Հարցազրոյցը վարեց` Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Մայրենի լեզուն ընդհանրապէս հիմքն է ազգի մը գոյութեան ու գոյատեւման, անիկա կարեւոր է ինքնութեան պահպանման համար, անոր կենդանի մնալով է, որ ազգ մը կը շարունակէ իր գոյերթը: Հայերէն լեզուն, մեր պարագային արեւմտահայերէնը, շատ կարեւոր է իրենց հայրենի հողէն դուրս ապրող, պայքարող ու գոյատեւող սփիւռքահայերուն համար, որովհետեւ անիկա հայը իբրեւ հայ պահող հիմնական կռուանն ու երաշխիքն է: Ուստի, պէտք է արեւմտահայերէնը աւելի մատչելի դարձնել երիտասարդին առօրեային, անոր տալ արդիականութեան հետ քայլ պահելու կարողականութիւնը, գրաւչութիւն, որպէսզի լեզուն չմեռնի, որպէսզի բազում մարտահրաւէրներ շրջանցած ազգը շարունակէ իր երթը: Այս բոլորը սակայն ինքնըստինքեան չեն կատարուիր, այլ կը կարօտին հաւաքական ճիգի, Հայաստանի եւ սփիւռքի ղեկավար մարմիններուն կողմէ գործնական նախաձեռնութեան եւ ջանքերու:
Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան առիթով «Ազդակ»-ի երդիքին տակ կայացած զրոյցին ընթացքին վերոյիշեալ միտքերն ու գաղափարները արտայայտեցին երիտասարդներ Խաչիկ Խաչերեանը, Քրիստափոր Միքայէլեանը եւ Հրայր Եսայեանը:
Ստորեւ` հարցազրոյց-քննարկումը:
«ԱԶԴԱԿ».- Իբրեւ հայ երիտասարդներ` ինչո՞ւ կարեւոր կը նկատէք, որ հայ անհատը իր լեզուն պահպանէ. ո՛չ միայն իբրեւ լեզու խօսինք հայերէն, այլ` իբրեւ մարդ, որ իր ինքնութեան կը կառչի իր լեզուով:

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ.- Ասիկա գաղափարախօսական հիմքեր ունի. թերեւս հարցումը պէտք է դրուի այնպէս, որ ինչո՞ւ կարեւոր է, որ ազգերը իբրեւ ազգ պահպանուին իբրեւ ինքնուրոյն գոյակ, ինչո՞ւ ամբողջ մարդկութիւնը միատեսակ պէտք չէ ըլլայ: Իբրեւ մարդ անհատ` ես անձնապէս կը հաւատամ ազգային գաղափարախօսութեան, այսինքն կը հաւատամ, որ ազգերու գոյութիւնը կը ծառայէ մարդկութեան, անոր հարստացման, անշուշտ` ոչ նիւթական: Այս իմաստով, որովհետեւ կը հաւատամ, որ ազգը արժէք է մարդկութեան, նաեւ կը հաւատամ, որ լեզուն պահպանելու հիմնական տարրերէն մէկն է, ուրեմն եթէ կարեւոր է ազգի պահպանումը, ինքնաբերաբար կարեւոր է մայրենի լեզուի պահպանումը: Խորքին մէջ լեզուն ոչ թէ գործօններէն մէկն է ազգի պահպանման, այլ հիմնական ու ամէնէն կարեւոր գործօնն է ազգ հասկացողութեան կազմաւորման, որովհետեւ առանց ուրոյն լեզուի` դժուար է հասկնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ազգը:
Լեզուն ո՛չ միայն հաղորդակցութեան միջոց է տուեալ հաւաքականութեան համար, այլ նաեւ` մտածելու ձեւ, լեզուամտածողութիւն բառը հոնկէ ծնունդ առած է, ուրոյն լեզուով հաղորդակցելով` կը սորվինք նաեւ ուրոյն ձեւով մտածել, եւ այդ մտածողութիւնը անձնական է, նաեւ ամբողջ հաւաքականութիւն մը կը բաժնեկցի անիկա: Ազգը ինքնին պատմամշակութային հասկացողութիւն է, իսկ եթէ լեզուն մշակոյթին հիմքն է, հոնկէ կարելի է պատկերացում ունենալ, թէ որքա՛ն կարեւոր եւ կենսական է լեզուի պահպանումը, բոլորը խորքին մէջ իրարու ագուցուած են:

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ.– Ոեւէ ժողովուրդ ազգի վերածելու համար տարբեր նախապայմաններու կարիք կայ, անոնցմէ մէկը լեզուն է, միւսը` ազատ հողային տարածք, երրորդ` տեսլական: Եթէ հարցին մօտենանք պատմափիլիսոփայական կերպով, 405-406 թուականին Հայաստանը արդէն երկուքի բաժնուած էր` պարսիկներուն եւ բիւզանդացիներուն միջեւ, այսինքն իր հողային տարածքը կորսնցուցած էր, իսկ Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ եւ ընդհանրապէս Թարգմանչաց սերունդը, որպէսզի կարենան ազգը պահպանել, գիրերու գիւտը կատարեցին, որպէսզի անով միասնականութիւն մը հաստատուի երկու Հայաստաններուն միջեւ, եւ այդպիսով հայ ազգը պահպանուի: Պատմական փորձառութիւնը մեզի ցոյց տուած է, որ լեզուն ամէնէն կենսական յենարանն է ազգ մը ազգ պահելու:
ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ.- Աւելցնեմ, որ ազգ մը առանց իր մշակութային գործօններուն, որոնց կարգին գլխաւորը տեղը կը գրաւէ լեզուն, պարզապէս ցեղ կը դառնայ, առանց մշակոյթի ու ազգային արժէքներու, ինքնուրոյնութիւնը կը կորսնցնէ: Առանց լեզուի` ազգի տարրերը կրնան բաժնուիլ, տարբաղադրուիլ, քիչ առաջ յիշուեցաւ, որ լեզուն ինչպէս միաւորման եւ համախմբման դեր կը խաղայ:
«ԱԶԴԱԿ».- Մենք խօսեցանք ընդհանուր ազգերու եւ մայրենի լեզուի կարեւորութեան մասին. հիմա անդրադառնանք մեզի` իբրեւ արեւմտահայեր, մանաւանդ որ մենք կ՛ապրինք մեր հայրենի հողէն դուրս եւ տարիներ շարունակ ստիպուած եղած ենք օտար հողին վրայ ապրելով` պահպանել մեր լեզուն: Արդեօք ի՞նչ արժէք ունի մայրենի լեզուն ազգի մը համար, որ իր հողերէն բռնի հեռացուած է, սակայն կրցած է 100 տարի գոյատեւել, ինչպէս քիչ առաջ ըսուեցաւ, շատ հաւանաբար, որովհետեւ պահպանած է լեզուն: Սփիւռքի գոյատեւման երթը չենք գիտեր` ո՛ւր կրնայ հասնիլ, սակայն մայրենի լեզուն գիտնալը, պահպանելը որքա՞ն կարեւոր է, մանաւանդ որ նորօրեայ մեր կեանքին մէջ նկատելի են մեր մայրենի լեզուի նկատմամբ յարգանքի պակաս, անոր գործածութենէ ամչնալու երեւոյթ, օտարախօսութեան տարածում:
Խ. Խ.- Մեր պարագային, իբրեւ սփիւռքահայերու, կրկնակի նշանակութիւն ունի լեզուի պահպանումը, որովհետեւ մեզի կը պակսին այն գործօնները, որոնք կրնան օժանդակել մեր ինքնութիւնը օտար հողերու վրայ պահելու: Քիչ առաջ ըսուեցաւ, որ քանի մը գործօններ կան ազգ հասկացողութեան մէջ. կարելի է անոնց վրայ աւելցնել բանակն ու կրօնը եւս: Սփիւռքահայերը հողի գործօնը չունին, տեսլականը շատ պղտոր է այսօր, մանաւանդ իբրեւ ազգ միացեալ տեսլականը շատ վերացական է, ուստի ատոր ալ կարելի չէ կառչած մնալ. կրօնի պարագային նկատելի է, որ երիտասարդութիւնը բաւական հեռացած է եկեղեցիէն, նաեւ կայ այն, որ այսօր կը խօսուի շուրջ մէկ միլիոն իսլամացած հայերու մասին, ուստի կրօնն ալ այդքան հաստատուն յենարան չէ: Կը մնայ լեզուն, որուն պէտք է կառչինք ամէն գնով եւ ամենայն զօրութեամբ` մեր ինքնութիւնը պահպանելու համար:
Ձեր հարցումին մէջ անդրադարձաք այն անձերուն, որոնք հայերէնը չեն գործածեր, երբեմն կ’ամչնան զայն օգտագործելէ եւ այլն: Ասիկա իրականութիւն է, բայց նաեւ ունի իր տրամաբանական պատճառները: Մենք ընդհանրապէս կը սիրենք ուղղակի քննադատել անոնք, որոնք կ’ամչնան լեզուն գործածելու, կը դատապարտենք նմանները եւ զանոնք կ’որակենք ապազգայիններ եւ այլն: Սակայն կացութիւնը այդքան ալ պարզ չէ, պէտք է հասկնալ, որ այդ մարդիկը ինչո՞ւ չեն գործածեր իրենց լեզուն, պէտք է սերտել պատճառները, որոնց մէջ հիմնական է այն, որ հայերէն լեզուն մինչեւ հիմա թեքնիք իմաստով պատշաճեցումներու չէ ենթարկուած, կենսունակ լեզու ըլլալու յատկութենէն զուրկ է մերը. կը տեսնենք այլ լեզուներ, թէ ինչպէ՛ս կը թարմանան, կենսունակ կը դառնան, անոնց բառամթերքը կ’աւելնայ, քերականական, շարահիւսական նորութիւններ կը բերուին եւ այլն: Լեզուն կարծրատիպ մը չէ, որ կը մնայ այնպէս, ինչպէս եղած է երկար ժամանակ առաջ, իսկ հայոց լեզուն այս իմաստով այլ լեզուներէ քիչ մը ետ մնացած է: Երբ լեզուն պատշաճ չէ տուեալ ժամանակաշրջանին, գործածողը անպայման դժուարութիւններու պիտի հանդիպի: Իսկ երկրորդ պատճառը, որ հիմնականն է, Հայաստանի եւ սփիւռքի մեր ղեկավարութիւնը բաւական աշխատանք չէ տարած մեր լեզուն նոր սերունդին, երիտասարդութեան գրաւիչ դարձնելու համար: Այսօր, երբ կը նկատենք, թէ կայ երիտասարդութեան խաւ մը, որ անգլերէն կը խօսի, պէտք է հարց տանք մենք մեզի, թէ ինչո՞ւ այդպէս է: Այսօր երբ երիտասարդներ համալսարան մտնելէ առաջ իսկ կը սկսին անգլերէն խօսիլ, որովհետեւ լեզուն գրաւիչ կը գտնեն, իրենց հերոսները, իտէալները, մարզիկները, դերասանները այդ լեզուով կ’արտայայտուին, այդ պատճառով ալ անգլերէնը գրաւիչ կը թուի ըլլալ, ուստի իրենք ալ կ’ուզեն նմանիլ իրենց իտէալներուն: Նկատի ունենալով, որ հայերէնը կապ չունի այս բոլորին հետ, երիտասարդները կը դիմեն միւսին: Հոս է հարցը, որ հայերէնը գրաւիչ դարձնելու ճիգ չկայ մեր մտաւորականութեան, ազգային իշխանութիւններուն կողմէ: Այս բոլորը պատճառ կը դառնան լեզուին չգործածուելուն: Այս իմաստով կարելի է աշխատանք տանիլ, որովհետեւ տարբեր կարելիութիւններ կան, սակայն նախաձեռնութիւնն ու ճիգը կը բացակային: Լեզուն գրաւիչ եւ քաշողական ընելու իմաստով եթէ աշխատանք տարուի, արդէն իսկ այս հարցը լուծման ուղին կը գտնէ:

Հ. Ե.- Կարծեմ կան ներքին եւ արտաքին պատճառներ. խօսուեցաւ ներքիններուն մասին,կան նաեւ արտաքինները, որոնք բազմազան են: Համաշխարհայնացումը հիմնական մարտահրաւէրն է, որուն դէմ յանդիման ենք ոչ միայն մենք, այլ տարբեր ազգեր, օրինակ` արաբական աշխարհը, ուր կայ կէս միլիառ հաշուող ժողովուրդ, անոնք եւս պայքարի մէջ են, թէ ի՛նչ լեզու պիտի գործածեն: Մենք շատ աննշան թիւ կը ներկայացնենք անոնց հետ բաղդատած, նաեւ սփիւռքի մէջ, իբրեւ արեւմտահայեր, չունինք պետութիւն լեզուն պաշտպանող, ուստի լեզուն կորսնցնելու վտանգը կրկնակի կը դառնայ:
Հայաստանի պետութիւնը այս իմաստով պէտք է յաւելեալ պարտաւորութիւն զգայ, որովհետեւ ինքն է պաշտօնական պաշտպանը հայութեան եւ անոր արժէքներուն: Այսօր կայ սփիւռքի նախարարութիւն, որուն հիմնական առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ արեւմտահայերէնի պահպանման իմաստով աշխատանք տանիլ: Այսօր կ’ապրինք դար մը, երբ ընտրանքները եւ կարելիութիւնները բազմազան են, Հայաստանի պատկերասփիւռի կայանները կրնան արեւմտահայերէնով ժապաւէններ պատրաստել, թերթեր հրապարակել արեւմտահայերէնով, յատուկ ծրագիրներ պատրաստել:
Խ. Խ.- Մեր ակնկալութիւնները պիտի պատշաճեցնենք մեր ուժերուն եւ կարելիութիւններուն: Թերեւս տակաւին իրատեսական չէ Հայաստանի պետութենէն ակնկալել, որ արեւմտահայերէնի կրթական ամբողջական ծրագիրի մը պատրաստութեան նախաձեռնէ` նոր ոճերով, ժամանակակից ձեւերով եւ այլն: Սակայն կրնան փոքր նախաձեռնութիւններ կատարուիլ, ինչ որ այսօր չկայ: Արդէն ուշացած ենք, սակայն լաւ է ուշ` քան երբեք, այլեւս բանի մը սկսիլը աւելի քան անհրաժեշտ է, որպէսզի նահանջը կարելի ըլլայ կասեցնել: Սփիւռքի եւ կրթութեան նախարարութիւններուն գործակցութենէն արդեօք չի՞ կրնար ծնիլ համեստ կրթական ծրագիր մը, որ պիտի սատարէ արեւմտահայերէնի պահպանման: Կը կարծեմ, թէ կարելի է, սակայն նախաձեռնութիւն չկայ ընդհանրապէս:
Տակաւին կայ լեզուի երկու ճիւղաւորումներու պարագան. պէտք է մտածել այս իմաստով եւս, որովհետեւ կը թուի, թէ չունինք բաւարար կարողականութիւնը այս երկուքը իրենց իւրայատկութիւններով պահպանելու: Թէեւ երկուքն ալ հարստութիւն են, սակայն իբրեւ ազգ` աւելի լաւ պիտի ըլլայ ունենալ մէկ լեզու, մէկ ուղղագրութիւն որդեգրենք:
Հ. Ե.- Քրտական ինքնավար շրջաններուն մէջ հայերէնը պետական լեզու հռչակուեցաւ. սփիւռքեան պաշտօնական ոչ մէկ կառոյց նախաձեռնեց հայաբնակ, սակայն ոչ հայախօս շրջաններուն մէջ ապրողներուն արեւմտահայերէնի դասընթացք տալ: Նախաձեռնութիւնը եկաւ Հայաստանէն, ուստի արեւելահայերէն պիտի դասաւանդուի անոնց: Տէրսիմի մէջ, որ Արեւմտահայաստանի կեդրոնը կը գտնուի, արեւելահայերէն եւ աբեղեանական ուղղագրութիւն կը դասաւանդուի:
Ք. Մ.- Հարցին պիտի մօտենամ այլ դիտանկիւնէ: Շուրջ տարի մը առաջ ՄԱԿ-ը արեւմտահայերէնը դասեց մեռեալ լեզուներու կարգին: Սկիզբը հաւանաբար քմծիծաղով մօտեցանք այս ահազանգին, որովհետեւ մեծաթիւ սփիւռքահայեր կան, անոնք կը գործածեն լեզուն, ուստի անիկա չի կրնար մեռնիլ: Սակայն կայ ուրիշ իրականութիւն մը, որ լեզու մը երկար տարիներ կրնայ ապրիլ, եթէ իրմով գրականութիւն եւ գիտութիւն զարգանայ: Արեւմտահայերէնի պարագային կիսատ պռատ գրականութիւն կը զարգանայ, իսկ գիտութեան հետ ընդհանրապէս աղերս չունինք: Լեզուի նահանջին առաջին պատճառը այս է: Երկրորդ` արեւմտահայերէն քերականութիւն, ուղղագրութիւն ուսուցանող, անոնց պահպանման առաքելութիւնը ստանձնող հաստատութիւն-հիմնարկի մը բացակայութիւնն է. նման կառոյց մը կրնայ հաստատուիլ Հայաստանի մէջ կամ սփիւռքի, անիկա իր երդիքին տակ պէտք է համախմբէ արեւմտահայերէնի մասնագէտներ, որոնք պիտի զբաղին գիրքերով, նորարարութիւններով, լեզուն նոր պարունակով ներկայացնելով: Այսօր կան գիրքեր, որոնք տասնեակ տարիներէ ի վեր փոփոխութեան չեն ենթարկուած, սակայն կը դասաւանդուին, անոնք թէ՛ իբրեւ բովանդակութիւն եւ թէ՛ իբրեւ տեսք դադրած են այսօրուան պայմաններուն եւ մտածողութեան գոհացում տալէ: Հոն աշակերտը զինք հետաքրքրող եւ իրեն հաճելի թուացող բաներ չի գտներ: Արեւմտահայերէնը իբրեւ քերականութիւն` շատ ժամանակ առաջ զարգացած է վերջին անգամ, անկէ ետք հիմնական փոփոխութիւն չէ կրած: Կը կարծեմ, թէ արեւմտահայերէնի մասնագիտական կառոյցի մը գոյութիւնը շատ բան կրնայ փոխել, լեզուն ընկալելու եւ սորվելու միօրինակութիւն ստեղծել, նոր դասագիրքեր հրատարակել եւ այլն: Եթէ շարունակենք այնպէս, ինչպէս որ է կացութիւնը այսօր, արեւմտահայերէնի գործածութեան մէջ եւս տարբերակներ դնելով, այն ատեն լեզուի նահանջը աւելի արագ պիտի կատարուի: Հայաստանի պետական լեզուն արեւելահայերէնն է, հաւանաբար այդ պատճառով ալ նման նախաձեռնութիւն մը պիտի ըլլայ սփիւռքեան ջանքերով եւ նիւթական ներդրումով: Նաեւ կարելի է Հայաստանի հայագիտական համալսարանին մէջ առանձին ամպիոն մը ըլլայ զուտ արեւմտահայերէնի յատուկ, եւ հոն դասաւանդել արեւմտահայերէնի մասնագէտներ, որպէսզի նոր սերունդը կարելի ըլլայ փրկել:
Խ. Խ.- Լիովին համաձայն եմ Քրիստափորին առաջարկին, սակայն կը կարծեմ, թէ նման կառոյցի մը ստեղծումը Հայաստանի պետութեան ուսերուն դրուած պարտքն է, որովհետեւ այլապէս դժուար է նման բան ընել սփիւռքի մէջ: Հայաստանի պետութիւնը պէտք է գիտակցի, որ ինք միայն ներկայի հանրապետութեան սահմաններուն մէջ ապրողներուն պետութիւնը չէ. ատիկա ճիշդ է թեքնիք իմաստով, սակայն ազգային իմաստով այդպէս չէ: Եթէ մեր ունեցածը ազգային իշխանութիւն է, ուրեմն պարտաւորութիւններ ունին նաեւ ազգի միւս զաւակներուն նկատմամբ, որոնք կ’ապրին Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ սահմաններէն դուրս` սփիւռքի տարածքին: Ան ինքզինք տէր պէտք է զգայ համայն հայութեան, ուստի հետաքրքրուի արեւմտահայերէնով, անոր պահպանումով: Եթէ իրատես ըլլանք, պիտի նկատենք, որ մեծաթիւ մասնագէտներ չունինք այսօր, եղածներուն գիտութենէն պէտք է օգտուինք կարելի եղածին չափ շուտ եւ շատ:
«Ա.».- Գիտենք, որ անձնական նախաձեռնութեամբ Դիմատետրի ընկերային ցանցին մէջ հաստատեցիք «Օրագիր» խումբը, որուն միացան մեծաթիւ հայ երիտասարդներ, որոնք հոն գրառումներ կատարելու համար պարտաւոր էին հայերէն գրել: Այսօր նաեւ աշխատանք կայ բջիջային հեռաձայններուն վրայ հայերէն ծրագիրներով հայերէն գրելու. խօսինք ձեր այդ փորձառութեան մասին, նաեւ անդրադառնանք այն երեւոյթին, որ արեւմտահայերէնը ինչպէ՞ս կարելի է երիտասարդին առօրեային մաս դարձնել:
