Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանգիստ Կը Ննջեն. Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան Ննջեցեալները Հանգիստ Կը Ննջեն

Փետրուար 7, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԻԱ ԳԱԲՐԻԷԼԵԱՆ

10968140_612315762245185_424903243_nՍուրիոյ ապրած տագնապին պատճառով հալէպահայերուն ապրած տառապանքներուն եւ կրած զրկանքներուն շարքին դասուեցաւ Ազգային գերեզմանատուն այցելութենէ զրկուիլը: Հալէպի պատերազմին Ազգային գերեզմանատունը ճակատումի թէժ շրջանի մէջ յայտնուեցաւ, այլեւս կարելի չէր շաբաթ օրերը եւ մեռելոցներուն այցելել ննջեցեալներուն գերեզմանները, խնկարկել եւ մոմ վառել:

Երբ հետզհետէ ապահովական վիճակը աւելի վատթարացաւ, կարելի չեղաւ նոյնիսկ մեռելաթաղ մեքենան գերեզմանատուն հասցնել, այս իսկ պատճառով վերջին երկու տարիներուն մահացողները թաղուեցան որպէս գերեզմանատուն ծառայող այլ հողատարածքի մը մէջ, բացի հատ ու կենտ պարագաներէ, որոնք «բախտը» ունեցան թաղուելու զիրենք նախորդած հարազատներուն կողքին:

10959190_612315822245179_1347765390_nՀալէպի Ազգային գերեզմանատունը սոսկ գերեզմանատուն մը ըլլալէ շատ աւելին է: Վիմագրուած սաղմոսներ, աւետարանական խօսքեր, հայ գրականութենէն ողբերգներ, յիշատակի խօսքեր եւ մեղանքի ու ափսոսանքի քառեակներ բովանդակող քանդակներ ու նկարչական կամ քանդակագործական արուեստի բազմապիսի նմուշներ կարելի է տեսնել հոն:

Թէեւ շրջանը ռմբակոծման բեմ դարձաւ եւ տակաւին կ՛ենթարկուի հրթիռարձակման, սակայն այսօրուան տուեալներով (18 Յունուար 2015) Հալէպի Ազգային գերեզմանատունը համարեա՛ կանգուն վիճակի մէջ է: Տեղի ունեցած քանդումները դիւրաւ վերակերտելի են: Քանի մը տեղ յստակօրէն կ՛երեւին ինկած հրթիռներուն պատճառած վնասները, սակայն մտահոգիչ կացութիւն չկայ այնտեղ: Զգետնուած բարձրահասակ ծառերը կարելի է կրկին բարձրացնել, շիրիմաքարերուն վրայ դիզուած տերեւները, ճիւղերը, ցախերն ու խռիւները կարելի է մաքրել եւ խնկաբոյրը կրկին բարձրացնել առ Ամենակալը:

10958826_612315545578540_1117179202_n10961675_612315658911862_1066950840_nՇատերուս համար ննջեցեալներու անշնչացած մարմինները այցելելը հոգեկան անդորրութիւն կը պատճառէ, տեսակ մը` խղճի հանգստութիւն: Թէեւ քաջ գիտենք, որ մեզմէ մարմնով առ յաւէտ բաժնուողներուն հոգիները ամէնուրեք մեզի հետ են, եւ ո՛ւր ալ ըլլանք, կրնանք անոնց հոգիներուն խաղաղութիւն հայցել, այսուհանդերձ, մեր հոգիները այլ հանդարտութիւն կը վայելեն, երբ մոմը շիրիմաքարին ներքեւ կը վառենք: Ի վերջոյ հոն մեր սիրելիներուն, մեր հարազատներուն կամ մեր ընկերներուն մարմիններն են, որոնց վերջին անգամ նայելէ ետք հրաժեշտ տուինք եւ որոնց որքա՜ն կարօտցած ենք այսօր:

10961664_612315448911883_1089325808_nՀալէպի Ազգային գերեզմանատան մէջ թաղուած բոլոր ննջեցեալներուն հոգիներու խաղաղութեան համար մոմ վառեցինք եւ խնկարկեցինք` մխիթարելով եւ մխիթարուելով, որ ուշ կամ կանուխ սպասուած հարազատները անձամբ կու գան եւ կ՛ոգեկոչեն իրենց սիրելիներուն յիշատակը…

Պարզապէս ժամանակի հարց է:

 

Նախորդը

Ճանչնանք Լիբանանահայ Գործարարները. Հարցազրոյց Պետրոս Վանլեանի Հետ

Յաջորդը

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 4). Երաժշտութիւն Եւ Ուսուցչութիւն Դպրեվանքի Մէջ

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?