ԴՈԿՏ. ԱՐԻ ԹՕՓՈՒԶԽԱՆԵԱՆ
Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի գործադիր տնօրէն, բազմավաստակ հովիւ, համալսարաններու դասախօս, յօդուածագիր ու հեղինակ, վեր. Վահան Թութիկեանի լոյս ընծայած 37-րդ հատորը` Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդը (The Armenian Evangelical World Council) խորագիրով, նուիրուած է 1978-ին հիմնուած սոյն խորհուրդին, որուն գործադիր-տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ ներկայիս, որոշ ժամանակ մը անոր նախագահը ըլլալէ ետք: Շուրջ 400 էջեր պարունակող այս պատկերազարդ գիրքը բաղկացած է երկու հաւասար մասերէ` անգլերէն ու հայերէն, եւ ունի 33 գլուխ` իւրաքանչիւրին սեփական ծանօթագրութեամբ:
Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի տարուան առաջին օրերուն լոյս տեսած սոյն աշխատասիրութիւնը կը ներկայացնէ խորհուրդին գոյապատճառն ու գործունէութիւնները` վերջին չորս տասնամեակներու ընթացքին: Անոր հիմնադրութեան նպատակը եղած է մէկտեղել աշխարհացրիւ հայ աւետարանականները, զօրացնելու համար անոնց յանձնառութիւնը` Աստուծոյ թագաւորութեան տարածման էական պարտականութեան մէջ: Մասնաւորաբար կարիքը զգացուած է համագործակցութիւն ստեղծելու հետեւեալ ինքնանկախ եկեղեցական, աւետարանչական ու բարեսիրական հինգ կազմակերպութիւններու միջեւ. Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն, Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական միութիւն, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, եւ Ստեփան Փիլիպոսեան հիմնարկ:
Լիբանանի, Սուրիոյ, Յունաստանի, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ գումարուած ժողովներու ընթացքին ոչ միայն կրօնական բնոյթ կրող նիւթեր արծարծուած են, այլ որոշումներ տրուած են համազգային հարցերու վերաբերեալ. դատապարտութիւն Սումկայիթի հայկական ջարդերու պատասխանատուներուն, զօրակցութիւն Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան, տեւական նպաստ 1988-ի աւերիչ երկրաշարժի աղետեալներուն, օժանդակութիւն մայր հայրենիքի վերաշինութեան, արտագաղթի դադրեցում, կապերու սերտացում հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ, հզօրացում Հայաստանի Հանրապետութեան` քաղաքական, տնտեսական, ընկերային ու հոգեւոր մարզերուն մէջ:
Հայրենիքի հոգեւոր վերելքին սատարելու համար խորհուրդը 1994-ին նշանակեց տեւական հովիւ-առաջնորդ մը, որուն գործունէութիւնը հետագային ընդարձակուեցաւ դէպի Արցախ, Վրաստան եւ Եւրասիա: 1996-ին համաշխարհային տարողութեամբ տօնուեցաւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հիմնարկութեան 150-ամեակը` նախ Փարիզ, յետոյ Պոլիս ու Երեւան, ուր հանդիսութիւնը միջեկեղեցական դարձաւ` շնորհիւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայութեան եւ սրտաբուխ պատգամին:
1997-ին Երեւանի մէջ հիմնուեցաւ Հայ աւետարանական աստուածաբանական Ճեմարան մը: Երկու տարի ետք խորհուրդը մասնակցեցաւ Հայաստան-սփիւռք Ա. խորհրդաժողովին, իսկ 2001-ին` Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան իբրեւ պետական կրօն հռչակման 1700-ամեակի պաշտօնական տօնակատարութեան: 2002-ին խորհուրդին միացան Հայաստանի ու Եւրասիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցիները: 2003-ին կազմակերպուեցաւ Հայ աւետարանական հովիւներու Ա. Համաշխարհային համագումարը` Ֆրանսայի մէջ, հրատարակուեցաւ երկար ատենէ ի վեր սպասուած «Հովուական ձեռագիրք»-ը, ինչպէս նաեւ` արդի արեւելահայերէն Նոր Կտակարանը:
2006-ին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Համահայկական աւետարանական համագումար մը, եւ տօնուեցաւ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 160-ամեակը: 2011-ին խորհուրդը դարձեալ մասնակցեցաւ Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովին եւ Հայաստանի Բ. Հանրապետութեան 20-ամեակի հանդիսութեանց: Նմանապէս 2011-ին ունեցաւ իր ներդրումը Հայաստան-սփիւռք Ե. խորհրդաժողովին:
Խորհուրդը «կը ջատագովէ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ խղճի ազատութեան հիմնական սկզբունքը»: Սակայն «կը հաւատայ, թէ կեդրոնաձիգ եկեղեցավարական դրութեան մը բացակայութիւնը կրնայ փորձութիւն դառնալ եկեղեցական միութեան մը թերացումին` առնուած որոշումները կիրարկելու իր պարտականութիւններուն մէջ»: Ուստի կը հրաւիրէ իր բաղկացուցիչ եկեղեցական միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, որ` «իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնեն իրենց նմանութիւններուն վրայ», նաեւ` «վերահասու ըլլան այն իրողութեան, թէ` քանի որ Քրիստոսի մարմինին անդամներ են, փոխադարձաբար իրարմէ կախեալ են»:
Կը շնորհաւորենք խորհուրդին անխոնջ եւ ժրաջան գործադիր տնօրէնը` սոյն համապարփակ գիրքին համար, զոր կը յանձնարարենք ընթերցող հասարակութեան: Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայ վիճակով եւ ապագայ մարտահրաւէրներով հետաքրքրուող անձեր այս գիրքէն օրինակներ ունենալու համար կրնան դիմել հետեւեալ հասցէին. Armenian Heritage Committee, 3922 Yorba Linda Blvd., Royal Oak, MI 48073, USA.
Լիոն, Ֆրանսա