Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդէն Տարի Մը Անցաւ…

Փետրուար 7, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՑՈԼԱԿ ԹԻՒԹԷԼԵԱՆ

20715_gasiaԱրդէն տարի մը անցաւ այն անգութ ու քարսիրտ օրէն, երբ ցուրտ հողին յանձնեցինք ուժասպառ մարմինը մեր բոլորին սիրելի Կասիկին, որ երիցութեան կարգը առանց յարգելու, նախախնամութեան մէկ յատուկ կարգադրութեամբ, մեկնեցաւ հանդարտ եւ անաղմուկ` միանալու Սիմոն եւ Ալիս Թիւթէլեաններուն, որոնց այս անցաւոր աշխարհին վրայ ծանօթանալու բախտն իսկ զլացուած էր իրեն, ինչպէս նաեւ` բաժնելու երկնային մտերմութիւնը Արամ պապային, Եղիս մամային, տոքթ. Վարուժանին եւ Թիւթէլեան ընտանիքի երկնաբնակ միւս ննջեցեալներուն, առանց անդրադառնալու, որ իր այս արարքով զիս կրկնակի որբ կը դարձնէր:

Մեկնեցաւ ֆիզիքապէս, բայց իբրեւ ոգեղէն ներկայութիւն եւ ապրած ու չապրած օրերուս յատուկ քաղցրութիւն, իւրայատուկ հմայք եւ նոյնքան առանձնայատուկ նշանակութիւն պարգեւած ոգեղէն ներկայութիւն` անցնող մէկ տարուան ընթացքին ամէն օր ա՛լ աւելի ամբողջացաւ եւ դարձաւ քայլերս լուսաւորող ամէնօրեայ անփոխարինելի ուղեկից:

Իմ տարիքիս հասնողներուն օրերը հաշուըւած են: Միամիտ չեմ, փա՜ռք Աստուծոյ, եւ գիտեմ, որ ապագան այլեւս հեռու նպատակակէտ մը չէ, այլ կը քալէ իմ կողքիս, չըսելու համար, որ նոյնիսկ կը վազէ:

Ես շատ պիտի փափաքէի, որ ինձմէ առաջ մեկնողներուն չափ արժանի զաւակը ըլլամ իմ երկրորդ մեծ ընտանիքիս: Իբրեւ եօթանասուն տարուան կուսակցական` շատ բան կը պարտիմ իմ աննման ընկերուհիներուս եւ ընկերներուս, որովհետեւ անոնք ո՛չ միայն յատուկ ջերմութեամբ քաղցրացուցած են կեանքս, այլեւ ինծի պարգեւած հոգեկան բացառիկ հարստութիւն: Սիրած եմ զիրենք անկեղծ եւ փոխադարձ սիրով, միասնաբար բաժնած ենք լաւ ու վատ օրեր եւ միշտ վայելած եմ  իրենց անվերապահ զօրակցութիւնը:

Պարտական եմ իրենց եւ ժամանակը շատ կարճ է` շիջեցնելու համար բոլոր մեծ ու փոքր պարտքերս:

Օգնենք իրարու եւ օգնեցէք ինծի, որ մեկնելէս առաջ, մէկ մարդու պէս միացած, այս փուճ աշխարհին ըսենք. «ՄԵՆՔ ՄԷ՛Կ ԵՆՔ»:

Չհամաձայնելով բանաստեղծին, որ կ’ըսէ.

«Եւ մահամերձն ալ կ՛ուզէ երկու բան.
Նախ կեա՜նքը, վերջը լացող մ՛իր վրան»,

ազատերգակ իր գրչեղբօր հետ ձայնակցելով եւ անոր խորիմաստ խօսքը բարեփոխելով` կ’ըսեմ իմ կարգիս`

«Ամենայն տեղ մահը մի է,
Մարդ մի անգամ պիտ’ մեռնի,
Բայց երանի այն մարդուն,
Որ երգելով կը մեկնի»:

 

 

Նախորդը

Տիկինը (Կասիկ Թիւթէլեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

Յաջորդը

Նախարար Հըննաուի Ընդունեց Լիբանանի Փինկ Փոնկի Ֆետերասիոնին Նախագահը

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?