Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

February 9, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յարգելի խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի.

Ուրբաթ, 6 փետրուար 2015-ի «Ազդակ»-ի հինգերորդ էջով ներկայացուած էր Էրիք Պօղոսեանի հեղինակութեամբ նոր հրատարակուած «Operation Nemesis» գիրքին վերաբերող լուրը:

Անգլերէն լեզուով օտար ընթերցողին ներկայանալու հոյակապ առիթ, մանաւանդ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ: Լուրը խիստ հետաքրքրական ըլլալով, անմիջապէս կարդացի:

Սակայն ուշադրութիւնս գրաւեց հոն տեղ գտած այս տեղեկութիւնը. http://www.hachettebookgroup.com/ կայքը կը գրէ, որ 1921-ին հայրենասէրներու փոքր խմբակ մը որոշեց Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ մէկ միլիոն զոհերուն վրէժը լուծել»:

Բարեբախտաբար, մտածեցի` «կայք»-ն է գրողը»: «Հայրենասէրներու փոքր խմբակ», «մէկ միլիոն զոհեր»…

Պատմական այսպիսի կարեւոր փաստի մը խեղաթիւրումը սակայն, շատ վրդովեցուցիչ էր: «Նեմեսիս» գործողութեան յղացումը վերագրել «հայրենասէրներու փոքր խմբակ»-ի մը, անհեթեթ եւ ծիծաղելի էր պարզապէս: Աւելի՛ն, յայտնել, թէ` «գաղտնի գործողութեան պատմութիւնը մինչեւ հիմա երբեք ամբողջական կերպով չէ պատմուած»` ընդվզեցուցիչ էր: 100 տարի սպասեցինք, որ այս գիրքը գար եւ լոյս աշխարհ հանէր «Նեմեսիս»-ն ու անոր մասին «քիչ» պատմուած գործողութեան ծալքերը:

Պատմական փաստեր կամ յօդուածներ, միջազգային դատավարութիւններ, բազմաթիւ հայերէն թէ օտար լեզուով գիրքեր թէ ծովածաւալ գրականութիւն, կ՛երեւի թէ բաւարար չեն եղած այս գործողութիւնը բացայայտելու:  «Հայրենասէրներու փոքր խմբակը» նոյնիսկ տեսիլքը ունեցեր էր գործողութիւնը կնքել  Նեմեսիսի («յոյն չաստուածուհի») անունով…

Գիրքը ինքնին բացառիկ առիթ է անկասկած օտար հանրութեան առջեւ մեր դատը ներկայացնելու կամ ծանուցելու. կը մնայ  ճշդել, որ «կա՞յք»-ն է այս անհիմն տեղեկութիւններուն հեղինակը, թէ՞ գիրքին հեղինակը Էրիք Պօղոսեան:

Մաղթանքս է, որ յաջորդին այսպիսի զգայուն լուրերուն ընկերանայ նաեւ «Ազդակ»-ի կարծիքը, թէկուզ հակիրճ շափոյով մը` առ ի լուսաբանութիւն կամ տեղեկութիւն ընթերցող հասարակութեան:

Կ՛ուզեմ փակել երկտողս երգին բառերով.

«ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ժողով արեց,
Շուն Թալէաթին մահ որոշեց,
Թեհլիրեանին բախտը բացուեց,
Գինի լից, ընկեր ջան, գինի լից»…

Յաջողութիւն ձեր երթին մէջ`
ԹԱՄԱՐ Ս.

Նախորդը

«100-Ամեակը Խորհրդանշական Թուական Մըն Է… Սակայն Մեր Աշխատանքը Հարիւրամեակէն Անդին Ալ Կը Շարունակուի» «Նոր Յառաջ»-ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակի Հաղորդակցութեան Պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեանին Հետ

Յաջորդը

Հայ Դպրոցի Առաջնահերթ Դերի Ուղիով

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.