Խ. Խ.- «Օրագիր»-ի հաստատումը շատ փոքր նախաձեռնութիւն ու փորձ մըն էր հայերէնի գործածութիւնը աշխուժացնելու եւ զայն ժամանակակից պահելու իմաստով, բայց այդ փորձառութիւնը եկաւ ցոյց տալու, որ մարդիկ ճիգ կ’ընեն իրենց լեզուն գործածելու, եթէ գրաւիչ դառնայ անիկա եւ այդպէս ներկայացուի երիտասարդին: Այս խումբին մէջ քանի մը օրէնք ճշդած էինք, նկար, վիտէօ կամ երգ ներբեռնել եւ անոր վերաբերող հայատառ հայերէնով կարճ նախադասութիւն մը զետեղել: Սկիզբը քանի մը հոգիով սկսանք այս աշխատանքին, սակայն մինչեւ հազարի հասաւ անդամներուն թիւը, որովհետեւ ժամանակակից, մարդոց առօրեայէն առնուած այդ նկարներուն, երգերուն եւ վիտէոներուն ճամբով հետաքրքրութիւն ստեղծուեցաւ, հայերէնով մեկնաբանութիւնները ընթացք կու տային քննարկումներու, զրոյցներու, բոլորն ալ հայատառ եւ հայերէն: Մարդիկ վկայեցին, որ իրենք նախապէս հայատառ չէին գրեր, սակայն այս խումբին մաս կազմելու համար ստեղծած են կարելիութիւնը, սորված են գրել:
Բջիջայիններուն վրայ ծրագիրներ ստեղծելը մեծ ճիգ չ’ենթադրեր, ոչ ալ մեծ նիւթական, սակայն կայ հետաքրքրութեան պակաս, բջիջայինի տարածուելէն միայն տասը տարի ետք է, որ հայերէնի ստեղծնաշար ստեղծուեցաւ, այս կը նշանակէ, որ չկար պահանջը, չկար այդ մասին մտածողը:
Հ. Ե.- Համակարգիչի, համացանցի եւ արհեստագիտութեան աշխարհին մէջ ամէն ինչ անգլերէն է, հոն գործածուած բոլոր եզրերը անգլերէնով են, ուստի փոքր տարիքէն մանուկները ատիկա կը գործածեն: Արդարեւ աւելի ճիշդ է, որ համակարգիչի վրայ հայերէն գրելու դասաւանդութիւնը սկսի դպրոցէն, մանուկներէն, որոնք բոլորն ալ այսօր իրենց տարբեր տեսակի համակարգիչները ունին, ատիկա իրենց առօրեային մաս կը կազմէ: Պէտք է անոնք սորվին հայերէն շարել, ծանօթանան ստեղնաշարին, սովորութեան վերածեն այդ մէկը: Երիտասարդներուն կողմէ հայերէն գրելը ազգային գիտակցութենէն կը ծնի, սակայն իրականութեան մէջ պէտք չէ միայն ատոր վրայ հիմնուած ըլլայ, այլ պէտք է սկսիլ առօրեայով, սովորութիւններով, դպրոցական տարիներէն, որպէսզի հայոց լեզուով հաղորդակցիլը բնազդի վերածուի:
Կարելի է նաեւ մերօրեայ արուեստագէտներու, սիրուած անձնաւորութիւններու ճամբով արեւմտահայերէնը հրամցնել նոր սերունդի զաւակներուն, մեր մշակոյթին մէջ նորարարութիւն բերել:
Խ. Խ.- Ճիշդ է, որ պայքարը հոսանքին դէմ է, որովհետեւ այսօր ամէնէն տարածուածը, գրաւիչը, գործածականը անգլերէնն է, բայց հայկական հաւաքական մակարդակի վրայ անտարբերութիւն կայ, նախաձեռնութեան բացակայութիւն կայ, ինչ որ վտանգաւոր է: Հետաքրքրական է, որ անձնական նախաձեռնութիւնները երբեմն շատ աւելի են, քան հաւաքականը:
