Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիկինը (Կասիկ Թիւթէլեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

Փետրուար 7, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

Տունը յանկարծ պարպուեցաւ եւ իրերն ու անոնց սուգը քողարկող վարագոյրները դարձան որբ ու անտէր: Կարծես տունը վերածուեցաւ փոքր գերեզմանի մը եւ ապագան կծկուեցաւ անցեալի համր ստուերներուն մէջ, ոչ թէ անոր համար, որ մահուան ուրուականները ներս խուժեցին տան լուսամուտներէն, այլ որովհետեւ Կասիկ Թիւթէլեանի վաղաժամ շիջումին հետ, զինք մօտէն կամ հեռուէն ճանչցած մեն մի անձ բաժին մը կորսնցուց իր հոգիին, յուզաշխարհին եւ երազներուն գանձարանէն:

Այսպէս են հայոց տուները, սարսափելիօրէն ահաւոր տեսք մը կը ստանան անոնք, մանաւանդ անոնց տանտիրուհիներուն անդարձ մեկնումէն ետք: Ակնթարթի մը մէջ կը խեղճանան, կը դառնան մերկ ու ամայի, ցուրտ ու անկենդան եւ իրենց մեռելային անշարժութեան ճանկերուն մէջ կ՛առնեն ամէն բան: Եւ տանտիրուհիին մահաշուք բացակայութիւնը կը դառնայ աւելի տիրական ու վախազդու, նոյնիսկ` մահէն:

Ամէն անգամ, երբ հարազատի մը անշունչ մարմինը հողին յանձնելէ ետք կամ քանի մը օր անց քայլերս այդ սիրեցեալ ննջեցեալին բնակարանն են տարած զիս, միշտ ալ սարսափած եմ սառն անտարբերութեամբ մեզ դիմաւորող այդ «անկոչ հիւր»-էն: Յաճախ փորձած եմ փախուստ տալ մահուան ուրուականին հետ ճակատ-ճակատի հանդիպելու պարտաւորութենէն եւ զուր փորձած ինքզինքս խաբել, որ տան ամէն մէկ անկիւնը, մեն մի ցուրտ իրի կամ նկարի մէջ այդ յաւերժ լռած կանթեղին լոյսն ու շունչը պիտի գտնեմ:

Կասիկ Թիւթէլեանի մահէն ի վեր իր երազներուն օթեւանը այցելելու համարձակութիւնը չունեցայ: Հաւանաբար վաղն ալ չայցելեմ: Բայց, ո՜վ խորհուրդ զարմանալի, ան յաճախ կ՛այցելէ ինծի, որովհետեւ նոյնինքն ընտանիքն էր` ընտանիք բառին ազնուագոյն եւ ամբողջական առումով: Քալող հայ ընտանիք մը, իսկ մենք` իր փոքր ու մեծ ընտանիքին անբաժան հարազատները:

Վաւերականօրէն դաշնակցական ընտանիքի մը մէջ աչքերը լոյսին բացած եւ Դաշնակցութեան լոյսերով եւ արշալոյսներով իր օճախը ջերմացուցած դաշնակցակա՛ն հայ մայր մըն էր ան, պարտաճանաչ, ծառայասէր եւ գաղափարապաշտ նուիրեալ մը, որուն ծառայական մասնակցութիւնը մեր գաղութի հաւաքական կեանքին մէջ չափ ու սահման չէր ճանչցած` կրթական ասպարէզէն մինչեւ մշակութային կեանք եւ բարեսիրական գործունէութենէն մինչեւ կուսակցական ներկայութիւն: Պարզ ըսած` ինք պարզապէս ի՛նք էր` յար եւ նման իր սերունդին բոլոր արժանաւոր ներկայացուցիչներուն, որոնք ազնուաշուք անհատականութիւններ ըլլալով հանդերձ, հիւղաւաններէն ու խրճիթներէն ցեղին վճռականութեան, հաւատքին եւ անկոտրում կամքին հոյակերտ պալատները բարձրացուցած սերունդին ընդհանրական կերպարը կը մարմնաւորէին:

Այդ իսկ պատճառով շատ շատեր, աւելի ճիշդ` գրեթէ բոլորը ներկայ էին ընկհ. Կասիկի եւ իր նմաններուն մէջ: Մայրը, քոյրը, ընկերուհին, միութենականը, հայ տոհմիկ օճախին ազգապահպանման աւանդներուն ու սրբութիւններուն ամրօրէն կառչած դաստիարակն ու առաքելուհին յաճախ զիրար կը խաչաձեւէին Կասիկ Թիւթէլեան անուն փափկասուն տիկնոջ մը, որ կարծես կու գար հայ ազնուականութեան հին-հին ոսկեդարերէն, մեղմ ու քնքուշ կը մտնէր հոգիիդ դարպասէն ներս, չորս դին կը ծանէր ժպիտ ու համեստութիւն, կը բացուէր օրդ ջերմացնող արշալոյսի մը նման եւ կը գրաւէր քեզ իր մէջ ազնուութեամբ ու հմայքով` ճիշդ ու ճիշդ առասպելներու կախարդական աշխարհէն արշալուսող իշխանուհիներուն անդիմադրելի գրաւչութեամբ: Միայն հայոց աշխարհի «Տիկնայք փափկասուններուն արժանի վայելչութեամբ: Տիրաբար, առանց արտօնութեան, բայց եւ` հեզ ու հլու, նուրբ ու զգոյշ, բարի ու առաքինի եւ ծայր աստիճան փափկանկատ: Մանուկի մը անգիտակից բարութեամբ եւ մօր մը ամբողջական գուրգուրանքով: Այն աստիճան, որ կարծես ամչնալով կը թելադրէր քեզի, թէ դուն արժանի ես այս կեանքը ապրելու, բայց իրենց կողքին եւ ազգիդ համար:

Տունը ամայի է տակաւին, բայց մենք դեռ կ՛ապրինք անժամանցելի ներկայութիւնը անոր առաջին եւ վերջին Տիկինին, որ հակառակ ժամանակի թաւալումին, անդադար ա՛լ աւելի կը գեղեցկանայ եւ նոյնիսկ սգաւոր տան մութ անկիւններուն ու մահագոյն օրերուն կը պարգեւէ օրերուն կը պարգեւէ իւրայատուկ գոյն ու հմայք:

Նախորդը

Համեստ Աբոն Ալ Գնաց

Յաջորդը

Արդէն Տարի Մը Անցաւ…

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?