Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Փետրուար 17-ին հայ ժողովուրդը կ’ոգեկոչէ յիշատակը հայոց այբուբենի գիրերու արարիչ ու հայ գրաւոր դպրութեան հիմնադիր սուրբին` Մեսրոպ Մաշտոցի:
17 փետրուար 440-ին վախճանեցաւ հայ ժողովուրդին հայերէն գիրեր պարգեւած եւ հայ ազգային ինքնութեան ու ինքնուրոյնութեան անփոխարինելի կռուանին` մայրենիի գրաւոր հիմնաքարը հաստատած Մեծ Վարդապետը:
Մաշտոցի Մեծ Գիւտէն ասդին դարերը սրընթաց կը գումարուին իրարու վրայ, հայ իրականութեան մէջ իրերա-յաջորդ սերունդներ կու գան ու կ’երթան` իրենց հետ նաեւ իրենց ապրած «նոր» ժամանակները անշրջելիօրէն անցեալին ու «հին»ին յանձնելով:
Բայց ամէն օր ծագող ու մայր մտնող արեւին հետ մեսրոպեան գիւտը կը վերանորոգէ ու կը վերահաստատէ նոր միտք եւ խօսք արարելու իր անսպառ կենսունակութիւնը` հայ ժողովուրդին հազարամեակներու երթը հունաւորելով եւ լուսաւորելով:
Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքն ու գործը արժանացած են վաւերագրական վկայութիւններու եւ մենագրութիւններու ծաւալուն գրականութեան մը` գրուած թէ՛ իր ժամանակակիցներուն, թէ՛ հետագայ մատենագիրներու եւ պատմագիրներու կողմէ:
Գրական այդ հարուստ ժառանգութեան մէջ կ՛առանձնանայ կոթողական գործը Մեսրոպի աշակերտներէն Կորիւնի, որ իր «Վարք Մաշտոց»-ի երկով հիմը դրաւ մաշտոցագիտութեան:
Նուազ արժէքաւոր չեն Մաշտոցի նուիրուած Մովսէս Խորենացիի, Ղազար Փարպեցիի, Մովսէս Կաղանկատուացիի եւ Կարապետ Սասնեցիի օրինակով մեծանուն մատենագիրներու ընդարձակ վկայութիւնները:
Կիսազնուական ծագում ունեցող Վարդանի որդին էր Մեսրոպ Մաշտոց: 362-ը ընդհանրապէս ընդունուած է իբրեւ Մեսրոպի ծննդեան թուական, բայց վաւերացման կարօտ որոշ աղբիւրներ 5 ապրիլ 361-ը կը յիշատակեն իբրեւ ճշգրիտ ծննդեան թուական: Ծնած էր Տարօնի Հացեկաց գիւղը եւ բնատուր ձիրք ցուցաբերած էր
լեզուներու իմացման եւ իւրացման մէջ: Հայերէնի կողքին, կը տիրապետէր ասորերէնի, յունարէնի, պարսկերէնի եւ վրացերէնի: Իբրեւ այդպիսին, 385 թուին, գրագիրի ու ատենադպիրի պաշտօնին կը կոչուի Արշակունեաց արքունիքին մէջ, Վաղարշապատ (Էջմիածին), Խոսրով Գ.ի օրով:
Աշխարհական ու պալատական այդ ծառայութեան շրջանին Մեսրոպ Մաշտոց ցաւով ու դառնութեամբ անդրադարձաւ, որ հայ ժողովուրդի ապագան վտանգուած է եւ ի սպառ ձուլումի վտանգը օրհասական դարձած է: Մանաւանդ որ նոյն այդ ժամանակաշրջանին, 387 թուին, Հայաստան բաժնուեցաւ երկուքի: Արեւելեան Հայաստանը ինկաւ պարսկական տիրապետութեան տակ եւ, Արշակունեաց թագաւորութիւնը պահպանուելով հանդերձ, պարսկերէնն ու պարսկական մշակոյթը սկսան արագընթաց տարածուիլ հայերու մէջ: Աւելի ծանրակշիռ վիճակի մէջ յայտնուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանը, որ Բիւզանդիոնի տիրապետութեան տակ ոչ միայն կորսնցուց թագաւորական իր պետականութիւնը` ենթարկուելով յունաց կայսեր, այլեւ անջատուեցաւ հայոց կաթողիկոսութենէն եւ ինկաւ յոյն եպիսկոպոսապետներու տիրակալութեան տակ:
Մեսրոպ Մաշտոց նաեւ անդրադարձաւ, որ 301 թուին քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակած Հայաստանը աստիճանաբար կը կորսնցնէր ազգային իր ինքնութեան պահպանման ու զարգացման ծառայող կարեւորագոյն զէնքը, որ ինքնուրոյն հաւատքին եւ սեփական մշակոյթին կառչած մեր ժողովուրդին հայկական դիմագիծն էր: Հայը չունէր իր սեփական` հայերէն գիրերը եւ ի վիճակի չէր իր հարազատ լեզուի գիրերով թարգմանելու եւ հաղորդուելու քրիստոնէական ուսմունքի օտարալեզու աղբիւրներուն հետ, կամ` հայերէնով ստեղծելու եւ տարածելու իր գրաւոր մշակոյթը:
Մեսրոպ Մաշտոց անձնատուր չեղաւ եւ չհամակերպեցաւ ստեղծուած օրհասական իրավիճակին: 395 թուին հրաժեշտ տուաւ աշխարհականի կեանքին, ճգնաւորութեան դիմեց եւ սկսաւ Հայաստան աշխարհով մէկ շրջիլ, հետեւորդներ հաւաքել իր շուրջ եւ քրիստոնէութիւնը ուսուցանել` իբրեւ հայոց ինքնութեան պահպանման անփոխարինելի երաշխիք:
Հոգեւորական ծառայութեան նուիրուելով` Մեսրոպ Մաշտոց ըստ էութեան կը զինուորագրուէր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական մեծագոյն մարտահրաւէրը դիմագրաւելու, հայոց ազգային միասնութիւնը եւ պետական անկախութիւնը վերականգնելու պայքարին:
Հայոց հաւատքն ու հայ մշակոյթը սեփական ժողովուրդին ծանօթացնելու եւ գրական նոր ստեղծագործութիւններով հարստացնելու հոգեմտաւոր պայքարն էր Մաշտոցի ընտրած ուղին:
Բայց որքան ընդլայնեց հոգեւորական վարդապետի եւ հայ մշակոյթի ուսուցման իր գործունէութեան ծիրը, այնքան Մեսրոպ Մաշտոց սուր կերպով անդրադարձաւ հայ գիրերու անհրաժեշտութեան: Առանց հայերէն տառերու եւ գրաւոր հարստութեան` անյոյս էր հայ մարդոց ասորերէնով կամ յունարէնով քրիստոնէական հաւատքը հայացնելը, ո՜ւր մնաց բազմադարեան հայ մշակոյթի արժէքները նորահաս սերունդներուն սորվեցնելը…
Հրամայական այդ մարտահրաւէրին ընդառաջելու առումով, Մաշտոց կատարեց իր ամենայանդուգն քայլը, երբ օրուան հայոց կաթողիկոսին` Սահակ Պարթեւին դիմեց հայոց գրերու մշակման եւ հայ գրաւոր գրականութեան ստեղծման, յատկապէս քրիստոնէական սկզբնաղբիւրներու հայացման առաջարկով: Այդպէ՛ս, Սահակ Պարթեւի մէջ Մեսրոպ Մաշտոց գտաւ ոչ միայն գաղափարակից ազգային հոգեմտաւոր գործիչ մը, այլեւ` հայոց գիրերու գիւտին հովանաւոր կաթողիկոսը:
Հայոց այբուբենի 36 տառերը հնարելու համար Մաշտոց տարիներ ճգնեցաւ. ասորի եւ յոյն լեզուագէտներու հետ մօտէն աշխատեցաւ, շատ բան սորվեցաւ անոնցմէ, բայց ինչ որ սորվեցաւ, նախ իր հայու ազգային շաղախին պատշաճեցուց եւ յետոյ միայն գիրերու վերածեց: 405 թուին արդէն Մեսրոպ Մաշտոց սկսաւ իր յայտնագործած հայերէն տառերով գրաւոր մշակոյթ ստեղծել` առաջին հերթին Սողոմոն Իմաստունի առակները թարգմանաբար հայացնելով: Մաշտոցի նորաստեղծ հայերէն տառերով գրուած առաջին նախադասութիւնը եղաւ` «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» (Ճանաչել իմաստութիւնն ու խրատը, իմանալ հանճարի խօսքերը…) :
Հայոց գիրերու գիւտին հետեւեցաւ հոգեւոր քարոզիչի, հայ բանաստեղծի եւ մեծ ուսուցիչի շուրջ քառասնամեայ ծառայութիւն մը, որ Մեսրոպ Մաշտոց անունը ոչ միայն անմահացուց իբրեւ հայոց գրաւոր ժառանգութեան հիմնադիրին, այլեւ սրբացուց եւ արժանացուց հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան հոգեմտաւոր ազատագրման նահապետի դափնեպսակին:
Մեսրոպի Մաշտոցի մահուան 1575-ամեակը ոգեկոչելու հոգեպարար խոր ու ջերմ պահեր ընթերցողին կը պարգեւէ Պարոյր Սեւակի «Եւ այր մի` Մաշտոց անուն» երկարաշունչ քերթուածէն արտատպուած քովի հատուածը:
Եւ Այր Մի` Մաշտոց Անուն
Նրանք ծնւում են, որ ապացուցեն,
Թէ հրաշք չկա՜յ,
Կայ միայն կարի՛ք:
Նրանք ծնւում են, որ ապացուցեն,
Թէ այնտեղ է լոկ սխրանքն սկսւում,
Ուր վերջանում է ամէ՜ն մի հնար…
Այսպէս էլ ծնուեց մէկը Նրանցից,
Ծնուեց Նա`
Այր մի`
Մաշտոց անունով:
Եւ նա չծնուեց, որ աւելացնի
Հարց տուողների քանակն անպակաս:
Նա եկաւ աշխարհ` պատասխանելու,
Եւ պատասխանը գտաւ իսկապէս…
… Քաջերի սահմանն իրենց զէնքն է հէնց:
Քաջեր մի՛շտ էլ կան,
Զէ՜նք է հարկաւոր:
Քաջեր մի՛շտ էլ կան,
Պէտք է ասպարէ՜զ:
Եւ նա էր ահա, որ ձեւաւորեց
Մի զէնք ժանգախոյս,
Եւ ծովաւորեց
Ասպարէզ մի նոր,
Ուր թոյլ-ուժեղի,
Շատ ու սակաւի,
Քիչ ու բազումի
Մրցութեան համար ասպարէզ չկա՜յ,
Քանզի նորատիպ այդ մաքառման մէջ
Այրուձիի տեղ մտքերն են կռւում,
Թանաք է հեղւում արեան փոխարէն,
Եւ յաղթանակը կոչւում է Մատեան…
Մենք կայինք, այո՛, Նրանից առաջ:
Սակայն Նա ծնուեց,
Որ գայ ու դառնայ ինչ-որ նոր Սկիզբ:
…Նրանից առաջ կային աստուածներ`
Երկընքի, սիրոյ, պտղաւորումի,
Ինչպէս փոթորկի, նաեւ… դպրութեան:
Եթէ բոլորը` մինչեւ իսկ ստոյգ,
Վերջինըս սուտ էր, սուտ ստուգապէս.
– Աստուած կար, սակայն դպրութիւն չկա՜ր:
Նա` հաւատաւորն իր նոր հաւատի,
Դպրութեան մեր սուտ աստծուն վըռնտեց
Եւ Ինքը մնաց նրա փոխանակ:
Բայց մինչ դպրութեան հին աստուածը մեր
Շարունակ միայն մի գործ էր անում`
Մարդկանց հոգին էր առնում ու տանում,
Սա եկաւ, որ մեզ հոգի՜ պարգեւի…
Այո՛, մենք կայինք Նրանից առաջ.
Հզօր թէ տկար`
Մարմին էինք մենք:
Սակայն Նա եկաւ, որ Հոգի՛ դառնայ,
Շօշափուո՜ղ հոգի,
Եւ անմե՜ռ հոգի:
Այո՛, մենք կայինք Նրանից առաջ.
Քիչ թէ շատ` կար հաց,
Եւ ունենք ջուր:
Սակայն Նա ծնուեց, որ Սնո՜ւնդ դառնայ:
Ծնուե՛ց, որ ծնե՜նք,
Եղա՛ւ, որ լինե՜նք,
Եւ անմահացա՛ւ,
Որ անմահանա՜նք…