ՆԱԶՕ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Այնքան ալ դիւրին չէ առարկայականօրէն գրել փորձառութեան մը մասին, որ իր տարբեր երեսներով ու ծալքերով, անկեղծ ապրումներու, կարճատեւ, բայց գրեթէ ամէնօրեայ հաճոյքներու, մարմնացող սիրոյ եւ գոհունակութեան զգացումներով այնքա՜ն նշանակալի ազդեցութիւն պիտի ունենար վրաս:
***
Առտու կանուխ է` 7:30: Մարդիկ տակաւին կը քնանան, աշխատանքի ժխորը չի խանգարեր փողոցին լռութիւնը: Ներսէն` սենեակներէն, ձայն-ձույն չկայ, բայց «մայրիկ»-ը(1), ո՛ւր որ է, պիտի արթննայ. գիտէ, որ ութին պէտք է նախաճաշեմ, որ` իննին գործատեղը ըլլամ: Քիչ մը մարզանք` փողոցի երկայնքին վազք, եւ ահա` նորէն տունն եմ: Արդէն Մարգարիտան իմ նախասիրած կերակուրս` ոլոռնով տապկուած հաւկիթը պատրաստեր ու սեղանին դրեր է: Թէյն ալ քիչ մը անդին կ՛եռայ: Կ՛ուտեմ, կը զրուցենք, կը շարժիմ դէպի Կենտրոն: Մարշութքայէն կ՛իջնեմ հրապարակի կանգառին, ուրկէ պիտի մեկնիմ մեթրոյով դէպի Երիտասարդական: Հոս բոլորը երիտասարդ են. դպրոցներն ու համալսարանները արդէն սկսած են: Եռանդոտ այս փողոցներէն քալելով` կ՛ուղղուիմ գործատեղ:
***
Մեր հաղորդակցական հսկայ յառաջդիմութեամբ անգամ անհնար է իսկապէս եւ ամբողջովին ծանօթանալ որեւէ երկրի ներքին պայմաններուն: Ծանօթանալ ու ճանչնալ` կը նշանակէ ուղղակի փորձել, շօշափել, տեսնել, յարաբերիլ, հետեւողական դրութեամբ եւ համեմատաբար երկար ժամանակի վրայ: Մէկ խօսքով, պէտք է գտնուիլ հո՛ն, հողին վրայ. ապրիլ այն երկրին մէջ, այն ժողովուրդին հետ, զոր կ՛ուզես ճանչնալ եւ, ապա, որուն բարգաւաճման համար կ՛ուզես ներդրում ունենալ: Այսպէս, վեց շաբաթ Երեւան ապրելով` ընկալեցի, որ` «իրակա՛ն երկիր է Հայաստանը, իրակա՛ն մարդոցմով», նաեւ, որ քանի մը հազար քիլոմեթր հեռու նստած` չես կրնար իրապէ՛ս ճանչնալ իրակա՛ն հայրենիքդ:
***
Յետմիջօրէի ժամը 3:30-էն ետք պէտք է ուղղուիմ դէպի Երեւանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի աշխատանոց(2): Մարշուքթայէն կ՛իջնեմ քաղաքի ամէնէն երիտասարդ խաչմերուկը` Կորիւն-Աբովեան, ուրկէ պիտի քալեմ դէպի համալսարան: Բազմամարդ մայթերուն վրայ եռուզեռը կանգ չ՛առներ: Կը թուի, թէ քաղաքի ամէնէն աշխուժ փողոցին մէջն եմ: Պատկերը ոգեւորիչ է:
