Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Մարտիկներ

Փետրուար 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Հայոց մարտիկներ, հայոց մարտիկներ
Մեր այսօրուան անվեհեր ջան ֆետայիներ,
Հայոց մարտիկներ :

(ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ)

22315_Hantznakhoump_TeragadarՏարիներ շարունակ գովաբանուած են մեր աննման հին ու նոր ֆետայիները, «Հայոց մարտիկներ»-ը, որոնց արիւնով կերտուած է մեր առաջին անկախութիւնն ու ապա` Արցախի ազատագրումը: Յարգա՛նք իրենց անմար յիշատակին:

Մեր աննման ֆետայիներու կողքին, արդար է նաեւ յիշել ու գովաբանել մեր մշակոյթի մարտիկները, որոնց տքնաջան աշխատանքով կը գոյատեւէ հայը հայ պահող մեր մշակոյթը: Հայ մշակոյթը` շնորհիւ Համազգային մշակութային միութեան:

Տարի մըն ալ անցաւ Համազգայինի կերտումի թուականէն: Տարի մըն ալ երիտասարդացաւ Համազգայինը:

«Համազգային Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը յանդգնութիւնը ունեցաւ երկրորդ անգամ կազմակերպելու այս թատերական փառատօնը».

«Գոհացնել պատանի եւ չափահաս հայ երիտասարդներու մասնագիտական թատրոնի պահանջը եւ զարգացնելու անոնց մէջ թատերական արուեստը հայերէնով ընկալելու իւրայատուկ ճաշակ եւ վարժութիւն:

 (Համազգայինի Շրջանային վարչութիւն):

«Անցեալ տարուան յաջող ելոյթներէն խանդավառուած` անգամ մը եւս կը ներկայանայ ամերիկահայութեան»

(Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւն):

Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նպատակը յստակ է.

Սփիւռք-հայրենիք համագործակցութիւն. նաեւ` երիտասարդութեան մէջ արթնցնել հայ արուեստի, ի մասնաւորի հայ թատրոնի սէրը: 1800 հայ աշակերտներ ներկայ գտնուեցան Ռուբէն Մարուխեանի «Ամենալաւ տունը» մանկական ներկայացման: Այս մէկը ինքնին յաջողութեան դափնեպսակ մըն է: Հայ աշակերտներ, փոխանակ իրենց թանկագին ժամերը անցընելու հեռատեսիլներու կամ հեռաձայներու վրայ «խաղեր խաղալու», ըմբոշխնեցին թատերական գործ մը. վստահաբար շատերուն մէջ արթնցաւ սէր` հանդէպ հայ մշակոյթին, հանդէպ հայ թատրոնին:

22315_HamazkyineԵրկրորդ տարին ըլլալով` Լոս Անճելըս հրաւիրուած է մայր հայրենիքի Համազգայինի «Սօս Սարգսեան պետական թատրոն» անուան թատերախումբը` ներկայացնելու 6 օրուան թատերական փառատօն մը (փետրուար 3-8, 2015): Արդար գովասանական խօսքեր լեցուցին ու տակաւին պիտի լեցնեն հայ մամուլի էջերը: Չեմ ուզեր կրկնութիւններով մրոտել էջեր. փոխարէնը` թոյլ տուէք, որ խօսիմ տարբեր «Հայոց մարտիկներ»-ու մասին: Հայ մշակոյթի մարտիկները` Համազգայինի ժրաջան աշխատողները, որոնց ջանքերով, լոսանճելըսահայութիւնը դարձեալ առիթը ունեցաւ վայելելու թատերական կտորներ` արհեստավարժ դերակատարներու ու բեմադրիչներու կատարողութեամբ:

22315_TaderasrahՔուլիսային աշխատաքներուն մասնակցողները միշտ գործած են «մութին մէջ»: Հանդիսատեսը կը հմայուի դերակատարներու խաղարկութեամբ, կը գնահատէ բեմադրիչի դժուարին աշխատանքը: Թատրերգութեան աւարտին` ներկաները յոտնկայս կը ծափահարեն, «պռաւօ»-ներու տարափ մը կը տեղայ: Դերասանները կը ստանան ծաղկեփունջեր, ու մենք կը մեկնինք մեր տուները. սակայն քանի՞ հոգի կը մտածէ մութին մէջ աշխատող «խոնարհ հերոսներու» մասին, որոնց ճիգով կ՛իրականանան նման հսկայական ծրագիրներ: Պարտք կը զգամ թուելու գիշեր ու ցերեկ անխոնջ աշխատող մշակոյթի մարտիկները` Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնն ու այս փառատօնին համար յատուկ ստեղծուած յանձնախումբի անդամներէն քանի մը հատը միայն` որպէս օրինակ: Սոյն յանձնախումբի անդամները բոլորն ալ անխտիր կ՛աշխատին առանց «փող ու թմբուկ» հնչեցնելու: Թող ներեն իրենց զոհաբերութիւնը հրապարակաւ յայտարարելուս համար: Նպատակս իրենց համեստութիւնը վիրաւորել չէ. պարզապէս ճիտիս պարտքը կը համարեմ քանի մը տողով անդրադառնալու  իրենց զոհաբերող ոգիին: Այդ ծանր աշխատանքով անոնք  իրաւունք ունին հպարտանալու, որ կարողացան  իրագործել չափէն աւելի դժուար մշակութային ձեռնարկ մը:

Արդա՛ր հպարտութիւն:

Ամիսներ առաջ արդէն կազմուած էր յատուկ յանձնախումբ: Երկար ժողովներ, ծրագիրներ, առաջարկներ, դեր ու դէմ կարծիքներ:

Շուշիկը Արսլանեան եւ Նարկիզ Թերզեան-Միւրիյեան, ամիսներ անդադար հեռաձայնով եւ Skype-ով կապի մէջ էին թատերախումբի տնօրէն Վարդան Մկրտչեանին հետ:

Նախագիծը պատրաստ է արդէն ու կը սկսին ծրագրի իրագործման աշխատանքներուն: Դիւրին չէ երկու տասնեակ արուեստագէտներու ճամբորդութիւնը հայրենիքէն դէպի ովկիանոսներէն անդին: Պէտք է ապահովուի Միացեալ Նահանգներու մուտքի «վիզա», կեցութեան վայր, սնունդի հայթայթում, ազատ ժամերուն պտոյտներ, եւ տակաւին` շա՜տ ու շա՛տ մեծ ու փոքր կարիքներ, որոնք անհրաժեշտ չեմ գտներ նշել մէկ առ մէկ:

Ճամբորդութեան երթ ու դարձի հսկայական ծախսը յանձն առած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը` նիւթական մեծ բեռ մը վար առնելով Լոս Անճելըսի Շրջանային վարչութեան ուսերէն:

Ծախսալից փառատօն մըն է, եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը ստիպուած` կը դիմէ նուիրատուներու նիւթական օժանդակութեան:

Շուշիկ Արսլանեան` գլխաւոր կազմակերպիչներէն մին, անդադար կը դիմէ ազգայիններու նիւթական օժանդակութիւններուն ու կ’ապահովէ կոկիկ գումար մը, որ մեծապէս կը նպաստէ Համազգայինի նիւթական բեռը թեթեւցնելու դժուարին գործին:

Դիւրին չէ 17 արուեստագէտներու սնունդը ապահովել: Կը դիմեն Լոս Անճելըսի մէջ գտնուող կարգ մը հայ ճաշարանատէրերու, որոնք սիրայօժար յանձն կ՛առնեն արուեստագէտները  սնունդով ապահովելու: Կը ստանան դրական պատասխան բոլորէն անխտիր: Լոս Անճելըսի պանդոկները բաւական սուղ են. բաւական ծախսալից:  Յանձնախումբի անդամներէն Լեւոն եւ Լենա Գարակէօզեանները կը տրամադրեն իրենց բնակարանը` որպէս իջեւան, հսկայական գումար մը խնայելով Համազգայինի արդէն իսկ ծախսալից ծրագրէն: Դիւրի՞ն է 12 հոգի հիւր ընդունիլ իրենց տան մէջ մօտաւորապէս երկու շաբաթ: Հսկայ Լոս Անճելըսի մէջ դիւրին չէ դիմագրաւել երթեւեկի դժուարութիւնները: Կը վարձուի 15 հոգինոց «վեն» ինքնաշարժ մը, որպէսզի բոլորը  միասին ըլլան պտոյտներու կամ տունէն թատրոն երթ ու դարձի ժամանակ: Վահիկ Վարդապետեանին կը վստահուի «շարժավարի» պաշտօնը, որ  իր ամբողջ ժամանակը կ՛անցընէ խումբին հետ, առաւել` որպէս խումբի հաշուապահ, կը զբաղի մեծածախս այս ձեռնարկին հաշիւները պահելով:

Մանուկ Ջուխաճեան` Շրջանայինի ատենապետ, «երեսի վրայ ձգած» իր գործն ու ընտանեկան պարտականութիւնները, կը հոգայ Համազգայինի մեծ ընտանիքին պարտականութիւնները:

Ներող թող ըլլան այն անձինք,  որոնց անունները չեմ յիշած (վստահաբար ներողամտութենէ աւելի ուրախ պիտի ըլլան` ծանօթ ըլլալով իրենց համեստութեան):

Փետրուար 8-ին երկու անգամ ներկայացուեցաւ «Փրկութեան կղզի» թատերախաղը, եւ այսպիսով վերջ գտաւ Լոս Անճելըսի թատերական փառատօնը:

Յաջորդ առաւօտ, թատերախումբի անդամներուն յոգնած վիճակէն դուրս բերելու միտումով, ամբողջ կազմը կը տանին Լաս Վեկաս` հանգստանալու եւ վայելելու «Լոյսերու աշխարհ»-ը: Լաս Վեկասի մէջ, նմանապէս, պանդոկի ծախսերը թեթեւցնելու միտումով, դարձեալ իրենց Լաս Վեկասի տունը կը տրամադրեն Լեւոն եւ Լենա Գարակէօզեանները:

Լոս Անճելըս վերադարձին խումբը կը մեկնի Սան Ֆրանսիսքօ` խանդավառելու այդ քաղաքի հայութիւնը, ապա կը մեկնին Քանատա, ուրկէ, բաւական երկար բացակայութենէ ետք, կը վերադառնան մայր հայրենիք` շարունակելու համար իրենց ազգանուէր գործունէութիւնը:

Հայոց մարտիկներ, հայոց մարտիկներ,
Հայ մշակոյթի ջան ֆետայիներ,
Հայոց մարտիկներ…

Լոս Անճելըս, 2015

Նախորդը

Այս Անկիւնէն. Ինչպէ՞ս Չզայրանալ

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»ի `Փետրուար Բ./2015. Հայկական Փետրուարը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?