Անողոք մահը անակնկալօրէն, ինքնաշարժի արկածի իբրեւ հետեւանք զինք բաժնեց իր սիրելի հարազատներէն` եղբօրմէն, քրոջմէն եւ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքէն: Աբօ Այնթապլեան համեստ անձնաւորութիւն էր, որուն ծանօթ էին գրեթէ բոլոր պուրճ համուտցիները, բոլորին բարեկամ էր, շրջանի խանութպաններուն եւ պաշտօնեաներուն: Յաճախ մէկ առ մէկ կը մտնէր անոնց քով` բաժնելով իր հաճելի կատակները եւ ժողովրդածին առածները` պահ մը ժպիտ ուրուագծելով անոնց դէմքին վրայ եւ տրամադրութիւնները փոխելով:
Թաղապետի գործով զբաղող եղբօրը գործակից էր ան, միշտ խոնարհ ու ծառայասէր, կ՛օգնէր ամէնուն, ջերմօրէն կը մօտենար բոլորին` սկսելով ՀՄԸՄ-Ի աթլէթի պատասխանատուներէն` Գէորգ Գարապոյաճեան, Վարուժ Գէորգեան (երկուքն ալ հանգուցեալ) եւ միւսները, սիրայօժար կերպով մասնակցելով ախոյեանական թէ ընթացիկ մրցումներուն, վիրաւոր կամ արկածեալ մարզիկներէն իւրաքանչիւրին օգտակար ըլլալով իր մարձումի մասնագիտութեամբ, մեղմացնելով անոնց ցաւերը, նոր շունչ եւ առողջութիւն ընծայելով անոնց: Ամրան տաքին, արեւուն տակ թէ ձմրան ցուրտին, անձրեւները անտեսելով անդուլ կերպով եւ առանց տրտունջի միշտ եղաւ ներկայ նոր սերունդի աթլէթի մարզումներուն, որպէսզի անոնք արձանագրեն ախոյեանական լաւագոյն արդիւնքներ եւ պատուաբեր մրցանիշներ, նախանձելի մակարդակ ապահովելու իբրեւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներ, ինչպէս` Ռոզիկ Չօպանեան (մէկ քայլ ոստում), Կարինէ Այնթապլեան (վազք եւ մէկ քայլ ոստում) եւ դեռ ուրիշներ: Հետեւեցաւ անոնց երթին մինչեւ Հայաստան` համահայկական խաղերուն, պարզելով եւ միշտ բարձր պահելով ՀՄԸՄ-ի դրօշը:
Միշտ ժպտացող Աբոն օր մը կը պառկէր հիւանդանոցին մէջ եւ գաղտնի կու լար, կ՛ուզէր տուն փոխադրուիլ, առողջանալ եւ ապրիլ հիւանդապահուհին, զգալով լացը, կը հարցնէ պատճառը, բայց երբեք չլացող Աբոն պահելով նոյնիսկ յուզումը կը պատասխանէ. «Հիմա ես ցած ձայնով կ՛երգեմ», եւ մնաց յոյսով մինչեւ արիւնահոսութիւնը զինք փոխադրեց յաւիտենականութեան գոգը»:
Կը մաղթենք, որ Աստուած վարձատրէ զինք իր անսակարկ բոլոր ծառայութիւններուն համար, որոնցմով օգտակար եղաւ շուրջիններուն, մանաւանդ, բարձր պահելու ՀՄԸՄ-ի դրօշը:
Վարձքդ կատար, եղբայր Աբօ:
ՍԳԱԿԻՐ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