Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 4). Երաժշտութիւն Եւ Ուսուցչութիւն Դպրեվանքի Մէջ

Փետրուար 7, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

DSC00531Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի 1998-1999 տարեշրջանի նախօրեակին լուսահոգի Զարեհ արք. Ազնաւորուեան ինծի հեռաձայնեց եւ խնդրեց, որ իրեն հանդիպիմ: Ընկալուչը վար դնելէ անմիջապէս ետք ճամբայ ելայ եւ ուղղուեցայ դէպի մէկ թաղ անդին գտնուող կաթողիկոսարան` ենթադրելով, որ սրբազանը զիս կարեւոր հարցի մը համար կանչած էր. սակայն ի՞նչ կրնար ըլլալ պատճառը: Ներկայացայ սրբազանին գրասենեակը եւ հոն նստած տեսայ օրին դպրեվանքի տեսուչ Շահան վրդ. Սարգիսեանը (այժմ` Շահան արքեպիսկոպոս, առաջնորդ Բերիոյ թեմի): Շահան սրբազանը առաջարկեց, որ դպրեվանքին մէջ դաշնակի դասեր տամ` շաբաթը մէկ օր դրութեամբ: Նկատի ունենալով Պիքֆայայի վանքին հեռաւորութիւնը, պահ մը տատամսեցայ, սակայն հնչեց Զարեհ սրբազանին հրաման-յորդորը` «Մի՛ մերժեր»: Եւ ահա, մինչեւ օրս ամէն հինգշաբթի կը բարձրանամ Պիքֆայա` իբրեւ ձայնագրութեան ուսուցիչ, մարդակերտման ու հոգեւորականներու պատրաստութեան նուիրուած ազգային-կրօնական այդ կարեւոր հաստատութեան մէջ ծառայելու:

Դպրեվանքին մէջ ուսուցիչ ըլլալ` կը նշանակէ ստանձնել պատասխանատուութիւն մը, որ աւելին է, քան` ազգային վարժաններու մէջ ծառայող ուսուցիչներուն արդէն իսկ ծանր պատասխանատուութիւնը: Խօսքը կրթական ծրագիրին մասին չէ, այլ` դաստիարակութեան: Ի վերջոյ, այս հաստատութիւնը վանք մըն է, ուր աշակերտները յատուկ պարտաւորութիւններ ու պարտականութիւններ ունին: Անիկա նաեւ յատուկ առաքելութիւն հետապնդող գիշերօթիկ դպրոց մը է, ուր աշակերտները բնականաբար զրկուած են իրենց ծնողներուն հետ ամէնօրեայ շփումէն, այդ պատճառով ալ ուսուցիչները կոչուած են շարունակելու եւ իր լրումին հասցնելու մինչ այդ ծնողներուն սկսած դաստիարակութիւնը` միշտ ի մտի ունենալով այն հոգեմտաւոր առաքելութիւնը, որուն կոչուած է այս հաստատութիւնը: Դպրեվանքի մէջ ծառայողը պարտի ըլլալ աւելի քան սոսկական ուսուցիչ մը կամ դաստիարակ մը. ան պէտք է նաեւ ըլլայ հայր մը կամ մեծ եղբայր մը, որ կը խրատէ, կը յորդորէ եւ կը յանդիմանէ` աշակերտին մէջ դարբնելու համար, ամէն բանէ առաջ, լաւ մարդու եւ տիպար հայու նկարագիրը:

Դպրեվանքին մէջ աւանդուող նիւթերու շարքին է երաժշտութիւնը` շարականներու ուսուցում, ձայնագրութիւն, դաշնակ եւ մինչեւ իսկ կիթառ ուտուտուկ: Ինչո՞ւ երաժշտութիւն: Այս հարցումին ամէնէն պարզ պատասխանը այն է, որ երաժշտութիւնը Հայ եկեղեցւոյ ծէսին անբաժանելի եւ կարեւոր մէկ մասն է: Կարեւոր, որովհետեւ երաժշտութիւնը, իր բնոյթով ըլլալով աննիւթական, կարողութիւնը ունի բանալու այնպիսի դռներ, որոնք բառերը անկարող են բանալու եւ այլապէս պիտի մնային փակ:

Ի զուր չէ, որ երաժշտութիւնը կոչուած է «հրեշտակներու լեզուն»: Ներսէս Շնորհալի հայրապետը, որ նաեւ երաժիշտ մըն էր եւ լաւապէս կը գիտակցէր երաժշտութեան ներկայացուցած կարեւորութեան, կաթողիկոս օծուելէն ետք, իր ընդհանրական նամակին մէջ գրած է. «Քահանայական ուսմանց մէջ թող ձեզմէ ո՛չ ոք տգիտութեան կուրութիւնը սիրէ ծուլութեան կամ աշխարհիկ զբաղումներու պատճառով. թէեւ ամէնքին հնար չէ ամէն տեսակ շնորհքներով կատարեալ ըլլալ, զոր աստուածային օրէնքն ալ կը պահանջէ քահանաներէն, սակայն անհրաժեշտ բաներու մէջ պէտք է անթերի ըլլան, այսինքն` եկեղեցական գիրքերը ուղիղ կարդան, երաժշտական գիտելիքները եկեղեցւոյ մէջ լաւապէս կատարեն եւ ապա գան քահանայական ձեռնադրութեան»: Այլ խօսքով, երաժշտական գիտելիքներուն ծանօթ ըլլալն ու լաւապէս կատարելը քահանայական ձեռնադրութեան համար անհրաժեշտ է եւ պատահականութեան մը արդիւնքը չէ: Տարիներու ընթացքին կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին խմբավարութիւնը ստանձնած նուիրեալները մեծաւ մասամբ հոգեւորական եղած են:

Բնութեան գիրկը եղող դպրեվանքին մէջ ուսուցչութիւնը իւրայատուկ համ ու հոտ ունի: Անշուշտ, կան  բազմաթիւ յիշատակներ. օրինակ եղանակային վատ պայմաններու մէջ երթ ու դարձի «արկածախնդրութիւն»-ը, սակայն ամէնէն յարգին առչնուած է աշակերտներուն, որոնցմէ ոմանք այսօր արդէն քահանայ, վարդապետ եւ եպիսկոպոս են:

Դպրեվանքը ուսման եւ մարդակերտումի անզուգական միջնաբերդ մըն է, իր տեսակին մէջ` եզակի դարբնոց մը, որուն 85-ամեայ երթը կը շարունակուի եւ պիտի՛ շարունակուի, ի փառս Աստուծոյ, Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգին:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Երաժշտութեան ուսուցիչ Դպրեվանքին մէջ

 

 

Նախորդը

Հանգիստ Կը Ննջեն. Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան Ննջեցեալները Հանգիստ Կը Ննջեն

Յաջորդը

Զապէլ Եսայեան (Յովհաննէսեան, 1878-1943) Տաղանդաւոր Գրողի Եւ Համարձակախօս Մտաւորականի Կանացի Դէմքը

RelatedPosts

Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակի Առիթով) Բ. Մաս

Մարտ 24, 2023
Թուրք Ժխտողականները Չեն Կրնար Պարտութեան Մատնել Հայերը Քալիֆորնիոյ Մէջ
Անդրադարձ

Իրաւական Փորձագէտները Միջազգային Դատարանէն Կը Պահանջեն Քննութեան Ենթարկել Թուրքիոյ` Մարդկութեան Դէմ Գործած Յանցանքները

Մարտ 24, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան
Անդրադարձ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան

Մարտ 24, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In