Ճիշդ է, ասիկա նաեւ առնչուած է ազգային գիտակցութեան, սակայն կայ նաեւ միջավայրի ստեղծումը, հաւաքականութեան մը մէջ հայերէնը տիրական դարձնելը, որովհետեւ այդպիսով այդ միջավայրին միւս անդամները, որոնք անպայման ազգային գիտակցութեամբ չեն տոգորուած, այդ խումբին մաս կազմելու համար կը ջանան հայերէնով գրել ու արտայայտուիլ: Օրինակ, «Օրագիր»-ի խումբին մաս կազմող բոլոր անդամները չեն, որ ունէին ազգային բարձր գիտակցութիւն, սակայն անոնք հայատառ գրելու վարժութիւն ձեռք ձգեցին խումբին անդամներէն մէկը դառնալու նպատակով: Միշտ քարոզելով եւ խրատելով, դասեր տալով չէ, որ երիտասարդները հայերէն պիտի խօսին եւ հայերէն պիտի գրեն, այլ պէտք է միշտ մտածել այն մասին, որ ինչպէս կարելի է շուկայացնել մեր լեզուն, հասնիլ գրողներուն, մղել զայն գործածողները աւելի մօտիկ ըլլալու իրենց մայրենիին:
Արդար կ’ըլլայ յիշել, որ նկատելի է երկու նախաձեռնութիւն, որոնք կը սատարեն հայերէնի տարածման, մէկը բառարանն է, իսկ միւսն ալ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութիւնն է` «Լալան ու Արան» խորագիրով խաղերն են հայերէն լեզուով:
Նաեւ կայ այն, որ կարելի է դասական մշակոյթը եւս արդիականացնել, նորարարութիւն բերել, օրինակ տամ Այլին Խաչատուրեանի պարագան, որուն շնորհիւ բազմաթիւ երիտասարդներ ծանօթացան Կոմիտասին: Պէտք է կաղապարուած մտածողութենէն, նախապաշարումներէ դուրս գալու յանդգնութիւն ունենանք, բնականաբար, ընդունելի սահմաններուն մէջ, որպէսզի կարենանք հասնիլ նոր սերունդին եւ զայն կապել իր լեզուին ու մշակոյթին: Կարեւոր է մտածենք ձեւերու մասին` հայերէն լեզուն եւ հայկական մշակոյթը այսօրուան աշխարհին զուգորդելու:
1- Օրագիրը շատ լաւ նախաձեռնութիւն մըն էր, որ պէտք չէր կանգ առնէր։
2- Սերուժ Ուրիշեանի nayiri.com բառարաններու թուանացնելու աշխատանքը հիանալի է, ու շատ գործնական։
3- Unicode-ի ստեղծումով այսօր շատ աւելի դիւրին է հայատառ գրել։ Այսօր աւելի լաւ վիճակի մէջ ենք (font-ը չի տեսնարկորի հարցը գրեթէ լուծուած է)։
4- Բոլոր միութէնական ել-նամակի հաղորդակցութիւնները ըլլալու են հայերէն։ Ինչպէս նաեւ Whatsapp-ը։ Տեղէ մը պէտք է սկսինք, որպէսզի վարժուինք ու պարզ դառնայ։
5- Անուղղակի միջոցներ (խաղեր, մրցումներ, ….) օգտագործենք հայատառ գրելը քաջալերելու։
6- Հայերէն լեզուն ունենայ տարբեր մակարդակներու արտայայտաձեւեր։ Անիկա լոկ ակադեմականներու եւ մտաւորականներու լեզուն պէտք չէ ըլլայ, ինչպէս որ է գրաբառի պարագան այսօր (եկեղեցական լեզու է)։
7- Blog և կայքէջի էջեր ստեղծենք, այժմէական նիւթերու շուրջ, և երիտասարդներու հարցերուն հետ առնչուող (սէր, ընկերային յարաբերութիններ, բարեկամութիւն, հոգեբանական նիւթեր)։
8- Վիտիոներ պատրաստել տարբեր նիւթերու շուրջ, որպէսզի անուղակիօրէն երիտասարդին ականջը վարժուի հարերէն լսելու։
9- Peca Kuca-ի նման ներկայացնելու ձեռնարկներ կազմակերպել։
10- Վարժողական (tutorial) պզտիկ վիտիօներ ստեղծել։
11- Հայերէն խօսիլը թող ըլլայ նաեւ cool, դասականին կողքին։
12- PDF գիրքեր ունենանք։ Հայաստան շատ լաւ աշխատանք կը տանիկոր։ Շատերս լուր չունինք որ կրնանք ընձեռնել։
