Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոկումներ

Փետրուար 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ

Հին յունական ստոյիկեան իմաստասիրութեան հիմերն են մարդկային հետեւեալ առաքինութիւնները, որոնց անվերապահ կերպով կը հաւատային եւ իրենց հաւատացածները կեանքին մէջ ի գործ կը դնէին ստոյիկեան կոչուած իմաստասիրութեան հետեւորդները, Աթէնքին մէջ, Քրիստոսի ծնունդէն երեքեւչորս դար առաջ:

Անոնք կը հաւատային, թէ տիեզերքը ստեղծուած է բարութեան վրայ եւ իրենց հաւատքի արմատներն էին` եւ իմաստութիւն, արդարութիւն, բարութիւն, տրամաբանութիւն, խիզախութիւն եւ չափաւորութիւն: Հետագայ դարերուն այս իմաստասիրութեան հաւատացողներ յայտնուեցան հռոմէական, Քրիստոսէ ետք, պատմական շրջանին մէջ ու աւելի ետք անիկա տարածուեցաւ աշխարհի ուսումնակեդրոն քաղաքներուն մէջ, հո՛ն, ուր մարդիկ իմաստութիւնը ունէին բարութեամբ ու հեզութեամբ ապրելու իրենց կեանքը:

Արդարեւ, այս առաքինութիւններն են, որոնք մենչեւ օրս կ՛իմաստաւորեն մարդոց կեանքը ու հոգեպէս կը հարստացնեն զայն: Անշուշտ լրջախոհութիւնը մեծ դեր կը խաղայ անոնց դրսեւորման մէջ: Իմաստութիւնը կ՛իմաստաւորէ կեանքդ:

Արդարութիւնը կը հարստացնէ հոգիդ:

Բարութիւնը կ՛երջանկացնէ քեզ:

Տրամաբանութիւնը կը դիւրացնէ մարդկային փոխյարաբերական կեանքդ:

Խիզախութիւնը առիթներ կը ստեղծէ, որ կեանքիդ բարի ու հոգեշահ նպատակներդ իրականացնես:

Չափաւորութիւնը օգտաշատ սահմանումներ կը ստեղծէ կեանքիդ մէջ: Իսկ սէրն ու փոխադարձ յարգանքը գագաթնակէտը կը հանդիսանային այս մարդկային իմաստասիրութեան, որուն հիմնադիրն էր, Հերակլիտէսէն եւ Սոկրատէն խորապէս ազդուած իմաստասէր մը Զենոն անունով, որ Քրիստոսէն քանի մը դար առաջ ապրած ու գործած էր Աթէնքին մէջ:

Ինքնահսկողութեան ուսուցումը մեծ դեր խաղացած է այս իմաստասիրութեան մէջ եւ թոյլ չէ տուած բացարձակ սանձարձակութեան, բոլոր ասպարէզներուն մէջ, ինչ որ ալ եղած ըլլային կեանքի արտաքին պայմանները: Ըստ իրենց, կեանքը պիտի կառավարուէր երեք գլխաւոր կէտերու հետեւելով. տրամաբանութեան,  բնագիտութեան ու բարոյագիտութեան: Իրենք հաւատացած էին, որ տիեզերքը կը կառավարուէր տրամաբանութիւն կոչուած զօրութեամբ, որուն Աստուած անունը պիտի տրուէր հին դարերէն սկսեալ: Հզօրութիւն մը, արդարեւ, որ տիեզերական իմաստութեան վրայ հիմնուած է: Անհասկնալի, բայց գիտական ուժականութիւն մը, որ բնութեան գործակցութեամբ ընդունելի դարձած է:

Ստոյիկեանները (յունական Ստոա բառէն յառաջ եկած է իրենց անունը, որ արուեստի գործեր ծախող փակ շուկայի սրահ մըն էր, Ակրոպոլիսի գրեթէ ստորոտին կառուցուած, ուր ստոյիկեաններու, տարիներու հաւաքավայրը դարձած էր) մտքով ու հոգիով ազատ իմաստասէրներ էին, բարութեամբ ու խոնարհութեամբ լեցուն, իսկ ուրիշներ, որ այլազան իմաստասիրութեանց կը հաւատային, անոնք գերիները դարձած էին իրենց մտքին, հոգիին ու իրենց կեանքին մէջ կատարած ինքնակամ արարքներուն: Ստոյիկեաններուն համար առաքինի ըլլալ` կը նշանակէր ճշմարիտ դատողութիւն ունենալ ու անոր ազդեցութեան տակ ապրիլ:

Վենետիկի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանի իմաստասիրութեան բազմահմուտ ուսուցիչէս` հայր Ներսէս Տէր Ներսէսեանէն, որ ներկայիս կը ննջէ Շիրակի մարզի Բանիկ գիւղի կաթողիկէ եկեղեցւոյ համեստ գերեզմանատան մէջ, եւ որուն հանդէպ ցարդ յարգանք ունիմ ու գնահատանք, միշտ խօսած է մեզի ստոյիկեան իմաստասիրութեան մասին, յունական հին իմաստասիրական դպրոցներու շարքին:

Հին յունական իմաստասիրական պատմութեան մէջ մարդիկ իրենց ըսածն ու ըրածը կը համադրէին իրարու` իրենց քարոզածն ու իրենց կեանքը նոյն ձեւով ապրելով:

Դժբախտաբար նոյնը չէ պարագան մեր օրերուն: Ներկայիս, ընդհանրապէս բոլոր ասպարէզներուն մէջ, խօսքն ու քարոզը ազնիւ ուղղութեամբ կ՛ընթանայ, իսկ կատարուած գործը` ըսուածին հակառակ ուղղութեամբ: Այդպէս ենք այսօր Հայաստանի մեր պետական, ներառեալ մեր եկեղեցական-կրօնական համակարգերուն մէջ, որոնց եթէ մօտէն ծանօթանաս ու գործ ունենաս անոնց հետ, հոգիդ զայրոյթով կը լեցուի:

Այս տօնական օրերուն Հայ եկեղեցւոյ  բարձրաստիճան կղերականներէն ոմանք իրենց պաշտօնին ու վարքին չպատշաճող անպատուաբեր նամակներով ու այլ գրութիւններով հրապարակ իջած են համացանցով ու մամուլով ու զիրար կը քաշքշեն, զիրար կ՛ամբաստանեն ու զիրար կ՛ոտնակոխեն անամօթաբար: Իրենց արարքներուն ու յատկապէս իրենց հրատարակածներուն մէջ ո՛չ յարգանք կայ, ո՛չ ակնածանք եւ ո՛չ ալ վեհանձնութիւն: Կայ միայն փառասիրութիւն ու անձնասիրութիւն, որոնք քրիստոնէական զուլալ հաւատքին դէմ եղող այպանելի ու մեղադրելի վատ ունակութիւններ են: Բայց որո՞ւ հոգը: Այս վատ սովորութիւնները նման են անբուժելի, ինքնակործան հիւանդութիւններուն: Տարիներէ ի վեր կղերական ասպարէզին մէջ, նիւթապաշտութիւնը փոխարինած է Աստուածապաշտութեան, անձնուիրութեան, բարեգործութեան եւ այլ այսպիսի առաքինութեանց, որոնք` ընդհանրապէս, ներկայիս ջնջուած են մարդոց հոգիներուն մէջէն` ըլլան անոնք կղերական կամ աշխարհական:

Անոնք իրենց աստուածապաշտութիւնը կ՛արտայատեն, ծնրադիր կամ ձեռամբարձ, միայն եկեղեցիներուն ու վանքերուն մէջ աղօթած ժամերուն, եւ կամ աշխարհական հարուստները քաղաքներուն մէջ, երեւելի փողոցներուն վրայ փառաւոր, սուղնոց ու ոսկեզօծ գմբէթներով հսկայ եկեղեցիներ կը կառուցեն, բարձր մակարդակի կղերականներու հետ կը գործակցին` միշտ իրենց փոխադարձ շահերը նկատի առած եւ իրենց կեանքին մէջ կատարած ոչ հաճելի գործերը ժողովրդին աչքէն ծածկելու սնամէջ ակնկալութեամբ: Եւ անոնք ժողովրդի խեղճ ու կրակ վիճակը կը նետեն Աստուծոյ ուսերուն: Եւ ասիկա, ըստ այսպիսիներուն, եղաւ աստուածապաշտութիւն ու քրիստոնէութիւն: Այսպիսի մարդոց կեանքին մէջ ըրածներուն, աշխարհական ըլլան կամ կրօնական, երբ մօտէն կը հետեւիս, քողարկուած կեղծաւորութիւն մը կը նկատես իրենց կատարած գործերուն մէջ ու հոգիդ կը լեցուի արգահատանքով:

