Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
«ԱԶԴԱԿ».- Ո՞ր թուականին հիմնուած է «Վանլեան» հաստատութիւնը եւ ով հիմնած է:
ՊԵՏՐՈՍ ՎԱՆԼԵԱՆ.- «Վանլեան» հաստատութիւնը հիմնուած է 1952-ին: Ես եւ եղբայրներս` Արան ու Աբրահամը հիմնած ենք:
«Ա.».- Սկզբնական շրջանին ի՞նչ կը վաճառուէր հաստատութիւններուն մէջ, իսկ ներկայիս ի՞նչ կը վաճառէք:
Պ. Վ.- Սկզբնական շրջանին մենք հեծանիւ կը ծախէինք, որովհետեւ իմ նախասիրած մարզաձեւս էր հեծանիւ քշել: Սկսանք հեծանիւ առնել տեղական շուկայէն, նորոգել ու ծախել: Մեր խանութը կը գտնուէր Նոր Մարաշի մէջ: Հետզհետէ սկսանք ընդլայնել մեր գործը եւ վաճառել լուսարձակ, ելեկտրական բարդ, ձայնասփիւռի սկաւառակ, նաեւ` հայերէն երգերու: Ապա վաճառեցինք սառնարան, լուացքի մեքենայ: Այդ միջոցին փոխադրուեցանք «Արմենիա» պողոտայ ներկայ «Վանլեան լայթինկ» խանութը, սակայն միաժամանակ պահեցինք նոր Մարաշի մեր խանութը: Անկէ ետք սկսանք կահ-կարասիի գործը` 1958-ին: Սկզբնական շրջանին համաձայնեցանք ատաղձագործի մը հետ. ան կը շինէր, մենք կը ծախէինք: 1960-ին «Շէլ»-ի շրջանի շէնքը գնեցինք եւ հոն ալ սկսանք վաճառել մեր ապրանքը: Ներկայիս յարկ մը տրամադրած ենք ապակեղէնի նուէրներու` կաճէթի:
«Ա.».- «Վանլեան» հաստատութիւնը սկսած օրէն մինչեւ այսօր ի՞նչ հանգրուաններէ անցած է, ո՞ւր էր իր տեղը անցեալին, եւ ներկայիս ո՞ւր է:
Պ. Վ.- Կրնամ ըսել, որ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ լաւագոյնն ենք որակի եւ զանազանութեան տեսակով: Մեր մասին կ՛ըսեն, որ` «եթէ լաւ եւ յատուկ բան պիտի գնես», նաեւ` նորութիւններ կ՛ուզես, «Վանլեան» այցելէ»: «Վանլեան»-ը միջազգային մակարդակով լաւ անուն ձգած հաստատութիւն մըն է:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս յաջողեցաք այս ասպարէզին մէջ:
Պ. Վ.- Յաջողելու համար երեք բան կարեւոր է: Առաջինը` տեսնել, որպէսզի կարենաս բարձրանալ: Երկրորդը` քաջ պիտի ըլլաս եւ նետուիս գործի մը, իսկ երրորդը` պիտի հետեւիս, որպէսզի շարունակես եւ դիմագրաւես դժուարութիւնները:
«Ա.».- Ի՞նչ դժուարութիւններ դիմագրաւած էք: Վստահաբար ներկայ ձեր դիրքին հասնելու համար բաւական խոչընդոտներէ անցած էք:
Պ. Վ.- Հիմնական դժուարութիւնը նիւթականն էր, մանաւանդ` սկզբնական շրջանին, երբ յաճախորդ մը ապրանք կ՛ապսպրէր, սակայն տեղւոյն վրայ չէր վճարեր եւ կ՛ուշացնէր: Եթէ քանի մը նման պարագայ ունենայինք, արդէն որպէս սկսնակ դժուարութեան դէմ յանդիման կը գտնուէինք: Սակայն, ինչպէս ըսի, այս բոլորին դիմաց քաջ պէտք է ըլլալ եւ պէտք չէ յուսահատիլ, որպէսզի կարենաս գոյատեւել: Ես կը հաւատամ, որ իւրաքանչիւր անձի կեանքին մէջ յաջողութիւնը կը ներկայանայ, սակայն հարկ է գիտակցիլ եւ առիթը լաւագոյնս օգտագործել:
«Ա.».- Լիբանանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին «Վանլեան» հաստատութիւնը մասնաճիւղեր ունի՞:
Պ. Վ.- Այո՛, մենք Քուէյթի եւ Յորդանանի մէջ մասնաճիւղեր ունինք: Լիբանանի մէջ եւս մասնաճիւղ ունինք քաղաքի մէջ նաեւ` «Սիթի մոլ»-ի եւ «Լը Մոլ»-ի մէջ, ուր ցուցադրութեան սրահ կայ:
