ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Թէ ինչո՛ւ այս պատեհ առիթին կ՛ուզենք երկու ազգային արժէքներ` մայրենին եւ իրաւ ուսուցիչը (լեզուաբան, գրականագէտ, քերականագէտ) առնչել վերոյիշեալ ընդհանուր պատկերին, պարզապէս որովհետեւ անոնք անքակտելի գոյացութիւններ են` զիրար սնուցանող եւ իմաստաւորող:
Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ երբեք կրկին ընդգծենք, թէ հայերէնը հայրենիք է ինքնին, իր վեհափառ ու ազգու ներկայութեամբ, բովանդակ ու պայծառ հնչեղութեամբ, ազգային ուրոյն գաղափարախօսութեամբ եւ գերազանցապէս պատմակերտի առանձնայատկութեամբ:
Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, թէ մեր հայրենիքը Հայաստան դարձաւ շնորհիւ ազգային ինքնութեան խոր ճանաչումին, ազգը յստակ դիմագիծի եւ պատկանելիութեան զգացողութիւն վաստկեց, երբ գիր ունեցաւ, հայը ինքնիրեն շնչաւորեց եւ մշակոյթ կերտեց, երբ իր էութիւնը յայտնաբերելու միջոցը` լեզուն ամրապնդեց, գիտութեամբ սպառազինուեցաւ, կիրթ ու զարգացած ժողովուրդներու շարքին դասուեցաւ, երբ կրցաւ հաղորդ դառնալ` տարբեր լեզուներու եւ մշակոյթներու, թարգմանչական տիտան ոստումներու իբրեւ արդիւնք:
Աւելի՛ն. դարերու ամբողջ լուսապատկերին դիմաց` հայրենիքն ու հայութիւնը, հակառակ ատենի աշխարհաքաղաքական ցնցումներու, թշնամական ուղղակի ոտնձգութիւններու, համայնակուլ հոսանքներու, ինչու չէ նաեւ` ներազգային կեանքի անմարսելի ու ապիկար, ինքնագոհ ու գորոզամիտ գործընթացներու, այլապէս ազգային քաղաքական հոտառութիւններու բացակայութեան, ազգը կրցաւ շրջանցել այնպիսի հայաջինջ սադրանքներ, տոկալ ու դիմակայել բազմաբնոյթ դժուարին պահեր, շնորհիւ հիմնական ու անգերադասելի զինանոցի մը` մայրենիին, որուն զօրեղ եւ ուժական կարողականութեան հարցն է, որ ամէն քայլափոխի լոյսին կը բերենք, հաւաքաբար:
Արդ, ի՛նչն է, որ մեզ կ՛անհանգստացնէ ամէն անգամ, որ հայութեան ֆիզիքական գոյատեւումին եւ հոգեւոր անգնահատելի արժէքներու պահպանման մէջ էական դերակատարութիւն կը վերապահենք հայերէնին, մեծասքանչին:
Այո՛, Մեսրոպաշունչ տեսիլքին ու պայծառ մտածողութեան:
Այլ խօսքով, քաջ գիտենք ազգովին, թէ հայոց պատմութեան բոլոր հանգրուաններու ելեւէջին, մայրենին է, որ աննահանջ ու միայնակ տնքալով ու տառապելով, դիմադրելով եւ ինքզինք հաստատագրելով` իր ժողովուրդին թիկունք է եղած, խաւար դարերու թէ զարթօնքի բարեբեր լուսամուտին:
Ինչո՛ւ կ՛անգիտանանք եւ կամ կը փորձենք անգիտանալ ձեւացնել, երբ ի հայրենիք թէ սփիւռքի տարածքին, մեր հոգիներուն մէջ արդէն տապալած կը նկատենք հայութեան գերհզօր զէնքը` մայրենիին ուժը, եւ իբրեւ այդպիսին կամակատարը կը դառնանք մաշեցնող հովերուն եւ ապազգային յորձանուտներու:
Պիտի ըսուի հաւանաբար, որ հայրենի հողին վրայ դեռ կը շնչէ ոգեկան այն բարձրութիւնն ու գիտակցութիւնը, ինչ կը վերաբերի հայոց լեզուին, որուն գոյութեան պահպանման մէջ ոգեշունչ դերակատար են եղած հանճար եւ բանիմաց հայերէնապաշտներ:
Ա՛լ ինչ խօսք, սփիւռք դարձած հայ իրականութեան:
Այդուհանդերձ, երբեւէ կարելի է ուրանալ մեր մեծ հայրերուն եւ մայրերուն Եղեռնի սեւ օրերուն անգամ, տիրակալութիւնն ու աննման յարգանքը` Մեսրոպաշունչ մեծասքանչին, երբ Տէր Զօրի «մարդակեր» աւազներուն վրայ մայրենին երգեցին, հայերէն աղօթեցին այն Աստծոյն, որ պահիկ մը այլայլած կը հետեւէր հայոց սահմռկեցուցիչ ցեղասպանութեան:
Այլապէս ինչպէ՞ս ըմբռնել ու հասկնալ այն հզօր գիտակցական մակարդակն ու հոգեկան ազնուութիւնը` մայրենիին հանդէպ, երբ յետեղեռնեան անմիջական տարիներուն անգամ, սովի ու համատարած թշուառութեան մէջ, հայը իր տան մօտ կառուցեց եկեղեցի ու դպրոց:
Առկա՞յ է, գոյութիւն ունի՞ աւելի ազդու հոգեկան կառուցուածք, քան այն, երբ ստոյգ մահուան դէմ անգամ հայը մաքառեցաւ եւ յաղթեց պարտադրուած ջարդին ու ձուլումին` իր մայրենիին միջոցաւ:
Այլապէս ինչպէ՛ս պատկերացնել եւ ըմբռնել դարերու խորէն մեզի հասած այն իմաստութիւնը, թէ ազգերու հոգեկան ու մտային արժէքները բացառաբար կը պահպանուին ու կը պաշտպանուին մայրենիով:
Այսօր, ինչպիսի՛ ուժգնութեամբ կառչած ենք այն խորհուրդին եւ բացարձակ ճշմարտութեան, որով Մեսրոպ Մաշտոց եւ իրեն յաջորդներ կրցան փոթորկեցնել, յուզել, գեղեցկացնել ու ամրապնդել հայութեան հոգեկան ամրութիւնները, երբ անոնք` առանց վարանումի եւ հաստատ համոզումով հայութեան գոյութեան երթն ու պաշտպանութիւնը գտան հայ լեզուի իւրայատկութեան մէջ:
Հայոց իմացականութեան եւ հանճարի կարողականութեան ցուցանիշներ չե՞ն Խորենացիներ, Շնորհալիներ, Նարեկացիներ եւ բազում սրբատաշ հոգիներու տէր անհատականութիւններ, որոնք հայերէն գրեցին, հայերէն ստեղծագործեցին ու հայերէն աղօթեցին առ Աստուած:
Փաստօրէն, հայոց ամէնէն ազնիւ, իմացական ու ոգեկան բարձր կարողականութիւններու ապացոյց չէ՞ր աննման Խաչատուր Աբովեանի հայոց լեզուին հանդէպ ցուցաբերած նոյնքան մեծասքանչ յարգանքը:
Մեծն Ալիշանի ու բազմահմուտ քերականագէտներու զարգացման մակարդակն ու գիտակցական ճառագայթումը մեզ` ազգովին աւելի չհայացուցի՞ն եւ չդասեցի՞ն զարգացած ժողովուրդներու շարքին:
Ո՛ւր պէտք է փնտռել եւ կամ ի՞նչ մղիչ ուժի արդիւնք պէտք է նկատել վերջին երկու հարիւր տարուան հայոց երկնակամարին վրայ հայ գիրի ու գրականութեան բացարձակ տիրակալութիւնը:
Հայ մտքի ու հոգիի գեղարուեստական փայլատակումներու ամբողջ հրայրքն ու հնչեղութիւնը գէթ մենք ինչպէ՛ս պէտք է հասկնանք, ապրինք, խոր թափանցենք, զգաստանանք, խոհական դառնանք, չհիասթափինք ու զօրանանք, եթէ ոչ իմանալով այն հուժկու եւ անյաղթելի կամքին ու ոգեկան բարձրութեան մասին, որոնք մարմնաւորեցին ու իրենց օրհնեալ երգերը հիւսեցին Վարուժաններ, Սիամանթոներ, Մեծարենցներ, Օշականներ, Շուշանեաններ, Սեւակներ, Շիրազներ ու բազում նուիրեալներ, որոնք յանդգնութիւնը ունեցան եւ իրենց հայերէնապաշտի խիզախութեամբ` հայրենիքն ու վեհափառ Արարատը, հայ գիրն ու գրականութիւնը, շունչն ու կամքը գերադասեցին եւ բոլոր ժամանակներու իմաստութեամբ օժտեցին հայութիւնը:
Այսօրուան հայ կեանքի խճանկարին ու բազում եւ այլատեսակ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, կրկին անգամ մայրենի՛ն է, որ իր սրբազան խոհականութիւնը կը պարտադրէ մեզի, զգաստութեան կը հրաւիրէ բոլորս անխտիր, կրօնական թէ հասարակական գործիչ, միութենական թէ արհեստաւոր հայ, եւ աւելի լրջանալու ղօղանջն է, որ կը հնչեցնէ ամէնուրեք` ի Հայաստան եւ սփիւռս աշխարհի:
Եւ այդ ահազանգին ականջալուր պէտք է մնանք ազգովին, մէկդի շպրտելով ներքին ամուլ եւ հնամաշ մտմտուքներն ու գործելակերպերը, եւ առանց ժամանակի կորուստին հայոց լեզուի ուժականութեամբ եւ անփոխարինելի հարստութեամբ վերահայանալու եւ վերամկրտուելու նախնեաց իմաստութեամբ:
Եթէ երբեք մենք մեզ կը համոզենք, այլապէս կը քարոզենք, թէ քարաշէն քանի մը վայելուչ կառոյցներ եւ քանի մը հոգեթով ձեռնարկներ պիտի կարենան պաշտպանել հայութիւնը ուծացումէ եւ հոգեկան փոշիացումէ, ապա հազարապատիկ մեղանչած կ՛ըլլանք նախնեաց կտակին ու մեծութեան:
Մարդկութեան սրընթաց զարգացման եւ արհեստագիտական ահաւոր նուաճումներու լոյսին տակ, հայերէնին տիրութիւն ընելու համազգային որոշումի կարօտը կ՛ապրինք, որպէսզի գէթ միանշանակ ուծացումէ փրկենք մեր անմիջական շրջապատը, ուր պէտք է ցոյց տանք հաւաքական մեր կամքին գրաւչութիւնը, համոզումն ու ոգեկան բարձրութիւնը:
Նման անգնահատելի, երախտապարտ եւ մեծահոգի իրենց ներդրումը կ՛ունենան թէեւ (քանակով քիչ), այն բոլոր մեզի մօտիկ լեզուաբաններն ու քերականագէտները, գրականագէտներն ու հայ մտքի ճանաչումին հաւատացող մտաւորականները, որոնք ամէն քայլափոխի մեզ կը հրաւիրեն մայրենիի գուրգուրանքին, ճիշդ գործածութեան, անսխալ գրելու ճիգի յայտնաբերման, գեղագէտի շնորհ ու ապրում ցուցաբերելու ունակութեան, հայ բառերու եւ մտքի, շունչի ու ոգիի պայծառ շարահիւսութեան, եւ մասամբ նորին:
Հաւատացողն ենք, որ այս պատեհ առիթը իրենց տօնն է, հայ լեզուն եւ ոգին պահելու նախանձախնդիր պատրաստակամութեան տօնը:
Յարգա՛նք ձեզի խստապահանջ ուսուցիչներ, լեզուաբաններ թէ բժիշկ քերականագէտներ, դուք սեւեռուն հայեացքներով կը հսկէք ձեր ուժերուն կարողութեամբ հայ գիրի ու գրականութեան պանծացման եւ անաղարտ պահպանման:
Արդ, նորօրեայ կեանքի պարտադրանքներու թէ գահավէժ ընթացքներու դէմ յանդիման, պարտաւոր է հայրենի պետական մտածողութիւնն ու քաղաքական միտքը, առաւել աշխուժ եւ հմայիչ ուժականութեամբ իր կամքը պարտադրէ` յանուն հայ լեզուի քաղաքական ու ռազմավարական նշանակութեան:
Այլապէս կորած է ամէն յաղթանակ ու ոգեկան հարստութիւն, նոյնիսկ Արարատի սեւեռուն հայեացքին ներքեւ:
Նոր ոճերու եւ գործընթացներու որդեգրումով հայութիւնը պիտի կարենայ տոկալ եւ աւելի հայանալ:
Խօսքը` նիւթականի առընթեր, արդի ժամանակներու համահունչ կառոյցներու հաստատագրումն է, հայ դպրոցի, ուսուցիչի, մամուլի թէ բազում միջոցներու միանգամընդմիշտ վերանորոգումն ու արժանավայել մակարդակի ամրապնդումը:
Նման մտածողութեամբ վարակենք մեր շրջապատը, յատկապէս նորահաս սերունդները, որոնց ոգեկան դաստիարակութիւնը կը ջամբուի բացառաբար մայրենիի հնչեղութեամբ եւ ուժեղ ազդեցութեամբ: