աւելի քան 50 ղեկավարի կողքին ահաբեկչութիւնը այլ տարածաշրջանի մը մէջ ուղղակիօրէն սնուցանող երկրի մը` Թուրքիոյ ներկայացուցիչին մասնակցութիւնը կը շրջէ քաղաքական տրամաբանութեան ամէն չափանիշ:
Սուրիական տագնապի չորս տարուան ընթացքին միջազգային, սուրիական թէ թրքական պաշտօնական աղբիւրներուն իսկ հաստատումներով, դէպի Սուրիա ահաբեկչական խմբաւորումներուն հոսքին սատարող երկրի մը ներկայացուցիչը իր իսկ երկրի վարքագիծը դատապարտողի հանդերձին մէջ կը մտնէ` ահաբեկչութեան սարդոստայնի կազմութեան յանցագործութենէն մազապուրծ ըլլալու եւ միջազգային հանրութեան դիմաց անմեղ ձեւանալու հերթական խաբկանքին դիմելով:
Որպէս խաղաղութեան «ջատագով», քալելով ահաբեկչութիւնը դատապարտողներու շարքին հետ, Թուրքիոյ ներկայացուցիչը նոյն չափանիշներով չի դատապարտեր Սուրիոյ կամ շրջանի այլ երկիրներու մէջ եղած ահաբեկչական բարբարոսական արարքները, սրբավայրերու եւ ուխտավայրերու պղծումները, բնակչութեան սպանդն ու տեղահանումները: Աւելի՛ն. ան պահ մը կ՛ուրանայ, թէ իր երկիրը հնարաւորինս կը հրահրէ Սուրիոյ տագնապը, կը շարունակէ զինեալ խմբաւորումներու զօրակցութիւնը, իսկ ինք, որպէս դիւանագէտ, «լայիք» դիմակով կը խաբէ Փարիզի մէջ քայլարշաւի ընթացքին խաղաղութեան կոչերով իր իսկ ետեւէն արշաւող Ֆրանսայի հազարաւոր քաղաքացիները:
Թուրքիոյ վարչապետը այս առիթով կը յայտնէ, թէ վերոնշեալ քայլարշաւին իր երկրի մասնակցութիւնը մահմետականներուն կողմէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կոչ մըն է` ուրանալով իր երկրին աջակցութեամբ Սուրիա թափանցած ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ հազարաւոր մահմետականներու մահուան, տեղահանման անմարդկային երեւոյթը:
Տաւութօղլու կը շեշտէ, որ ահաբեկչութիւնը կրօնական կամ ցեղային ինքնութիւն չունի, այլ մարդկութեան դէմ ոճիր մըն է, ո՛վ ալ ըլլայ զայն գործողը եւ ի՛նչ ալ ըլլան անոր դրդապատճառները, ուրանալով Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման ուղղուած իր երկրին քաղաքականութիւնը. ա՛յն ցեղասպանութեան, որ իրականութեան մէջ մարդկութեան դէմ 20-րդ դարու մեծագոյն ոճիրն էր:
Խօսքի եւ գործի հակասական տրամաբանութեամբ կը բնորոշուին Թուրքիոյ վարչապետին կողմէ այս առիթով հնչեցուած միտքերը:
Ահաբեկչութիւնն ու ահաբեկչական տրամաբանութիւնը արմատախիլ ընելու համար էական նշանակութիւն ունին միջազգային ընտանիքին վճռական մօտեցումներն ու յանցագործները պատժելու միտող գործնական քայլերը, այլապէս դատապարտման կոչերը պիտի մնան խօսքի սահմաններուն մէջ եւ պիտի չնպաստեն ճշմարիտ խաղաղութեան հաստատման:
Իսկ ծայրայեղական շարժումները պիտի շարունակեն խոչընդոտ հանդիսանալ ժողովուրդներու յառաջընթացին, այնքան ատեն որ լրջօրէն չեն դատապարտուիր անոնց սատար հանդիսացող պետութիւնները:
Զ. Պ.