Վիքթոր Հիւկոյի, Սթանտալի եւ հազար ութ հարիւրի այլ նոյնարժէք վիպագիրներու կարդացած  հատորներէս ժամանակին նոթագրած եմ հետեւեալը «Բոլոր կրօնաւորներն ալ կեղծաւորներ են, ուստի, իրենց քարոզածներն ալ ամբողջութեամբ կեղծաւորութիւն է ու անիմաստ» (Սթենտալ): Չափազանցուած եւ ընդհանրացած կերպով ըսուած խօսք մըն է այս մէկը, որ կողմնակի իրականութիւններ ունի Եւրոպայի այդ տարիներու ընթացքին ապրած որոշ կղերականներուն նկատմամբ: Անկեղծ ըսած, սակայն, այս ուղղութեամբ կատարուած ընթերցումներն եւ ուսումնասիրութիւնները տխուր իրականութեանց առջեւ կը դնեն պրպտող մտքերը:

Վստահաբար ամէն ինչ կը հանդարտի հոգիին մէջ, երբ այն մտածումը կ՛ունենանք, թէ եկեղեցականներուն ու վանականներուն ըրածն ալ ապրուստի գործ է (ոչ սովորական գործ, անշուշտ), նման մտաւորականին, գրողին, բանաստեղծին, արուեստագէտին  եւ նոյնանման այլոց կատարած մտային ու հոգեկան գործերուն, մէկ տարբերութեամբ, որ է կրօնականները սքեմ կը կրեն ու փակեղ, վեղար ունին ու լանջախաչ ու ամէն առաւօտ աշխատանքի չեն երթար իրենց օրապահիկը ապահովելու: Իրենց եկածը պատրաստ եկամուտ է հաւատացեալ կամ ոչ հաւատացեալ մարդոց ու ժողովուրդին կողմէ տրամադրուած, որմէ գոհ չեն անշուշտ ու այլազան ձեւեր կը մտածեն, դրամ ունեցողները կը շահագործեն, երկնքի անտեսանելի օրհնութիւններ եւ երկրային պատիւներ անոնց խոստանալով, եւայլն, եւայլն: Մէկ խօսքով, կրօնը կը շահագործուի` մարդկային տկարութիւնները օգտագործելով: Անհաւատալի գիներ ունեցող ինքնաշարժներ ինչպէ՞ս պիտի իւրացուին հապա…

Ներկայիս նիւթապաշտութիւնը, ինչպէս ըսի, տիրապետող ուժ մը դարձած է ամէն ասպարէզի մէջ: Հոգեկան նուիրում կամ ժողովուրդիդ ապրուստի վիճակը բարելաւելու մասին մտահոգուող չկայ ներկայիս, բայց այդ ուղղութեամբ խօսող ու մանաւանդ քարոզող` շա՜տ:

Ու այս բոլորը երկնքէն դիտելէ ետք Աստուած անգամ լուռ կը մնայ, նոյնիսկ իր Միածին որդւոյն` Քրիստոսի Ծննդեան սուրբ օրերուն…  Լռութիւնը գերբնական էութիւնն է Աստուծոյ, որ համբերութիւն կը նշանակէ…Բայց մինչեւ ե՞րբ, Աստուած գիտէ միայն:

«Քրիստոս ծնաւ ախոռի մը մէջ», գրած է Ճիովաննի Փափինին, իտալացի այս հանրածանօթ գրողը, Քրիստոսի իրական կեանքը նկարագրող ու «Քրիստոսի պատմութիւնը» անունը կրող իր հոյակապ հատորին առաջին տողին մէջ, որ հայերէնի թարգմանած ու տպած Է, հայր Արսէն Ղազիկեանը, Վենետիկի Ս.Ղազար կղզիին մէջ:  Համեստութիւն ու խոնարհութիւն արտայայտող եւ ուսուցանող ի՜նչ մեծ արարք, Տէ՛ր Աստուած:

Երանի՜ հասկցողներուն:

 

 

Նախորդը

Խնդիրը Համակարգային Է

Յաջորդը

Այս Անկիւնէն. Ինչպէ՞ս Չզայրանալ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?