Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը (ՍՇՕՎՄ) 2014 տարեշրջանին շարունակեց իր աշխատանքները ճշդուած աշխատանքային ուղեգիծին համաձայն, որ կ՛ընդգրկէր առողջապահական, կրթական, բնակարանային եւ կենցաղային օժանդակութեան բնագաւառները:
ՍՇՕՎՄ-ը 2014-ին գործեց քաղաքական-ապահովական դժուարին պայմաններու մէջ: Հայահոծ շրջանները, յատկապէս Հալէպը եւ ի մասնաւորի Նոր Գիւղի շրջանը ենթարկուեցան ահաւոր հրթիռակոծման: Արձանագրուեցան մեծաթիւ վիրաւորներ, զոհեր ու նահատակներ, շարունակուեցան կենցաղային դժուարութիւնները` ելեկտրականութեան եւ ջուրի երկարաժամկէտ անջատումները (երբեմն օրերով ու շաբաթներով), սղաճը, վառելանիւթի տարբեր տեսակներու ապահովման դժուարութիւնները եւ կենցաղային այլ խնդիրները, որոնց լուծման համար ՍՇՕՎՄ-ի հովանաւորութեան ներքեւ գործող Շտապ օգնութեան գործադիր մարմինները ջանք չխնայեցին:
Ա.- Օժանդակութեան Աշխատանքներ
2014-ին Հալէպի, Լաթաքիոյ, Քեսապի եւ Ճեզիրէի շրջաններուն մէջ ՍՇՕՎՄ-ի կողմէ յառաջացած գործադիր մարմինները շարունակեցին հայութեան օժանդակութեան աշխատանքները: Հայահոծ նշեալ շրջաններու դիմագրաւած դժուարութիւնները միատեսակ չէին: Ճեզիրէի շրջանը թէեւ անվտանգութեան առումով համեմատաբար աւելի ապահով էր, սակայն կը դիմագրաւէր սղաճի եւ ջուրի խնդիր:
Ծովեզերեայ շրջանը 2014-ի մարտ 21-ի Քեսապի գրաւման պատճառով բաւական ծանր կացութեան մատնուեցաւ: Լաթաքիոյ Գործադիր մարմինը ստանձնեց Քեսապի հայութեան օժանդակութեան աշխատանքները` համագործակցաբար Քեսապի Գործադիր մարմինին հետ:
Այս շրջանին օժանդակութեան աշխատանքներն ու նիւթական թէ բարոյական աջակցութիւնները կեդրոնացան քեսապահայերու ուղղութեամբ:
Լաթաքիան, որ Սուրիոյ տարածքին ամէնէն ապահով շրջանը կը համարուի, դարձաւ թէժ շրջաններէն տեղափոխուած հայութեան կայարան:
Մայրաքաղաքը ապահովական իմաստով մտահոգիչ կացութիւն պարզեց, տարուան տարբեր ամիսներուն ռումբեր եւ հրասանդի արկեր տեղացին քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ, ներառեալ` հայկական կեդրոններու գտնուած շրջանները (դպրոց, ակումբ):
Իսկ Հալէպը շարունակեց մնալ Սուրիոյ քաղաքներէն ամէնէն աւելի տուժողը` ապահովական, տնտեսական եւ կենցաղային առումներով:
Բ.- 2014-ի Հիմնական Խնդիրները
I- 2014-ին դիմագրաւուած հիմնական խնդիրը բնակարաններու հարցն էր: Հրթիռարձակման պատճառով մեծաթիւ հայ ընտանիքներ կորսնցուցին իրենց բնակարանները, որոնք քանդուեցան, կիսով չափ քանդուեցան եւ կամ մասնակի մեծ ու փոքր վնասներ կրեցին:
Նկատի ունենալով հիմնովին քանդուած կամ կիսաքանդ բնակարաններու նորոգութեան համար պահանջուած մեծածախս գումարները նաեւ տակաւին վտանգի առկայութիւնը, կարելի եղաւ միայն մասնակի վնասներ կրած բնակարաններու նորոգութեան օժանդակութիւն կատարել:
II- 2014-ին Հալէպի դիմագրաւած մեծ խնդիրը ջուրի հարցն էր: Քաղաքի ջրամատակարարման խողովակները ռազմական գործողութիւններու պատճառով վնասուեցան, որուն պատճառով ամրան եղանակին քաղաքը զրկուեցաւ ջուրէ: Արդարեւ, Հալէպի Գործադիր մարմինի ծառայողական աշխատանքները ընդգրկեցին նաեւ ջրամատակարարման գործը:
Բարեբախտաբար 2013-ին նախազգուշանալով նման իրավիճակներու մատնուելէ` Բերիոյ թեմին նախաձեռնութեամբ հայկական կեդրոններու մէջ (եկեղեցիներ, դպրոցներ, ակումբ) ջրհորներ բացուած էին, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ ջրաբաշխման ծառայութիւնը իրականացնել:
III- 2014-ի կարեւոր մտահոգութիւններէն էր նաեւ Քեսապի գրաւումն ու անոր հետեւանքները: Քանի մը ժամուան մէջ հարիւրաւոր ընտանիք անօթեւան մնաց: Տեղահանուած հայութիւնը ապաստան գտաւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Նահատակաց վարժարանի կառոյցներուն մէջ: Տագնապահար ժողովուրդին օգնութեան փութալու նիւթական իմաստով նեցուկ կանգնելէ աւելի բարոյական պարտաւորութիւն ունէր ՍՇՕՎՄ-ը: Առ այդ, ՍՇՕՎՄ-էն պատուիրակութիւն մը, ատենապետի գլխաւորութեամբ, այցելեց Լաթաքիա եւ հարկ եղած կարգադրութիւնները ի գործ դրաւ: Յաջորդաբար շրջան այցելեցին ՍՇՕՎՄ-ի անդամ համայնքապետները եւ ազգային մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչները:
Գ.- Յարաբերական-Քարոզչական Աշխատանքներ
ՍՇՕՎՄ-ը շարունակեց իր յարաբերական-քարոզչական աշխատանքները տարբեր ուղղութիւններով.-
ա.- Հաղորդագրութիւններ հրապարակելու ճամբով:
Շարունակելով իր քարոզչական աշխատանքը ՍՇՕՎՄ-ը 2014-ին հրապարակեց 5 հաղորդագրութիւն (թիւ 8-12):
բ.- www.syriashdab.com ՍՇՕՎՄ-ի պաշտօնական կայքէջին ճամբով, ուր կը տեղադրուին անոր հրապարակած հաղորդագրութիւնները, տեղեկագիրները, ստացած հրապարակելի գրութիւնները, նաեւ` աշխատանքներու մասին պատրաստուած վաւերագրական տեսագրութիւններու եւ նուիրատուներու անուանացանկը:
գ.- Նուիրատու կողմերու հետ յարաբերութեամբ` նամակագրութեամբ եւ ՍՇՕՎՄ-ի գործավար-բանբերի ճամբով անմիջական հաղորդակցութեամբ: Յատկապէս ողջունելի է ՍՇՕՎՄ-իս համար Միացեալ Նահանգների եւ Քանատայի Սուրիահայութեան օգնութեան մարմիններուն եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի մասնաճիւղերու ցուցաբերած նիւթական թէ բարոյական աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը, որուն համար ՍՇՕՎՄ-ը երախտապարտ է:
դ.- Օժանդակութիւններու աշխատանքներուն մասին յատուկ տեսանիւթերու պատրաստութեամբ:
ե.-2014-ի հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներուն յարաբերական աշխատանքը արդիւնաւորուեցաւ ՍՇՕՎՄ-ի ատենապետին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններ նաեւ Քանատա այցելութեամբ, որ մեծապէս նպաստեց սուրիահայութեան իրավիճակին եւ ՍՇՕՎՄ-ի աշխատանքներուն մասին հարազատ պատկերացում տալու եւ մեր ազգակիցներէն մեր ակնկալութիւնները փոխանցելու առումներով:
զ.- ՍՇՕՎՄ-ի յարաբերական աշխատանքներու ծիրէն ներս կը ներառուի Հայաստան-սփիւռք Ե. խորհրդաժողովին (սեպտեմբեր, 2014) հինգ անդամով մասնակցութիւնը, որ մեծ ներդրում ունեցաւ Հայաստանի մէջ յանուն սուրիահայութեան ծաւալուած աշխատանքներուն ծանօթանալու եւ Սուրիոյ մէջ ՍՇՕՎՄ-ի աշխատանքներուն իրազեկ դարձնելու: Հայաստանաբնակ սուրիահայերը առիթը ունեցան լսելու նաեւ համայնքապետները` Երեւանի մէջ:
Դ.- Յառաջիկայ Ծրագիրներ
Թէեւ ՍՇՕՎՄ-ը իր աշխատանքային ծրագիրներուն մէջ հիմնական տեղ յատկացուցած է վերականգնման ծրագիրներուն, սակայն ցարդ կարելիութիւն չէ ունեցած մշակելու այդ ծրագիրները երկրի քաղաքական-ապահովական կացութեան անկայունութեան եւ յառաջիկայ ժամանակաշրջանին համար հեռանկարային յստակ պատկերացումներ չգտնուելու պատճառով:
Այսուհանդերձ, ՍՇՕՎՄ-ը իր հերթական նիստերով բազմաթիւ անգամներ սերտած է օրակարգը եւ` նախագիծներու պատկերացումներու քննարկում կատարած, որպէսզի պայմաններու բարեփոխման պարագային անմիջապէս գործնական աշխատանքի անցնի:
Ե.- Շնորհակալիք
ՍՇՕՎՄ-ը` յանուն յատկապէս սուրիաբնակ տոկացող հայրենակից-ազգակիցներուն, երախտագիտութիւն կը յայտնէ անհատական թէ հաւաքական զօրակցութիւններու բոլոր տեսակի արտայայտութիւններուն համար, որ որոշ իմաստով կը յայտնաբերէ մեր ժողովուրդի միասնականութիւնը տագնապալի դժուարին կացութեան մէջ: Բնականաբար կը շարունակենք հաւատալ, որ մինչեւ ներկայ տագնապի աւարտն ու անդին, մեզի օժանդակող բոլոր կողմերը պիտի շարունակեն իրենց օրհնեալ աջակցութիւնը հասցնել մեր ժողովուրդին: Բոլոր նուիրատուներուն վարձքը կատար եւ անհուն շնորհակալութիւն:
Եզրափակում
Պատմական արժէք ներկայացընող, իր մարդուժով ու գործունէութեամբ հայկական սփիւռքի իրականութեան մէջ իւրայատուկ տեղ ունեցող սուրիահայ համայնքի նման համայնքի մը տէր կանգնիլը, անոր նկատմամբ հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերելը եւ անոր ապրած տագնապի դաժան օրերուն նեցուկ կանգնիլը ողջ հայութեան հիմնախնդիրը կը կարծուի համարուած ըլլալ: Հետեւաբար պիտի շարունակուին ամէն կերպ համայնքին օգտակար դառնալու աշխատանքները:
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