ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
(Փարիզեան շրջանի Լը Ռենսի քաղաքի ԴՊՐՈՑԱՍԷՐ վարժարանի մանկապարտէզի նոր շէնքի բացման հանդիսութենէն թելադրուած խօսքեր, որոնք սովորական թղթակցութիւն մը ըլլալու միտում չունին):
Հոկտեմբեր 1988-ին ֆրանսերէն յօդուած մը գրած էի, ինչպէս սովորութիւն է ըսել, արեւմտեան աշխարհի հայ համայնքներէն լսուելու համար: Հաւանօրէն նոյն բովանդակութեամբ յօդուածներ պէտք է գրել ովկիանոսի երկու կողմերն ալ: Եթէ մեր աչքի կապանքները հանենք, այլեւս նման յօդուածներ պիտի գրենք պարսկերէն, արաբերէն: Կ’ըսէի.` երբեք բաւարար չափով չենք խօսիր դպրոցներու մասին: Երբեք բաւարար չափով չենք խօսիր հայ դպրոցի առաջնահերթ դերին մասին, ըլլանք պարզ անհատ, մշակութային կամ մարզական միութիւն, արուեստագէտներ կամ քաղաքական անձեր:
Այս լքումի ուղիղ գիծին վրայ, որպէս յառաջդիմութեան իմաստութիւն, կ’ըսէին, տիրական իմաստութեան շեշտով, որ սփիւռքը կարիք չունի զբաղելու դպրոցներով, եւ որ, էական աշխատանքը քաղաքական է:
Հարց կու տայի, որ մի՞թէ քաղաքականութիւնը սոսկ փայտեայ լեզուն է, որ կը գինովցնէ երեկոներու կամ շաբաթավերջի մունետիկները:
Եւ կ’աւելցնէի, որ հայկական դպրոց մը, սփիւռքեան պայմաններու մէջ, մեծ տարողութեամբ քաղաքական նախաձեռնութիւն է:… Ան կ’ենթադրէ ամբողջի եւ ապագայի տեսիլք մը:
2015 յունուար 24-ին Փարիզի մերձ Լը Ռենսի քաղաքի պատմական հայկական ԴՊՐՈՑԱՍԷՐ վարժարանը, փոխանակ ինքզինք լուծարքի ենթարկելու, երեւոյթ, որուն ականատես եւ ականջալուր անզօր վկաներն ենք աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր, բացումը կատարեց հին մանկապարտէզը փոխարինող նոր եւ արդիական սարքաւորումներով օժտուած շէնքին: Բացակայ էին անոնք, որոնք կը խորհին, որ հայկական նկարագրով սփիւռք կրնան պահել առանց դպրոցի եւ ազգային լեզուի, շաբաթավերջին կարգախօսային քաղաքականութիւն խաղալով, անոնք, որոնք հայ դպրոցը համարած են ոչհասութաբեր նախաձեռնութիւն, կամ պարզապէս ջուրի մակերեսին տրուած սուրի հարուած…
Ֆրանսա ապրած արուեստագէտ հայուհիի մը կտակով հայ մանուկներու ազգային գիտակցութիւնը կեանք պիտի ստանայ: Դպրոցաշէն բարերար հայ մը, ինքզինք այլապէս կրկնելով, նոր մանկապարտէզի սարքաւորումներու ծախսը յանձն առած է: Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ ԴՊՐՈՑԱՍԷՐը պիտի օժտուի երկրորդական բաժինով մը, եւ շէնքին բացումը պիտի կատարուի մօտ օրէն:
Դպրոցին աշակերտական երգչախումբը, առանց օտարոտի շեշտի, հայերէն երգ հրամցուց, այսինքն հայերէն երգը ներկայ եղաւ որակով, գինարբուքներու ոճէն տարբեր, ոճ` տեղական, ոճ` յաճախ նաեւ հայրենասիրական զգացումներով ներածուած: Եթէ պահուի այս որակը, հայ սերունդ կը պատրաստուի, որուն համար հայերէնը եւ հայ մշակոյթը շաբաթավերջի զուարճութիւն չեն ըլլար:
Ոգի ի բռին աշխատողներ եղած են այս դպրոցին համար: Ճառեր խօսուեցան: Այս ուրախութիւնը կը թելադրէ ակնկալութիւններ: Պէտք է յուսալ, որ հայերէնը հոս իր իրաւ զարգացումը կը գտնէ որպէս մայրենի լեզու, որով մշակոյթ կը ժառանգուի եւ կը կտակուի: Այս դպրոցին մէջ դասաւանդած են հայ գրողներ եւ բանաստեղծներ: Արդար պիտի ըլլայ, որ նորերը շարունակեն անոնց նուաճումները, ըլլան` գրող, բանաստեղծ, պատմաբան, լրագրող, եկեղեցական: Այսինքն պէտք է ակնկալել ազգակերտ ամբողջական տեսիլքով մանկավարժութիւն մը կիրարկելով, սերունդ պատրաստուի` տէր ըլլալու համար մեծաթիւ հայկական զանգուածին, որպէսզի առաջքը առնուի ծագումով հայ ըլլալու վատսերման ընթացքին:
Անցեալին գրած եմ այս դպրոցին մէջ գործադրուող իմաստուն մանկավարժութեան մասին, երբ ուսողութեան ուսուցիչը ֆրանսերէնով կ’աւանդէր, այդ նիւթին վերաբերող բոլոր բառերուն հայերէններն ալ կը սորվեցնէր, որպէսզի աշակերտը գիտնայ, որ հայերէնը միայն խոհանոցի կամ շարականի լեզու չէ, այլ նաեւ աշխարհաճանաչողութեան լեզու է:
Պատահած է, որ դպրոցներ այցելեմ եւ ցաւով հաստատած եմ, որ աշակերտները, երբ կը խաղան, երբ իրարու հետ կը խօսին, հայերէնով չեն ապրիր: Կը մաղթեմ, որ այդքան որակով երգող հայ տղաքն ու աղջիկները հայերէնը կենդանի պիտի պահեն բակին մէջ, փողոցը, տունը, եւ համացանցի եթերով:
Լաւ է երբեմն յիշել եւ յիշեցնել, որ կրթական գործը պատրաստութիւն եւ մասնագիտութիւն կը պահանջէ, նաեւ` հայերէն ուսուցանողներուն համար, եւ խնայողութիւն ընելու համար հայերէնի որակը պէտք չէ զոհել:
Պատմական դպրոց մը նոր մանկապարտէզով օժտուեցաւ: Ո՛չ ճառ, ո՛չ բաժակաճառ:
Հայ դպրոցի աճման վկայ եղանք եւ պահ մը մոռցանք, որ այլ երկինքներու տակ դպրոցներ կը փակուին:
Իսկ թութակաբար կարգախօսներ կրկնողները ե՞րբ պիտի սորվին, որ հայուն համար իր տոկալու եւ տեւելու հիմնարար քաղաքականութեան պատուանդանը ո՛չ զգացական հայրենասիրութեան բարեսիրութիւնն է, ո՛չ ալ պիզնեսը, այլ հայկական անխառն բովանդակութեամբ հայ դպրոցն է: