Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսահայ Ճարտարապետին Գերեզմանաքարը Յայտնաբերուած Է Պոլսոյ Քաղաքապետարանին Պատկանող Տարածքին Մէջ

Փետրուար 6, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

20615_balianՊոլսահայ ականաւոր ճարտարապետական Պալեան ընտանիքի անդամներէն մէկուն` Կարապետ Պալեանի կորսուած գերեզմանաքարը յայտնաբերուած է Պոլսոյ քաղաքապետարանին պատկանող կառոյցներէն մէկուն տարածքին:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականը:

Գերեզմանաքարը յայտնաբերուած է քաղաքապետարանին պատկանող տարածքի փլուզուած շէնքերուն մէջ: Կ՛ենթադրուի, որ գերեզմանաքարը գողցուած է Պեշիքթաշի հայկական գերեզմանատունէն: Կարապետ Պալեանի գերեզմանաքարէն բացի` նոյն տարածքին մէջ յայտնաբերուած են դժուար ընթեռնելի հայերէն գրութիւններով այլ գերեզմանաքարեր եւ արձանագրութիւններ: Այն հարցին, թէ ինչպէ՞ս գերեզմանաքարը յայտնուած է մէկ այլ կառոյցի մէջ, քաղաքապետարանը հրաժարած է որեւէ մեկնաբանութիւն տալէ` աւելցնելով, որ կ’ուսումնասիրէ խնդիրը:

Կարապետ Պալեան (1800-1866) Պոլսոյ յայտնի Պալեաններու ընտանիքի անդամներէն է, եղած է պալատական ճարտարապետ: Անոր ամենանշանաւոր գործը Պոլսոյ Տոլմապահչէի սուլթանական պալատն է, որ ներկայիս Թուրքիոյ վարչապետի նստավայրն է: Միւս գործերէն են` Չիֆթէ սարայլարը (Զոյգ պալատ), Չրաղանի հին պալատը, Իզմիթի իշխանական դղեակը, Պոլսոյ Ետիքուլէի թաղամասին մէջ գտնուող հայկական «Սուրբ Փրկիչ» հիւանդանոցը, տեղի Սուրբ Յակոբ, Պեշիքթաշի թաղամասի Սուրբ Աստուածածին, Քուրուչեշմէի Երեւման Սուրբ Խաչ, Կալաթասարայի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիները, Տոլմապահչէի մզկիթը, նաեւ` ամբարտակներ, գործարաններ եւ այլն: 1847-ին սուլթան Ապտուլ Մեճիտէն ձեռք բերած է Ազգային հոգեւոր եւ գերագոյն ժողովներու արտօնագիր, 1853-ին ընտրուած է Գերագոյն ժողովի, 1859-ին Քաղաքական (աշխարհիկ գործերու) ժողովի անդամ: Ան հոգացած է Սկիւտար թաղամասին մէջ իր կառուցած ճեմարանին ծախսերը, նիւթապէս օժանդակած է «Սուրբ Փրկիչ» հիւանդանոցի շինարարութեան, որուն կից հիմնած է գիւղատնտեսական ուսումնարան:

 

Նախորդը

Պոլսոյ Քաղաքապետութեան Ցուցահանդէսին Մէջ Հայերու Դէմ Թշնամական Դիրքաւորում

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ Ջարդարար Թուրք Ղեկավարներու Ահաբեկումներու Մասին «Նեմեսիսի Գործողութիւնը» Գիրքը

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?