Կը հասնիմ համալսարան, կը մտնեմ աշխատանոցի շէնք: Ահաւասիկ չորրորդ յարկն եմ, արդի աշխատանոցի շեմին: Կը մտնեմ: Տարբեր գիտական մասնագիտութիւններու երկրորդ տարուան ուսանողներ կը պատրաստուին մեծ թուականին(3): Անոնք ուշիմ են եւ`աշխատասէր, բայց ամէնէն կարեւորը` կը սիրեն ա՛յն, ինչ որ կ՛ընեն եւ ժամանակ կը տրամադրեն անոր: Դասերը չսկսած, ամառ ատեն արդէն սկսած են աշխատանքի, իսկ վերամուտէն ետք, դասապահերէն ետք օրական ժամերով կ՛աշխատին այդ աշխատանոցին մէջ ստեղծելու: Մասնագէտ անձնակազմը զօրավիգ է անոնց: Ընդամէնը միամեայ այս աշխատանոցին մէջ որքա՜ն կորով, ժրաջան աշխատանք, ուժ ու կարողականութիւն կայ: Վերջապէս, որքա՜ն ապագայ կայ այս գեղեցիկ ներկային մէջ:
***
Հայաստան ծանօթացած ընկերներէս մէկը Ֆէյսպուքի վրայ կը գրէր. «Ոչ ոք պիտի հասկնայ, երբ կ՛ըսենք, որ բնաւ չենք ուզեր լքել Հայաստանը «Դէպի Հայք»-էն ետք»: Ես ալ բնաւ չէի ուզեր լքել: Բայց տակաւին մինչեւ հիմա չեմ կրցած բնորոշել, թէ այս քաղաքին, այս երկրին, ճիշդ ի՛նչն է, որ կը դիւթէ քեզ առաջին օրերէն: Բնակիչնե՞րը, բնութի՞ւնը, անցեալին ու ներկային կողք-կողքի գոյութի՞ւնը, միայն հայրենակիցներու հետ ապրի՞լը, վարժանքի իւրայատկութի՞ւնը, թէ՞ ինքնին Հայաստանը` իր ամբողջական առումով:
Ինչ որ հաստատօրէն կրնամ բնորոշել, սակայն, ա՛յն է, թէ Հայաստանը վերածուեցաւ իմ հայ ինքնութեան հիմնական բացատրութեան: Իսկ սփիւռքահայ ըլլալս աւելի՛ ճնշիչ դարձաւ, կաշկանդող ու աւելորդ թուեցաւ: Ուրիշ խօսքով, աւելի համոզուեցայ, որ պատասխանը, թէ ինչ կը նշանակէ ըլլալ հայ, կու գայ խորքին մէջ ինքնին Հայաստանէն, նախ եւ ի վերջոյ: Լիբանանահայերուս համար դժուար է պատկերացնել այս մէկը, թերեւս, մինչեւ այն ատեն որ կ՛ապրինք մեր ստեղծած ժամանակաւոր պուրճ հայաստաններուն մէջ, որուն շուրջ ամէն համայնք իր պուրճերն ու աներեւոյթ ցանկապատերը կառուցած է. մոռցած ենք, որ այդ Պուրճը Համուտներուն կը պատկանի, նախ եւ ի վերջոյ: Իսկ Լիբանանէն դուրս, սփիւռքին մէջ, շատ դժուար է գտնել նման պուրճեր, որուն շուրջ կը կարծես, թէ թոռդ ալ «բնականաբար» ինքզինք պիտի զգայ «լիիրաւ» հայ:
***
Արդէն կէսօրը անցաւ: Կ՛ուղղուիմ դէպի Սլաւոնական համալսարան: Հասայ: Ըսին, որ հոս կը գտնեմ National Instruments-ի (4) գրասենեակը: Համալսարանի հարաւային մուտքէն, ուսանողներու եռուզեռի ընդմէջէն կը մտնեմ ու կ՛ուղղուիմ դէպի աջ կողմի շէնքը: Կը բարձրանամ վեր եւ կը հասնիմ National Instruments-ի աշխատանոցները: Անկեղծօրէն երբեք չէի պատկերացներ, որ բարձր արհեստագիտութեան կեդրոններ պիտի ըլլան Երեւանի մէջ, բայց ինչ որ տեսայ, հակառակն էր: Այս աշխատանոցը լեցուն է երիտասարդներով, որոնք համակարգիչներու վրայ տարբեր սարքերով եւ կազմածներով զանազան փորձեր