«Ա.».- Ցուցահանդէսներու մասնակցա՞ծ էք:
Պ. Վ.- Իտալիոյ մէջ ցուցահանդէսի մասնակցած ենք, նաեւ Լիբանանի մէջ զանազան առիթներով մասնակցած ենք ցուցահանդէսներու:
«Ա.».- Կ՛աշխատակցի՞ք այլ երկիրներու հետ:
Պ. Վ.- Այո՛: Օրինակ` Սէուտական Արաբիոյ եւ արաբական կարգ մը երկիրներու հետ, մինչեւ իսկ` Մոսկուա: Գործակցութիւնը հետեւեալ ձեւով կ՛ըլլայ. անոնք ապսպրանք կը կատարեն, եւ մենք շինելէ պատրաստելէ ետք կ՛ուղարկենք տուեալ երկիրը: Սակայն մենք հիմնականին մէջ Լիբանանի մէջ կ՛աշխատինք:
«Ա.».- Ո՞ւր է «Վանլեանց հաստատութեան տեղը Լիբանանի տնտեսութեան մէջ:
Պ. Վ.- Մենք շատ դրական տեղ ունիք Լիբանանի մէջ, նաեւ Լիբանանէն դուրս` Քուէյթի, Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ մէջ, որովհետեւ ամէն տեղ «Վանլեան» հաստատութեան շուքը կայ, եւ ամէն մարդ կը գիտակցի, որ մենք լաւ վարպետներ ենք մեր արհեստին մէջ եւ կը գնահատեն մեզ: Երբ քու ապրած երկրիդ պատիւ կը բերես, կը նշանակէ, որ արդէն իսկ դուն բան մը կու տաս հայրենիքիդ:
«Ա.».- Ապագայի ծրագիրներու մասին կրնա՞ք խօսիլ:
Պ. Վ.- Ներկայիս այս շէնքին քովը հող մը գնած ենք եւ հոն 5 յարկանի շէնք մը պիտի բարձրացնենք: Հոն պիտի վաճառենք դասական ոճի ապրանք, մենք հիմա կը վաճառենք նորաձեւ, ժամանակակից կահոյք:
Ներկայիս այս է մեր ծրագիրը` շէնքը բարձրացնել եւ սկսիլ աշխատանքի: Սակայն հիմա Սուրիոյ պատերազմին պատճառով կանգ առած ենք եւ սպասումի մէջ ենք:
Հոս կ՛ուզեմ փակագիծ մը բանալ եւ ըսել, որ մենք շրջան մը սկսանք կահ-կարասի վարձու տալ: Բացատրեմ` ինչպէ՛ս եղաւ այս աշխատանքը: Քանատական կամ ամերիկեան կամ այլ դեսպանատուներ մեզի կը դիմէին` ըսելով, որ իրենց դեսպանը պիտի ուղարկեն Լիբանան կեցութեան 1,5 կամ 2 տարուան համար, հետեւաբար կ՛ուզեն վարձել կահ-կարասի: Մենք կ՛ընդառաջենք անոնց, իսկ քանի մը տարի ետք, երբ այլ դեսպան մը գար, նորէն ամբողջ յարկաբաժինը վերստին եւ այլ ոճով կը կահաւորէինք: Բաւական յաջողութիւն գտանք այս ծիրին մէջ եւ Ռաուշէի շրջանին մէջ 120 յարկաբաժինի կահաւորում վարձու տուինք:
«Ա.».- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ձեզ պարգեւատրեց «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով: Ի՞նչ առիթով էր:
Պ. Վ.- Կաթողիկոսարանի գրադարանը` մատենադարանը, վեհափառին գրասենեակը, վեհարանը եւ այլն օժտած եմ կահ-կարասիով` առանց վեհափառին պահանջին: Ես ուզեցի իմ կամքով նուիրել այս բոլորը: Այդ պատճառով Արամ Ա. կաթողիկոս ինծի շնորհեց «Կիլիկեան Ասպետ»-ի շքանշանը: «Թռչնոց բոյն»-ին եւս բաւական կահաւորում տրամադրած եմ:
Ներկայիս Պիքֆայայի վանքին մէջ 40 աբեղաներու ննջասենեակներ կահաւորելու աշխատանքին մէջ եմ:
«Ա.».- Իբրեւ յաջողած գործարար ի՞նչ ունիք ըսելիք մեր ընթերցողներուն:
Պ. Վ.- Մենք մեծ յոյս ունինք, որ Լիբանանի մէջ խաղաղութիւն պիտի ըլլայ եւ գործերը յաջողութեամբ պսակուին: