Տեսակէտ. «Մեր Հողերը, Մեր Հողերը» Եւ… «Հայոց Ցեղասպանութեան Հետեւանքներուն Յաղթահարում»-ը
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Ոչ մէկ կասկած, որ յունուար 29-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրի հրապարակումին հետեւող հայ մարդիկ, ի Հայաստան թէ ի սփիւռս աշխարհի, ապրեցան ազգային միասնականութեան եւ պահանջատիրութեան վերանորոգ ուխտի պատմական պահեր: Հպարտութեան ու ինքնավստահութեան վարար ալիքը համակեց ողջ հայութիւնը` ի տես Ծիծեռնակաբերդի Նահատակաց յուշահամալիրին մէջ ազգի ու հայրենիքի պետական, հոգեւոր, քաղաքական եւ հասարակական ղեկավարութեան համախմբումին եւ, յատկապէ՛ս, ի լուր...


