13- Համազգայինը եւ բոլոր գրադարանները ունենան ֆէյսպուքի էջեր, եւ Goodreads-ի մէջ զետեղեն իրենց գիրքերը։ Անոնք նաեւ բոլոր գիրքերուն մասին տեղեկութիւններ պէտք է աւելցնեն։ Հայկական խումբ կայ Goodreads-ի մէջ։
Շատ համաձայն եմ Րաֆֆի վերը արտայայտած բոլոր կէտերուդ, մէկիկ-մէկիկ: Մենք պէտք է տեսնենք եւ մեր առօրեայով հասկնանք որ հայերէնը միայն թերթի, եկեղեցիի եւ գիրքերու հայրեէնը չէ, այլ ամէնօրեայ շատ ճկուն լեզու է, հաղորդակցական գրեթէ ամէն բանի համար օգտագործելի: Դւ այդ մէկը կատարելով, գործադրելով կ’ըլլայ: Որքան շատ մարդիկ հայերէն օգտագործեն իրենց առօրեայէին մէջ (սկսեալ թերթ կարդալէն, մինչեւ ե-նամակ եւ whatsapp), այնքան ինքնաբերաբար բնական եւ բնազդի կը դառնայ ու կը զարգանայ առօրեայ գործածութիւնը հայերէնին: Եւ այս մէկը, ինչպէս ըսուեր է հարցազրոյցին մէջ, դպրոցական աշակերտի կրթութեամբ պէտք է սկսիլ:
Ճիշդ հիմա կը դիտէի InnovateArmenia ձեռնարկը University of South California-ի մէջ, ուր Զանգի (Zangi) application-էն ներկայացուցիչ մը կը խօսէր Զանգիին մասին. խօսած ատեն ամէն ճիգ կ’ընէր նոյնիսկ արհեստագիտական նոր բառերը հայրերէն ըսել, ափսոսալով որ հայերէն նոր բառեր չենք ստեղծեր քայլ պահելու համար նոր արհեստագիտութեան եւ հաղորդակցական համակարգերու հետ: Կը կարծեմ որ նոր բառերու ստեղծումն ալ կարեւոր աշխատանք է:
Օրագիր խումբը ո՞վ փակեց: Երբ բարձաձայն այս մասին կը խօսուի, կ՛ըսուի, այդ ժամանակ կրնանք ըսել, որ մեզ փրկութիւն կայ, իսկ քանի դեռ մենք կը լռենք, ուրեմն կը նպաստենք նաեւ մեր անկմանը: Երիտասարդներու ձայնը լռեցնելը թուրքի ջրաղացին ջուր լեցնել է:
@Նազօ, ես ալ հետեւեցայ Youtube-ի միջոցաւ, InnovateArmenia ձեռնարկը, եւ նոյնպէս նկատեցի Զանգի app-ին մասին ներկայացնող անձին ճիգը որ հայերէն բառեր եւ եզրեր օգտագոծրէ։ Ըսեմ որ ջանքեր կան (Ֆրանսայի մէջ անհատական աշխատանք եւ Հայաստան Microsoft-ը), թէքնիք բառեր հնարելու կամ առաջարկելու համար։ Համակարգ մը պէտք է որ բոլոր այս աշխատանքները ի մի բերեն եւ ծանօթացնեն։
@Չլռող մարդ, Օրագիրի խումբը իրաւասութիւնը ունի թէ փակելու կամ բաց պահելու որոշում առնել։ Բայց հոս տեղին է ըսել որ շատեր արձանագրուեցան խումբին մէջ եւ Արեւմտահայերէն գրելու կողքին, հայկական նիւթերով նաեւ սկսան զբաղիլ, Հայաստանի անձուդարձով հետաքրքրուիլ, բոլոր ասոնք անուղղակի միջոցներով։ Այս է եւ հոս է որ Օրագիրիը կրցաւ յաջողիլ։
Իսկ անոր «գոցուելու» պատճառները սերտելը, քննելը ու դասեր քաղելը կարեւոր են յաջորդ «Օրագիր»ներ ստեղծողներուն համար։
Վերի յիշած կետերուս վրայ աւելցնեմ՝
14- Wikipedia-ի մէջ Արեւմտահայերէն յօդուածներ գրելու աշխատանք կը կատարուիկոր, Հայաստան բնակող տիկինի մը կողմէ։ Շատ գովելի նախաձեռնութիւն մը։
15- Պոլիսի մէջ շատ հետաքրքրական կայքէջ մը ստեղծուած է փոքրիկներու համար, Արեւմտահայերէն լեզուով եւ արդի միջոցներ օգտագործելով։