Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած նոր` «1915» շարժանկարը այս տարուան գարնան պիտի ներկայացուի հանրութեան:
Հոգեբանական զգայացունց շարժանկարի բեմադրիչն ու բեմագրութեան հեղինակներն են Կարին Յովհաննիսեան եւ Ալեք Մուհիպեան, իսկ ամերիկահայ ռոք երգիչ, երգահան, յայտնի «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբի մենակատար Սերժ Թանկեան շարժանկարի երաժշտութեան հեղինակն է:
«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ, շարժանկարի պաշտօնական` 1915themovie.com կայքը կը տեղեկացնէ, որ «1915» հոգեբանական զգայացունց շարժանկարը կը ներկայացնէ ժամանակակից պատմութեան ամենասոսկալի իրադարձութիւնները: Շարժանկարը կը հետեւի մարդու մը վիճելի առաքելութեան, որ ցանկութիւն ունի կեանք վերադարձնել մոռցուած ցեղասպանութեան ուրուականները:
«Մէկ դար անց` 2015 թուականի ապրիլին, միլիոնաւոր հայեր կը յիշեն այն, ինչ կը կոչուի Հայոց ցեղասպանութիւն` ժամանակակից պատմութեան առաջին ցեղասպանութիւնը եւ յաջորդ ` Հոլոքոստի, Ռուանտայի, Քամպոտիոյ, Սուտանի ցեղասպանութիւններուն ծրագիրը: Այս շարժանկարը յիշողութեան մասին է` ինչ կը պատահի, երբ անցեալը կը մերժուի, ի՛նչ կը պատահի, երբ կ’ընդդիմանան ատոր: Քանի որ մենք կը մօտենանք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, «1915» շարժանկարը կոչ կ’ուղղէ մեզմէ իւրաքանչիւրին դադրեցնելու ժխտողականութիւնը եւ խիզախութեամբ հանդիպելու անցեալի ուրուականներուն», նշուած է կայքին մէջ:
Imdb.com կայքն ալ կը տեղեկացնէ, որ շարժանկարի անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգի Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ, 2015 թուականի ապրիլ 24-ին: Շարժանկարին մէջ գլխաւոր դերերով հանդէս կու գան դերասաններ` Սիմոն Աբգարեան (կերպարը` Սիմոն), Սեմ Փէյճ (Ճէյմս) եւ Անժելա Սարաֆեան (Անժելա): Հայ դերասանուհի Անժելա Սարաֆեան յայտնի է յատկապէս «Մթնշաղ. սագա. Լուսաբաց», «Փարանոյա», «Ներգաղթեալ» շարժանկարներէն: Դերասան Սիմոն Աբգարեանն ալ ճանչցուած է «Արարատ», «Քազինօ ռոյալ», «Սպին» շարժանկարներէն:
Այլ դերերու մէջ հանդէս կու գան Ճիւ Փիտոք (Ճեֆրի), Քըրթնի Հալուերսըն (Լաքի), Տեպրա Քրիսթոֆերսըն (Լիլիան), Նիկոլա Քինսքին (Թոնի), Մայլս Քրանտորտ (Ռէյ) եւ այլք:
«Կրեմի» մրցանակի դափնեկիր Սերժ Թանկեան վերջերս Ռոլինկ Սթոնին ըսած է, որ շարժանկարը շատ հետաքրքրական տրամա է: «Այն նկարահանուած է Լոս Անճելըսի` «Լոս Անճելըս» թատրոնին մէջ, որ շատ հին եւ ականաւոր թատրոն է: Անիկա իսկապէս շա՜տ, շա՛տ հետաքրքրական է, ժամանակակից պատմութիւն: Շարժանկարը կ’առնչուի ժխտողականութեան եւ ցեղասպանութեան հոգեբանական հետեւանքներուն հետ»,- ըսած է Թանկեան:
Ա. համաշխարհային պատերազմի նախօրէին Օսմանեան կայսրութեան մէջ կ’ապրէին երկու միլիոնէ աւելի հայեր:
Շուրջ մէկուկէս միլիոն հայ սպաննուեցաւ 1915-1923, իսկ մնացածները կամ բռնի մահմետականացուեցան, կա՛մ ապաստանեցան աշխարհի տարբեր երկիրներ: 1915 ապրիլ 24-ին սկիզբ առած ձերբակալութիւններով (հիմնականին մէջ` Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ մէջ) եւ ատոր հետեւած հարիւրաւոր հայ մտաւորականներու ոչնչացումով սկսաւ հայ բնակչութեան բնաջնջման առաջին փուլը: Հետագային աշխարհասփիւռ հայերը ապրիլ 24-ը սկսան նշել իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր: