Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»ի `Փետրուար Բ./2015. Հայկական Փետրուարը

February 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

22315_VartanMamigonianՓետրուարին կը զուգադիպի մեր ժողովուրդին մարտունակութիւնն ու անարդարութեան դէմ ծառանալու խոյանքը խորհրդանշող քանի մը թուական` Վարդանանց պատերազմ, Փետրուարեան ապստամբութիւն, արցախեան գոյամարտ: Բոլորն ալ ազգային մեր ինքնութեան, մերարժէքներու պահպանման, ինքնորոշման իրաւունքի նուաճման, սեփական ճակատագրի տնօրինման ձգտող պատգամներ կը պարունակեն:

Եթէ Աւարայրի ճակատամարտը, թէկուզ` զինուորական գետնի վրայ արձանագրուած պարտութեամբ, ապացուցեց, որ հայ ժողովուրդը իր հոգեւոր արժէքներուն ու մշակոյթին համար մարտնչող եւ ազգային արժանապատուութիւն ունեցող ժողովուրդ է, ապա Փետրուարեան ապստամբութեամբ անկախ հայրենիքն ու ազատ պետականութիւնը հազիւ նուաճած, բայց այս անգամ խորհրդային գերութեան մատնուած մեր ժողովուրդը, իր հերոսական զաւակներու վճռական ծառացումով, ապստամբեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտադրուած խորհրդային իշխանութեան եւ, մանաւա՛նդ, համայնավար Յեղկոմի վարած բռնակալական քաղաքականութեան դէմ ու հաստատեց, որ ինք անարդարութիւնը լռելեան կրող, ստրկամիտ ժողովուրդ չէ, այլ հերոսածին ժողովուրդ է, ու թէեւ ապստամբութեան օրերուն եւս չյաջողեցաւ ձերբազատիլ խորհրդային կապանքներէն, սակայն տարիներու թաւալումին հետ ներքնապէս զօրացաւ եւ երբ հասաւ պատմական պահը, արծիւի պէս սլացաւ ու սեփական իր ուժով նուաճեց ազատ ապրելու իրաւունքն ու ազատագրեց Արցախը: Արցախի յաղթական ազատամարտով մեր ժողովուրդը այս անգամ յաջողեցաւ նուաճել իր իրաւունքն ու ետ մղել թշմանին:

Վարդան Մամիկոնեաններու ոգին վերազարթնեցաւ կրպէեաններու, մեղրեաններու մէջ`վկայելու, որ հայ ժողովուրդը ոչ թէ սոսկ բարոյական յաղթանակներ կը նուաճէ, այլեւ գետնի վրայ նուաճումներ կ՛արձանագրէ, հայրենիք կ՛ազատագրէ` պայքարելով նոյնիսկ զինք թիւով գերակշռող ուժի դէմ:

Հայկական կողմի ինքնապաշտպանական ու ազատագրական մարտնչումներուն զուգահեռ ընթացան քաղաքական դիւանագիտական աշխատանքները, որոնց շնորհիւ եւս ձեռքբերումներ ունեցանք:

Աշխարհագրական իր դիրքով մեր երկիրը կը գտնուի ծաւալապաշտ ու յարձակողապաշտ երկիրներու մերձաւորութեան: Երկիրներ, որոնք գրաւած ըլլալով մէկտեղ պատմական մեր հայրենիքի տարածքին մէկ մասը, կը շարունակեն շրջափակման մէջ պահել Հայաստանը, հրադադարի խախտումներ, ոտնձգութիւններ կատարելով կը փորձեն հատել Արցախի հայկական սահմանը, իւրաքանչիւր անգամ ստանալով հայկական կողմին համարժէք պատասխանը:

Եթէ իբրեւ ազգ դարեր շարունակ չունենալով ազատ ու անկախ հայրենիք` յաջողած ենք պահպանել մեր ինքնութիւնն ու ազգային արժէքները, ապա այսօր ունինք Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի անկախ, հզօր հանրապետութիւններ, հետեւաբար ոստում մը կատարած ենք արդէն մեր իրաւունքներու նուաճման փշոտ ճանապարհին մէջ:

Մեր յաղթանակները սակայն առաւել կ՛ամրագրուին, երբ հզօր է նաեւ մեր ժողովուրդը եւ ինքնապաշտպանութեան կարողութիւններով, ազգասիրութեամբ ու մարտունակութեամբ օժտուած ըլլալուն կողքին, կ՛ապրի լաւ կենսամակարդակով, արդար հասարակարգի մէջ, տնտեսապէս կայուն է ու ինքնաբաւ ու մանաւանդ իր ճակատագիրը կը կապէ հայրենիքին եւ ոչ թէ օտարութեան:

Ազգային մեր տօներուն խորհուրդները գործնական ծրագիրներու վերածուելով կ՛արժեւորուին` յանուն հայրենիքի հզօրացման ու կարողականութեան աճումին ուղղուած մեր հաւաքական ճիգի կրկնապատկման, յանուն մեր ժողովուրդի բարեկեցութեան, մեր ազգային իղձերու իրականացման եւ արդար իրաւունքներու նուաճման:

Զ.Պ.

Նախորդը

Հայոց Մարտիկներ

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ճարպիկ Քայլ…

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.