Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Կալիփոլի. Հակաքայլ` Երկու Ուղղութեամբ

Փետրուար 7, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

20615_110Կալիփոլիի հակաքայլով Անգարան պարզ դարձուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումներու չէզոքացման միտող իր քաղաքականութիւնը: Կալիփոլիի 100-ամեակի նշման պաշտօնական յայտարարութենէն ետք էր միայն, որ պաշտօնական Անգարան յստակ դարձուց, որ պիտի չընդունի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի երեւանեան նշումին ներկայ ըլլալու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հրաւէրը:

Մինչ այդ, փաստօրէն Թուրքիոյ նախագահին լռութիւնը հրաւէրին չընդառաջելու հիմնաւորումի բացակայութիւնն էր: Հիմա, Կալիփոլի-Հայոց ցեղասպանութիւն կամ Անգարա-Երեւան նշումներու մրցապայքարի ազդանշանը տրուած է:

Փորձենք ամփոփել, որ այս մրցապայքարին մէջ հայկական կողմը ի՛նչ առաւելութիւններ կրնայ ձեռք ձգել: Անշուշտ, այս մօտեցումը բնաւ չ՛անտեսեր թրքական վարչամեքենային եւ համապատասխան բաժանմունքներու ի գործ դրած հսկայական միջոցներով իրականանալիք չէզոքացման միջոցառումները:

Պետական մակարդակներու վրայ, պէտք է ակնկալել, որ միեւնոյն պետութիւնը ներկայացուցիչներ ուղարկէ թէ՛ Երեւան եւ թէ՛ Անգարա: Այստեղ խնդիրը կը կեդրոնանայ տուեալ պաշտօնատարին զբաղեցուցած պետական հանգամանքի աստիճանաչափին վրայ: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ որքան ալ իրազեկուի տուեալ պետութիւնը, թէ Կալիփոլիին նշումի թուականը շարժական չէ, թէ այս պարագային ապրիլ 24-ի  ընտրութիւնը պարզապէս չէզոքացման միտող հակաքայլ է, այնուամենայնիւ հրաւէրներուն ընդառաջելու պետական շարժառիթները  զուտ քաղաքական են: Նման պահուածքներու մէջ քաղաքական տուեալ պահու թելադրած հանգամանքները շատ աւելի գերակշիռ են, քան արժէքներու նկատմամբ ցուցաբերուած վերաբերումներու հետեւողականութիւնը:

Հայկական կողմը, քաղաքական տրամաբանութեան այս պարունակին մէջ վստահաբար նկատի կ՛ունենայ Անգարայի հետ առեւտրատնտեսական ոչ նկատառելի յարաբերութիւններ ունեցող պետութիւններու շրջանակները, նախ եւ առաջ: Ցեղասպանութեան եւ նոյնիսկ Արցախի անկախութեան ճանաչման վերջին բանաձեւերը կը յուշեն, որ հարաւային ամերիկեան երկիրները այդ առումով համեմատաբար նպաստաւոր ենթահող ունին: Անկախ գաղափարական բարենպաստ ընդհանուր մթնոլորտէն, այստեղ Անգարան ճնշելու մեծ հնարաւորութիւններ չունի: Հարաւային Ամերիկայի տարբեր երկիրները կրնան ուրեմն առաջնակարգ դէմքերու մակարդակով մասնակցիլ 100-ամեակի երեւանեան նշումներուն:

Հրաւէրներու ընդառաջումներ կրնան արձանագրուիլ նաեւ Անգարա եւ տուեալ պետութիւն լարուած յարաբերութիւններու իրավիճակէն մեկնած: Եգիպտոսը օրինակ մը կրնայ հանդիսանալ այս իմաստով: Քաղաքական յուշարարութեամբ բեմ բարձրացող նման օրինակներու շարքը կարելի է երկարել: Յստակը այն է, որ արժէքի փոխարէն քաղաքական պահուն թելադրած կանոնն է այստեղ գործող քերականական չափորոշիչը:

Անկախ նաեւ հայկական կողմի աշխարհագրական առաւելութենէն` աշխարհատարած կազմակերպ համայնքներու ցանցային կառոյցը եւ աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներուն մէջ 100-ամեակ նշելու ծրագիրները, տեղւոյն պետական-հասարակական կառոյցներու մէջ հայկական գործօնի ներգրաւուածութիւնն ու ազդեցիկութիւնը, այլ կարեւոր հանգամանք եւս գոյութիւն ունի յոբելենական այս մրցապայքարին մէջ, իբրեւ հայկական կողմի առաւելութիւն:

Առաջին հայեացքով նշումնային մրցապայքարը Երեւան-Անգարա է: Կարեւոր ենթամրցապայքար մը կայ, որ խորքային դիտարկումով հետզհետէ կը սկսի երեւիլ աւելի յստակ: Պաշտօնական Անգարա-թրքական հասարակութիւն պայքարին մասին է խօսքը, որուն առանցքը այս պարագային ցեղասպանութիւնն է: Ի հարկէ գերխանդավառուիլը օգտակար չէ այս պարագային: Այնպէս չէ, որ թրքական դաշտը բեւեռացած է այս հարցին շուրջ կամ խոր պառակտումներու կրնայ առաջնորդել: Այսուհանդերձ, ճեղք չնկատելը այս հարցին մէջ իրատեսական պիտի չըլլար:

Գաղտնիք չէ, որ Թուրքիոյ կարեւորագոյն քաղաքներուն մէջ պիտի յիշատակուի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Տարբեր բնոյթի կազմակերպութիւններ կոչեր կը հրապարակեն Կալիփոլիի ձեռնարկներուն չմասնակցելու եւ փոխարէնը Երեւան մեկնելու: Նոյն այդ կազմակերպութիւնները սակայն, անուղղակի կոչ ըրած կ՛ըլլան ոչ թէ միայն Երեւան մեկնելու, այլ նաեւ Թուրքիոյ մէջ իրենց կազմակերպած ապրիլեան ձեռնարկներուն ներկայ ըլլալու:

Կալիփոլին հետեւաբար, միայն Երեւանին հակաքայլ չէ, այլ միեւնոյն Թուրքիոյ մէջ ապրիլեան նախաձեռնութիւնները ծխածածկելու կը միտի: Կալիփոլին երկու ուղղութեամբ պայքարելու անհրաժեշտութեան առջեւ է այսօր:

Անգարան անվերջ փորձ կը կատարէ իր ապրած ներքին երկուութիւնը տեղափոխելու հայկական դաշտ, Հայաստանի Հանրապետութիւն-սփիւռք  տարանջատման քարոզչաքաղաքական խաբկանքներ հրամցնելով: Հռչակագիրը վճռական պատասխան է նման սադրանքի: Հայկական կողմը յստակ առաւելներ ունի այս մրցապայքարին մէջ:

«Ա.»

Նախորդը

Թուրքիա Գաղտնի Կը Պահէ Կալիփոլիի 100-Ամեակի Նշման Մասնակիցներու Ցանկը` Վախնալով Հայկական Լոպիէն

Յաջորդը

Հալէպի Զանազան Շրջանները, Ներառեալ Հայաբնակ Թաղամասերը Քանի Մը Տասնեակ Հրթիռներու Թիրախ Դարձան. Գօգօ Գըպըճեան Զոհուեցաւ

RelatedPosts

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի  Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Պատուոյ Պահակախումբ` Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 144-Ամեակին Առիթով

Մարտ 20, 2023
«Թուրքիան Ձգած Է Ցեղասպանութեան Դրոշմ».   Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Արձագանգը Ազրպէյճանին Աջակցելու Յայտարարութիւններուն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն. «Ազրպէյճանը Ամէն Ինչ Կ՛ընէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութիւնը Անկարելի Դարձնելու Համար»

Մարտ 20, 2023
Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը  Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել

Մարտ 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In