կ՛ընեն, կ՛աշխատին: Կողքի դասարաններէն մէկուն մէջ կը սպասեմ տնօրէնին ու այս միջոցին կը մտածեմ. առանց որեւէ նախնական պատկերացում ունենալու` ինքզինքս գտած եմ միջազգային մակարդակի արհեստագիտական աշխատանոցի մէջ, եւ ա՛յդ` Երեւանի մէջ: Հսկայական առիթ` հայ երիտասարդ ճարտարագէտին իր հմտութիւնները ի գործ դնելու եւ զարգացնելու: Տնօրէնէն կ՛իմանամ, որ աշխատանոցը խորքին մէջ գործող հաստատութիւն է, ուր վարձատրութեամբ կ՛աշխատին ճարտարագէտներ: Համալսարանէն կը մեկնիմ տարօրինակ բերկրանքով` մտածելով, որ հակառակ ամէն դժուարութեան` Հայաստան ժամանակին հետ քայլ կը պահէ:
***
Այն գաղափարը, որ ես սփիւռքի մէջ պիտի չկարենամ ամբողջովին բնական մարդու կեանք ապրիլ, բնական փափաքներով ու հետաքրքրութիւններով, հետզհետէ սաստկօրէն կը հալածէ զիս, այն, որ պիտի չկարենամ իմ մասնագիտական ասպարէզը ամբողջովին հետապնդել եւ ինքզինքս զարգացնել տուեալ երկրի բնական քաղաքացիի նման, հետզհետէ խստօրէն կը ճնշէ զիս: Գիտէ՞ք, առաջնահերթութեան խնդիր է, եւ զիջելու ու զոհողութեան չափի հարց է հետզհետէ աւելի բարդացող այս աշխարհին մէջ: Անկեղծօրէն, ա՛լ չեմ ուզեր պարտք զգալ` որպէս հայ մնալու եւ այդ բեռը անընդհատ շալակելու հետս: Եւ մանաւանդ չեմ ուզեր յաջորդ սերունդները նոյն այս «անբնականութեան» ճնշող իրականութեան մէջ ըլլան: Այլ կ՛ուզեմ, որ բնական ըլլայ իմ ինքնութեան գոյատեւումը: Ինչպէ՞ս` հայրենիքի մէջ ապրելով:
***
Աշխատանքէն կ՛արձակուիմ: Երեկոյ է: Երեւանը կը պատրաստուի իրեն իւրայատուկ գիշերուան ցնծութեան: Ամէն օր կը զգաս, որ տակաւին անմոռանալի պահեր կը սպասեն քեզ այս քաղաքին մէջ: Մեթրոյէն կ՛իջնեմ Հանրապետութեան հրապարակ: Կայարանէն ելքին Երեւանի սիրտն է, հրապարակը: Անոր կողքէն կ՛անցնիմ` անպայման պահ մը անոր նայելով եւ կ՛ուղղուիմ «Դէպի Հայք»-ի գրասենեակ: Պէտք է արձանագրուիմ շաբաթական պտոյտին, թէ ոչ Լաստիվերը տեսնելու հրաշալի առիթ կը կորսնցնեմ: Կամաւորները կու գան բազմաթիւ երկիրներէ, սակայն մեծամասնութիւնը հայերէն լաւ չի գիտեր: Անոնք հո՛ս է, որ կը սորվին հայերէն: Կը մտածեմ. սփիւռքահայը իմ պատկերացուցածս չէ եղեր: Բարդ է: Կը մտածեմ. Այս բոլորին միացնողը մշակոյթը չէ, կենցաղը չէ, սովորութիւնները չեն, տեսքը չէ, վարուելակերպը չէ, հաստատ` լեզուն չէ, այլ երկու բան` գիտակցութիւնը, որ «ինչ որ չափով» հայ են, բայց ամէնէն աւելի կարեւորը` Հայաստանը ինքնին:
***
Ինչո՞ւ Հայաստան, եւ ո՛չ Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա, Արաբական ծոց եւ այլ զարգացած երկիրներ: Չէ՞ որ վարժանքի համար զարգացած երկիրները աւելի մեծ հնարաւորութիւններ ունին վարժանք կատարողին նշանակալից փորձառութիւն ապահովելու իր ապագայ աշխատանքներուն համար: Պարզ է, որ Հայաստանը յաճախադէպ ընտրութիւն մը չէ վարժանք կատարել ուզողներուն համար: Ուրեմն Հայաստան ընտրանքին մէջ կայ ուրիշ նպատակ, բացի կամաւոր աշխատանքէն. ոմանց համար ինքնութեան փնտռտուք, իսկ ուրիշներու` հայրենիքի ծանօթութեան խորացում: Աւելի՛ն, վարժանքին ընթացքին կը գիտակցիս, որ մենք իրարու պէտք ունինք այս հանգրուանին, հայրենիք – սփիւռք: Հայաստանը զանազան բնագաւառներ զարգացնելու իր առաջին քայլերը կ՛առնէ: Պատկերացուցէք, որ այդ զարգացման կը մասնակցիս, հոգ չէ թէ` շատ փոքր չափով:
***
Քասքատի աստիճաններուն վրայ եմ: Քաղաքը կը քնանայ արդէն. առտուան ժամը երկուն անց է: Հրաժեշտի գիշերս է: Երեսս դէպի Մասիս` կը վայելեմ խաղաղ լռութիւնը այս սովորաբար անհանդարտ աստիճաններուն:
Տեսայ այս երկրին լաւն ու վատը, լսեցի յոռետեսն ու լաւատեսը, վայելեցի հրաշալի բնութիւնը, ծանօթացայ «ոչ Երեւան» Հայաստանին ու ապրեցայ որպէս բնակիչ: Հրաժեշտ տալը այնքան ալ դժուար չեղաւ` թերեւս գիտենալով, որ դեռ պիտի հանդիպինք: Այժմ` ցտեսութիւն:
* * *
Սպասելով այն օրուան, երբ ա՛լ ցտեսութիւն պիտի չըսեմ…
—————————–
(1) «Դէպի Հայք» ծրագիրը կամաւորին առիթ կու տայ ապրելու հիւրընկալ ընտանիքի տան մէջ:
(2) «Հայկական ազգային ճարտարագիտական լաբորատորիաներ» ANEL (Armenian National Engineering Laboratories): Հիմնուած է 2013-ի սեպտեմբերի 2-ին եւ կը հանդիսանայ աւելի քան 30 մասնագիտացած եւ համաշխարհային ուսումնական եւ գիտահետազօտական աշխատանոցներէ կազմուած յառաջադէմ փորձարարական կեդրոն: Աւելին կարդալ` www.anel.am:
(3) Digitec Expo 2014, որ տեղի ունեցաւ 3-5 հոկտեմբեր 2014-ին: Բարձր արհեստագիտութիւններու տարեկան ցուցահանդէս է, որուն 2014-ին մասնակցեցան 140 կազմակերպութիւններ, որոնց կարգին ՀԱՃԱ-ն (ANEL): Յաւելեալ տեղեկութիւններ`
http://www.mwnews.am/Tests/View/5193
(4) NI-ը միջազգային հասատութիւն է, որ կ՛արտադրէ ինքնագործ փորձի սարքեր եւ virtual instrumentation software: Ան ներկայիս Հայաստանի մէջ ունի գրասենեակ եւ վաւերագրուած ճարտարագէտներու անձնակազմ, որոնք փոքր հաստատութիւններով կ՛աշխատին ինքնաշարժ համակարգերու ոլորտին մէջ: Այս փոքր հաստատութիւնները կը վայելեն EIF-ի հովանաւորութիւնը: Աւելին` www.ni.com, www.eif.am: