Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն Հայ Օգնութեան Միութեան Կազմակերպութեամբ` Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Ոգեկոչման Ձեռնարկներ

February 7, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Logo_ARSՀայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) եւ ՀՕՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը ծրագրած են յուշատօնել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը Նիւ Եորք/Նիւ Ճըրզի շրջանին մէջ, 5-7 մարտ  2015-ին: Հինգշաբթի, 5 մարտին, երեկոյեան ժամը 6:00-8:00, ՀՕՄ-ը եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւնը միասնաբար պիտի ունենան հիւրասիրութիւն մը ՄԱԿ-ի մէջ, «Ասեղնագործել վերապրելու համար. Հայ կիներու ձեռարուեստը» խորագիրով ցուցադրութեան պաշտօնական բացումին առիթով: Ցուցադրութեան մուտքը ազատ պիտի ըլլայ հանրութեան` մարտ 2-13: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին ներկայ ըլլալ պաշտօնական բացման, պարտին ՄԱԿ-ի շէնք մուտքի անցագիր մը ապահովել` դիմելով ՀՕՄ-ի Կեդրոնական գրասենեակին հետեւեալ հասցէով.- ceb@ars1910.org կամ ՀՕՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային գրասենեակին` arseastus@gmail.com  հասցէով, ամէնէն ուշը մինչեւ մարտ 3, 2015:

Ուրբաթ, մարտ 6-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն երեկոյեան ժամը 4:00, տեղի պիտի ունենայ ՀՕՄ-ի ծրագրած «Վերականգնել ազգութիւն մը. Հայ կիներու մէկ դարու դիմադրութիւնն ու հզօրացումը» խորագրով միօրեայ գիտաժողովը Salvation Army-ի սրահին մէջ, մասնակցութեամբ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ, ատենապետ Եւրոմիութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խմբաւորման` դոկտ. Էլենի Թէոխարուսի, Ֆրեզնոյէն` Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի հայոց եւ գաղթի պատմութեանց աւագ դասախօս, փրոֆ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլի, Ռատքըրզ համալսարանի Ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւանց ուսումնասիրութեան կեդրոնի Հայոց ցեղասպանութեան յայտագրի համադրիչ Խաչիկ Մուրատեանի, եւ «Արմէնոյտ փրոտաքշընզ»-ի վարիչ-տնօրէն` Պարէտ Մարոնեանի: Մուտքը ազատ է, ներառեալ` ճաշի սպասարկումը: Մասնակցիլ փափաքողները պարտին արձանագրուիլ ե-նամակով` ուղղեալ ՀՕՄ-ի Կեդր. գրասենեակին.- ceb@ars1910.org , կամ, ՀՕՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային գրասենեակին` arseastus@gmail.com : Salvation Army Auditorium-ի հասցէն հետեւեալն է.- 221 East 52-nd Street, New York City:

Վերջին ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 7 մարտ 2015-ի երեկոյեան 7:00-10:00, Նիւ Ճըրզիի «Ուոթըրսայտ» ճաշարանին մէջ (7800 River Road, North Bergen), բարձր հովանաւորութեամբ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեանի եւ Հայ օգնութեան միութեան Կեդր. վարչութեան: Այս մշակութային երեկոյի ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան մրցանակաւոր երգիչ եւ երգահան Յուշերը, հանրածանօթ արուեստագէտ Գէորգ Մուրատ` ընկերակցութեամբ թաւջութակահար Էտի Պօղոսեանի, եւ ասմունք` Զուարթ Պալըքճեանի կողմէ: Մուտքի տոմսերու (100 ամերիկեան տոլար) համար դիմել` www.brownpapertickets.com/event/1238955:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, ներառեալ` պանդոկի սենեակի եւ այլ ձեռնարկներու ապահովման, կարելի է կապուիլ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական գրասենեակ`  ceb@ars1910.org  Հեռ: 1-617-926-5892:

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Զարմիկը` Լուսին

Յաջորդը

Արեւմտահայ Ընդարձակ Կենսագրական Բառարանի Պատրաստութիւն. Կոչ` Գործակցութեան

RelatedPosts

Դէպի Նորոգուած Ազգային Տեսլական
Անդրադարձ

Դէպի Նորոգուած Ազգային Տեսլական

January 23, 2026
Հայոց Եկեղեցին Պէտք Է Անյապաղ Կարգալոյծ Ընէ Բոլոր Ապստամբ Հոգեւորականները
Անդրադարձ

Հայոց Եկեղեցին Պէտք Է Անյապաղ Կարգալոյծ Ընէ Բոլոր Ապստամբ Հոգեւորականները

January 23, 2026
Սուրիահայութիւնը Իրաւասահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ` Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն
Անդրադարձ

Սուրիահայութիւնը Իրաւասահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ` Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.