Ինտոնեզիոյ փոխվարչապետի բանբեր Եուսեֆ Քալա յայտարարեց, որ թմրեցուցիչի վաճառքով ամբաստանուած երկու աւստրալիացիներու մահապատիժի գործադրութիւնը թեքնիք պատճառներով յետաձգուած է երեք շաբաթէն մէկ ամիսով: Ան պատճառը չէ նշած:
Հաւանաբար դահիճը իր արհեստի վերջին նորաձեւութեան ծանօթանալու համար ձեռնարկած է Իրաք, Սուրիա եւ Լիպիա շրջապտոյտի մը, թռչնակրիփէ վարակուած է, կամ ալ պարզապէս կորսնցուցած Թիմուրլենկէն ժառանգած կացինը: Յամենայն դէպս, ճշմարիտ է այն արաբերէն ասացուածքը, թէ խմբակի մը փորձանքը, մէկ այլ խմբակի մը համար բարիք է, թէեւ այս պարագային` ժամանակաւոր:
ԼԱԽՏ