Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւան

Փետրուար 24, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

22415_7-3Ես տարիներ առաջ որոշած էի, որ այլեւս Ցեղասպանութեան մասին գիրք պիտի չկարդամ, մասնաւորաբար եթէ գիրքին մէջ կան նկարագրութիւններ դժոխային տեսարաններու, վայրագութիւններու, չարչարանքներու… որովհետեւ օրեր շարունակ այդ նկարագրութիւններու ազդեցութեան տակ կը մնայի, կ՛անհանգստանայի, եւ ատիկա առողջութեանս վրայ կ՛ազդէր:

Սակայն պատահեցաւ, որ Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի մթնոլորտին մէջ երկու գիրք ստացայ որպէս նուէր եւ անոնց հեղինակներուն անծանօթ ըլլալով, փորձեցի շօշափել անոնց ինչ-ինչոցը` քանի մը էջ թերթատելով: Եւ պատահեցաւ անխուսափելին. քանի մը էջը բազմապատկուեցաւ ու կլանուած` խորասուզուեցայ անոնց երկուքին մէջ միատեղ:

Ցարդ ինծի անծանօթ հեղինակներ էին երկուքն ալ. առաջինը ֆրանսացի մըն է, Ժերար Սինուէ, եւ գիրքը կը կոչուի «Երեւան», իսկ երկրորդը օտարագիր ռումանահայ մը`  Վարուժան Ոսկանեան, եւ գիրքը կը կոչուի «Շշուկների մատեան»:

«Երեւան»ը գրուած էր ֆրանսերէնով եւ հայերէնի թարգմանուած էր Զարմիկ Սարգսեանին կողմէ, մինչ «Շշուկների մատեան»-ը գրուած էր ռումաներէնով եւ հայերէնի թարգմանուած էր Սարգիս Սելեանին կողմէ:

Առաջին գիրքին պատմութիւնը Էրզրումի հայոց տեղահանութեան ու չարչարալից նահատակութեան մասին է, սակայն կեդրոնական դէմքերը Թոմասեան ընտանիքի անդամներն են, անոնց ողբերգութիւնը եւ, անշուշտ, շրջանի դրական ու բացասական տիպարները` իրենց իսկական անուններով:

Գիրքի սկիզբը, յառաջաբանէն ալ առաջ, հեղինակը կը գրէ. «Այս պատմութիւնը յօրինուած չէ: Յիշատակուած դէպքերը մեծ մասամբ իրական են: Քաղաքական, դիւանագիտական եւ զինուորական անձինք իսկապէս գոյութիւն են ունեցել»:

Ուղղակի ապշած էի ֆրանսացի հանրածանօթ, բազմաթիւ գրական մրցանակներու տիրացած հեղինակի մը կողմէ  Մեծ եղեռնի մասին այնքան հարազատ նկարագրութիւններով եւ վաւերական դէպքերով եւ դէմքերով հարուստ այս գիրքը կարդալով: Պանք Օթոմանի գրաւումի դէպքէն մինչեւ Սողոմոն Թեհլիրեանի վրիժառութեան պատմութիւնը, ամբողջ քառորդ դար պարփակող շրջանի մը դիպաշարը` այնքան հարազատօրէն ներկայացուած, որ մարդ կը կասկածի գրողին հայ չըլլալուն: Մենք համարեա՛ ութսուն տարիէ ի վեր Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան 40 օրերը» նկատած ենք իւրօրինակ, նոյնիսկ անգերազանցելի, սակայն «Երեւան»-ի ընթերցումը ուրիշ բան փաստեց:

Ժերար Սինուէ հանրաճանաչ  է նաեւ որպէս վարպետ կիթառահար եւ ժապաւէններու բեմագիր եւ երեւի այդ է պատճառը, որ գիրքը կարծես ժապաւէնի վերածուելու համար գրուած է` իր այնքան յստակ տեղաշարժերով եւ կենդանի երկխօսութիւններով: Թելադրելի է, որ տարածուի եւ կարդացուի:

Երկրորդ Գիրքը, թէեւ  յուշերէ եւ յիշատակներէ քաղուած անցուդարձերու վերյառնում մըն է, սակայն դարձեալ նիւթը Մեծ եղեռնն է: Անոր մասին ալ` յաջորդիւ:

 

 

 

Նախորդը

Գրախօսական. Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը. Հեղինակ` Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան

Յաջորդը

Ո՛վ Կը Յիշէ Կամ Կը Կարդայ Զարեհ Որբունին…

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?