Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ճարպիկ Քայլ…

February 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

22315_hayrenikՇէյքսփիրեան լեզուով հաւանաբար շատ աւելի լաւ հնչէ smart move բացատրութիւնը, քան` ճարպիկ քայլ կամ ուշիմ ընթացք բացատրութիւնը:

Շաբաթասկիզբին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանին յատուկ նամակ մը յղելով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան կը հաստատէր, թէ յետս կոչած է Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները:

Ինչպէ՞ս բացատրել Հայաստանի նախագահին այս ճարպիկ քայլը, կամ աւելի ճիշդը` smart move-ը:

Քանի մը դրդապատճառներ, ազդակներ եւ ստեղծուած իրավիճակներ կրնան պատճառ հանդիսանալ, որպէսզի Սարգսեան դիմած ըլլայ արձանագրութիւնները յետս կոչելու այս քայլին:

Առաջին հերթին, պարզ ակնարկ մը նետելով հոկտեմբեր 2009-ին ստորագրուած այս «փրոթոգոլ»-ին, պէտք է նշել, թէ աւելի քան հինգ տարիէ ի վեր ոչ մէկ շօշափելի արդիւնք արձանագրուած էր եւ այդ օրերուն էջեր մրոտած «ճամբու քարտէս»-ը մշուշապատ եւ նոյնիսկ անգտանելի արահետի կամ անել ճամբու վերածուած էր: Այս կարճ պատմականը, եւ յատկապէս դիմացի կողմի` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետեւողական անտարբերութիւնն ու կրաւորական կեցուածքը նկատի ունենալով, Սարգսեան դիմեց այդ որոշումին, քաջատեղեակ ըլլալով, որ արդէն իսկ քաղաքական բնագաւառէն ներս գործող կազմակերպութիւններու մեծ թիւ մը միշտ ալ դէմ եղած էր նմանօրինակ «փշոտ ճամբու քարտէս»-ի մը պատրաստութեան:

Աւելի՛ն. Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին Անգարայի կողմէ ձեռնարկուած Կալիփոլիի ճակատամարտի հարիւրամեակի նշումը այդ միեւնոյն օրուան` ապրիլ 24-ին, շատ աւելի հրահրած էր Սարգսեանը, որպէսզի դիմէ այդ միջոցին:

Հոս տեղին է… գէթ առանց փակագծի, նշելու, թէ Ցիւրիխի մէջ արձանագրուած այդ «փրոթոգոլ»-ային արձանագրութիւններուն առաջին օրերուն իսկ, յանձին այդ օրերու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլուի (այժմ վարչապետ) «ճամբու քարտէս»-ին ուղղութիւնն ու ընթացքը փոխադրած էին Արեւմտահայաստանէն շատ աւելի հեռու եւ բոլորովին տարբեր ուղղութեամբ: Այսպէս, Արցախի հարցը բազմիցս եւ դիտմամբ գործածուած էր Անգարայի կողմէ, յօգուտ Ազրպէյճանի: Նոյնիսկ անամօթաբար արցախեան հողային զիջումներ պահանջուած էին… փոխան համաձայնագրին կանաչ լոյս տալու:

Այլ գործօն մըն ալ կարելի է նշել` նախագահ Սարգսեանի առած որոշումին առնչութեամբ… այդ ալ դժբախտաբար, ներկայ հայրենի քաղաքական բեմահարթակն է:

Արձանագրութիւնները յետս կոչելու որոշումէն հազիւ քանի մը օր առաջ Սարգսեան յայտարարած էր, այլ յատուկ հրամանագրով մը, որ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան ազատ կացուցուած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամակցութեան: Որոշում մը, որուն դժգոհութեան արձագանգները ոչ  միայն հասած էին նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին, այլ նաեւ` Ռոպերթ Քոչարեանի:

Հուսկ, Սարգսեանի այս smart move-ին դիմաց, ի՞նչ կրնայ պատահիլ, եթէ անակնկալօրէն Անգարան, պահելով հանդերձ իր կրաւորական կեցուածքն ու կառչած մնալով Կալիփոլիի հարիւրամեակի նշման աւելորդաբանութեան, յանկարծ փոխէ «նաւուն ուղղութիւն»-ը եւ խորհրդարանի ճամբով վերստին գործի լծէ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն գործընթացը…

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»ի `Փետրուար Բ./2015. Հայկական Փետրուարը

Յաջորդը

«Քաղաքական Ուժերը Հաշտուեցին. Կը Գտնուի՞ Արդեօք Քաղաքական Բովանդակութիւնը» Լիլիթ Գալստեան

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.