Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատահայ Աշակերտուհին Արիւնը Մաքրող Նոր Սարք Մը Ստեղծած Է

February 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0219dialysisԱմերիկեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, թէ քանատահայ 17-ամեայ աշակերտուհի մը` Անիա Փողարեան, ստեղծած է սարք մը, որ կրնայ յեղափոխութիւն յառաջացնել բժշկութեան մարզին մէջ եւ ամբողջովին փոխել արիւնը մաքրելու (տայալիսիս) գործընթացը: Անիա, որ երկրորդական բաժինի աշակերտ է, մշակած է արիւնը մաքրող սարքի նախատիպ մը, զոր կարելի է գործածել նաեւ տան մէջ: Այդ սարքը կ՛արժէ միայն 500 տոլար, մինչ արիւնը մաքրող սովորական սարքերը կ՛արժեն նուազագոյնը 30 հազար տոլար:

Սարքը ստեղծելու գաղափարը ծնած է այն ժամանակ, երբ Անիա Փողարեան դպրոցական ծրագիրով մը կամաւորաբար կ՛աշխատէր քանատական հիւանդանոցներէն մէկուն արեան մաքրութեան բաժինին մէջ: Երբ դպրոցին մէջ իրեն յանձնարարած են մշակել գիտական նախագիծ մը, ան որոշած է աշխատիլ արիւնը մաքրող նոր սարքի մը ստեղծման ուղղութեամբ: Անիա իր գիւտին տրամադրած է մօտաւորապէս 300 ժամ:

Ասիկա արհեստականօրէն արիւնը մաքրելու բժշկական գործընթացն է: Արեան մաքրութիւնը արհեստական պայմաններու մէջ կը կատարէ այն նոյն աշխատանքը, զոր կը կատարէ առողջ երիկամ մը. արիւնը կ՛առնէ մարմինէն, կը մաքրէ ու կը վերադարձնէ: Գործընթացը կը կատարուի հիւանդանոցներու մէջ, շաբաթական երեք անգամ 3-4 ժամ տեւողութեամբ:

Անիա Փողարեան պատմած է, որ իր նախագիծով փափաքած է դիւրացնել արեան մաքրութեան կարիք ունեցող հիւանդներուն կեանքը: «Ես ուզեցի, որ այդ հիւանդները չստիպուին ամէն անգամ հիւանդանոց երթալ, քանի որ ատիկա լուրջ հարց է բազմաթիւ հիւանդներու համար: Դիւրին չէ շաբաթը երեք անգամ հիւանդանոց երթալ, յատկապէս եթէ հիւանդը տեղափոխուելու հարցեր ունի», ըսած է ան:

Կը հաղորդուի, որ Փողարեան արդէն բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած է, իսկ քանատական հիւանդանոց մը զայն հրաւիրած է ամառնային վերապատրաստութեան դասընթացքի, որուն ընթացքին փորձարկութեան պիտի դրուի անոր գիւտը:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (23 Փետրուար 1965)

Յաջորդը

Խնդիրը Համակարգային Է

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.