ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Դիմատետրիս վրայ չէի հասցուցած տակաւին «Բարի կիրակի բոլորին» արտայայտութիւնը զետեղել, երբ անձրեւի տարափի պէս հրթիռներ տեղալ սկսան աջ ու ձախ:
Մտածեցի` աւելորդ եւ կեղծ շռայլութիւն պիտի ըլլար գեղեցիկ նախադասութեանս տեղադրուիլը, մինչ կ՛որոշէի հրաժարիլ զայն եթեր արձակելէ, յանկարծ նկատեցի, թէ արդէն իսկ տողանցած էր էջիս վրայ` վայրկենապէս բազմաթիւ հաւանումներու արժանանալով…
Երկնաքարերու, Երկիր մոլորակը հարուածելու, օրական սպառնալիքներն ու մեր քաղաքին վրայ ամէնօրեայ արձակուած հրթիռները պատճառ կը դառնան, մանկութեան չարաճճիութիւններս կանխելու համար, հօրաքրոջս արտասանած եւ յաճախ զիս լսցուցած մէկ նախադասութիւնը աւելի լաւ հասկնալուս:
– «Աստուած պապան քար կ՛ընէ». ուրեմն այսպիսի քարեր կան եղեր, որոնց հետ ծանօթանալու ժամանակը հիմա էր կ՛երեւի: Բայց որքան մեղաւոր եղած էի, որ մեղքերուս հատուցումը կուտակուած, ամբարուած էր, հիմա հաշիւը կը պահանջուէր ինձմէ եւ ժամանակակիցներէս, մեր գործած ինչ-ինչ սխալներուն համար, ո՞վ գիտէ:
Ալ լաւ սպասումներ չկային, ակնկալութիւններն ու հաճելի զուգադիպութիւնները երեք տարի առաջուան ետեւ մնացող ժամանակաշրջանին կը պատկանէին: Նոր էջ մը սկսած էր, որուն վրայ եթէ սեւ կէտերու յաւելումներ կուտակումներ չգոյանային, կարելի կ՛ըլլար ապահովութեան զգացումով ժամանակաւորապէս տօնական ուրախութիւն ունենալ…
Բայց տակաւին կար նոր յայտնագործուած ուրախութիւններու շարան մը: Վառելանիւթի չգոյութենէն սառած մարմիններուն համար նոր եւ փառաւոր հագուստի պէս ճարուած քանի մը լիթր քարիւղը, որ կրնար ոչ միայն ձմեռուան սարսափելի ցուրտէն քանի մը ժամ պաշտպանել, այլ նաեւ` հոգիներու ջերմութիւն եւս պարգեւել: Կազի, քարիւղի, ջուրի, ելեկտրականութեան ժամանումը եւ գտնուիլը աւետիսներ էին, որոնք մեծ ուրախութեան առիթներ կրնային ըլլալ:
Հրետանին կ՛որոտար… այսօր` որեւէ ատենէ աւելի:
Բարի կիրակին պէտք է ջնջեմ, շատ ծիծաղելի կրնայ հնչել, եթէ համաքաղաքացիներէս ոեւէ մէկը կարդալու ըլլայ…
Բարին կը մաղթենք բոլորս, բայց կարդացողը պիտի չըսէ՞ր, թէ ի՜նչ տրամադրութեամբ եւ պաղարիւնութեամբ գրեր է գրողը:
Գոնէ պէտք է փոխել` վերածելով «բարի կիրակիի մը մաղթանքով»:
Անշուշտ իրականութիւնն ու մաղթանքները տարբեր բաներ են, իսկ մենք իրականութենէն եւ մաղթանքներէն անդին` միթէ չե՞նք կրնար անցնիլ…
Կէսգիշերային սպասուած թանկագին հիւր` ելեկտրականութիւնը յայտնուեցաւ, առաւելագոյնը ժամուան մը համար հարստացնելու, հալէպեան լուսազուրկ, նոյնիսկ լուսնազուրկ օրը:
Ամէնուրեք քնահարամ եղած մարդիկ, ցերեկները օդին մէջ քալող…
Գիշերը խնայողութեամբ տրուած մէկ, կամ առաւելագոյնը երկու ժամուան համար ստացուած հոսանքով արագ-արագ պէտք է լուացք դնել մեքենային, ելեկտրական ջրհանով ջուր ամբարել, տունը տաքցնել եւլն… եւլն…
Հանրային պարտէզէն անցնիլը ա՛լ հաճոյք մը չէր, ինչպէս` երբեմնի օրերուն. հիմա աչք շոյող կանաչին, գեղեցիկ նստարաններուն եւ ժպտադէմ մարդոց փոխարէն` տարբեր անբաղձալի երեւոյթներ կային…
Ամէնուրեք, ամէնէն շատ կարելի էր նկատել չարացած մարդոց դէմքեր… չարացած` իրենց տեսածներէն եւ մթագնած ուղեղի անյուսատու հորիզոնէն:
Պարտէզին անկիւնները, տեղ-տեղ փայտ կը վառէին տաքնալու համար, իսկ սարսափելին` իրենց փայտեայ նստատեղերէն մերկացած նստարաններուն վրայ, քիչ մը անդին` նաեւ գետինը, տեղադրուած ներքնակներն էին, աւելի ճիշդը` իրարու վրայ զետեղուած կտորներու տրցակները, իբրեւ վրան պառկելու յարմարանք:
Իրաւացի էին չարանալու, բայց որո՞ւ դէմ, պետութեա՞ն, որուն հանդէպ իրենց ունեցած վստահութիւնն ալ կորսնցուցած էին, ինչպէս` բոլորը. Աստուծո՞յ, որուն անունը կանչելէ ալ յոգնած էին…
Ամէնուրեք գարշահոտութիւն կը տիրէր:
Այս բոլորին մէջ, աղքատութեան, անտէրութեան, զրկանքի եւ կեղտոտութեան մէջ կորսուած խառնիճաղանճին` տարօրինակ թուացող երկու գլուխներ` զոյգ մը, կողք կողքի նստած, հազիւ` քսան-քսաներկու տարեկան, կը յանդգնէին իրենց իրանները իրարու սեղմած պահել…
Լուսաւոր շող մը թափանցելու պէս, անոնց ներկայութիւնը սկսաւ լիացնել հանրային պարտէզին համայնապատկերը. ջերմութիւնը տարածուեցաւ, անցորդներուն համար շնչուած օդը դարձաւ փափաքելի…
Տարօրինակ երեւոյթ մը, որ կրնար բարութեամբ լեցնել զանոնք տեսնողին հոգիները:
Ճնճղուկներու փոքրիկ երամ մը` կոտրած հունով ծառի մը կիսուած ճիւղին թառած, անհոգօրէն եւ անայլայլ կը յօրինէին իրենց սովորական երգը:
Երբէն ի վեր նկատուած միակ գեղեցիկ բանն էր ճնճղուկներուն գոյութիւնն ու երգեցողութիւնը, մանաւանդ անդրադառնալ, թէ վերջերս աղաւնիներուն տհաճ կուղրուղուն` ննջարաններուն պատուհաններէն լսուող եւ շատ անգամ ընկճուածութիւն պատճառող, անհետացած է` փոխարինուելով փոքրիկ երգեցիկներու դայլայլով:
Ծիծեռնակներ շատ կը սիրէր հայրս, միշտ անոնց վերադարձով կամ գաղթով կ՛իմաստաւորէր իր առօրեան` անոնց հետ կապելով իր իւրաքանչիւր խոհը կամ տրամադրութիւնը: Ճնճղուկներուն` կոտրած ծառի կոճղին թառած, անհոգ ծիծաղին վրայ սկսայ զմայլիլ: Կոճղը կարծես սպունգի մը պէս կլանեց անոնց բերկրանքն ու թեթեւութիւնը, հոգեպէս նորոգուեցաւ, ծաղկեցաւ` իր շուրջ սփռելով դրական ոլորտ, որ վայրկենապէս կրցաւ մոռցնել տալ բոլորին, նոյնիսկ հանրային պարտէզին խեղճութիւնն ու տխրութիւնը: Ու ես կարծեցի, թէ ճառագայթը սկսաւ երգել ու ցօղի տեսքով արդարութիւն տեղացնել: Ստուերը սկսաւ վերածուիլ ծիածանի:
Պարտէզէն դուրս` Հալէպ պաշարուած էր արդէն, բայց այս անգամ` պետական զօրքին կողմէ: Մայթերու եռուզեռին վրայ յանկարծ ճնճղուկներու ճռուողիւնէն վարակուած մարդիկ նշմարեցի, որոնք իրենց լացակումած փսփսուքը փոխարինած էին բարձրաձայն ու երգեցիկ գոհունակութեան արտայայտութեան, որ կը փոխանցէր այս երկու բառը «յաղթանակը մօտ է»:
Որ աւելի շատ կը պատասխանուէր այսպէս` «յուսանք»: